Հայաստան

Մարզական լրագրողներու ֆետերասիոնը որոշեց “Մրցաշրջան – 2017”ի լաւագոյն տասնեակը

02 de enero de 2018

Deportistas-2017Հար­ցա­խոյ­զին մաս­նակ­ցած են 21 մար­զա­կան լրագ­րող­ներ: Ա­նոնք ­Հա­յաս­տա­նի թիւ մէկ մար­զիկ ճանչ­ցած են աշ­խար­հի ա­ռաջ­նու­թեան ոս­կի դափ­նե­կիր եւ Եւ­րո­պա­յի պրոն­զէ շքան­շա­նա­կիր՝ յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմ­բիշ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեա­նին:
Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք 10 լա­ւա­գոյն­նե­րու ա­նո­ւա­նա­ցան­կը.

1.- Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան – յու­նահ­ռո­մէա­կան ըմբ­շա­մարտ։
2.- ­Մաք­սիմ ­Մա­նու­կեան – յու­նահ­ռո­մէա­կան ըմբ­շա­մարտ, աշ­խար­հի ա­խո­յեան։
3.- ­Լե­ւոն Ա­րո­նեան – ճատ­րակ, աշ­խար­հի գա­ւա­թա­կիր, ո­րուն շնոր­հիւ ան դար­ձած է աշ­խար­հի ա­խո­յեա­նի կոչ­ման յա­ւակ­նորդ: Եւ­րո­պա­յի խում­բի ա­ռաջ­նու­թեան ա­ռա­ջին խա­ղա­տախ­տա­կի վրայ ար­ժա­նա­ցած է ոս­կի շքան­շա­նի։
4.- ­Սի­մոն ­Մար­տի­րո­սեան – ծան­րա­մարտ, Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան, աշ­խար­հի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­խո­յեան, Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­խո­յեան, հա­մաշ­խար­հա­յին ու­սա­նո­ղա­կան խա­ղե­րու ա­խո­յեան։
5.- ­Յով­հան­նէս ­Բաչ­կով – բռնցքա­մարտ, Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան, աշ­խար­հի պրոն­զէ շքան­շա­նա­կիր։
6.- ­Գոռ ­Մի­նա­սեան – ծան­րա­մարտ, հա­մաշ­խար­հա­յին ու­սա­նո­ղա­կան խա­ղե­րու ա­խո­յեան, Եւ­րո­պա­յի ար­ծա­թէ շքան­շա­նա­կիր, Եւ­րո­պա­յի մին­չեւ 23 տա­րե­կան­նե­րու ա­խո­յեան։
7.- ­Տիգ­րան ­Կի­րա­կո­սեան – սամ­պօ, աշ­խար­հի եւ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան։
8.- ­Սեր­կէյ ­Մի­քա­յէ­լեան – դա­հու­կա­յին մար­զա­ձեւ, հա­մաշ­խար­հա­յին ու­սա­նո­ղա­կան խա­ղե­րու պրոն­զէ շքան­շա­նա­կիր եւ նո­ւա­ճած է 2018թ. ձմեռ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցե­լու ու­ղե­գիր: Հ.Հ. դա­հու­կա­յին մար­զա­ձե­ւի պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին — եւ ա­ռայժմ միակ — մեծ նո­ւա­ճումն է մի­ջազ­գա­յին պաշ­տօ­նա­կան մրցում­նե­րուն։
9.- Ար­թուր ­Թով­մա­սեան – մարմ­նա­մար­զու­թիւն, օ­ղակ­նե­րու վրայ դար­ձած է հա­մաշ­խար­հա­յին ու­սա­նո­ղա­կան խա­ղե­րու ա­խո­յեան եւ աշ­խար­հի բա­ժա­կի խա­ղար­կու­թեան փու­լե­րէն մէ­կու յաղ­թող։
10.- Անդ­րա­նիկ ­Կա­րա­պե­տեան- ծան­րա­մարտ, հա­մաշ­խար­հա­յին ու­սա­նո­ղա­կան խա­ղե­րու փոխ-ա­խո­յեան, Եւ­րո­պա­յի մին­չեւ 23 տա­րե­կան­նե­րու ա­խո­յեան։

Հար­ցա­թեր­թիկ­նե­րուն մէջ նշո­ւած են նաեւ հե­ծա­նա­ւորդ Էդ­գար Ս­տե­փա­նեա­նի, սամ­բիստ Գ­րի­գոր Մ­խի­թա­րեա­նի, ա­զատ ո­ճի ըմ­բիշ ­Վո­լո­դեա Ֆ­րան­գու­լեա­նի եւ հրաձ­գու­հի ­Լի­լիթ Մկրտ­չեա­նի ա­նուն­նե­րը: