Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան

«Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ կը յայտարարենք անարդարութեան դէմ»

20 de abril de 2018

aghvan_vardanianՄենք այ­սօր պա­տե­րազ­մի նոր փուլ կը յայ­տա­րա­րենք ա­նար­դա­րու­թեան դէմ: Այս մա­սին, ըստ «­Նիուզ»ի, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յա­տուկ նիս­տին իր ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին նշեց Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան:

Ըստ ա­նոր՝ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն կա­տա­րո­ւե­լի­քի հիմ­քը ե­րեք փաս­տա­թուղ­թեր են. նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, այս գու­մար­ման խորհր­դա­րա­նի ա­ռա­ջին նիս­տին ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի ե­լոյ­թը եւ Հ.Հ.Կ.ի ու Հ.Յ.Դ.ի եր­կու հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րը՝ հա­մա­տեղ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ստանձ­նե­լու մա­սին: «Ոչ իմ ձե­ւա­կեր­պու­մով, նոր սահ­մա­նադ­րու­թեամբ, պի­տի ըլ­լայ միաս­նա­կան գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն՝ վար­չա­պե­տի գլխա­ւո­րու­թեամբ: ­

Նա­խա­գա­հը նոր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով պի­տի ըլ­լայ ա­նա­չառ ի­րա­ւա­րար, խստօ­րէն պի­տի նո­ւա­զի անձ­նա­ւո­րու­մը, պի­տի չըլ­լայ իշ­խա­նու­թեան գեր­կեդ­րո­նա­ցում գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան ղե­կա­վա­րի ձեռ­քին, իսկ կա­ռա­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին դի­մաց պի­տի նպաս­տէ հա­մա­տեղ կա­ռա­վար­ման, պի­տի բարձ­րա­նայ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի վե­րահս­կո­ղա­կան դե­րը, երկ­րին մէջ աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի ձե­ւա­ւո­րո­ւի իշ­խա­նու­թիւն-ընդ­դի­մու­թիւն երկ­բե­ւեռ դա­սա­կան հա­մա­կարգ, եր­կի­րը պի­տի կա­րե­նայ ա­ւե­լի ճկուն ըլ­լալ ար­տա­քին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն»,- ը­սաւ ­Վար­դա­նեան:

Ան ընդգ­ծեց, որ այ­սօր պայ­քա­րի եր­կու թշնա­մի ու­նինք՝ ներ­քին եւ ար­տա­քին.- «Ար­տա­քին թշնա­մին լաւ կը ճանչ­նանք, գի­տենք ա­նոր դէմ պայ­քա­րե­լու ձե­ւե­րը, բայց ոչ պա­կաս կա­րե­ւոր է ներ­քին թշնա­մին: Ա­նոնց­մէ ա­մե­նավ­տան­գա­ւո­րը ա­նար­դա­րու­թիւնն է: Ա­նի­կա չա­րիք է, հի­ւան­դու­թիւն, որ կը վե­րաց­նէ պե­տու­թեան հան­դէպ սէ­րը, կը տկա­րաց­նէ եր­կի­րը: ­Մենք այ­սօր պա­տե­րազ­մի նոր փուլ կը յայ­տա­րա­րենք ա­նար­դա­րու­թեան դէմ: ­Պե­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ար­մա­տա­ւո­րել կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ զե­րօ ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան մշա­կոյ­թը: Ազ­նո­ւու­թիւն ա­ռա­ւել մտա­րո­ւես­տու­թիւն նո­ւազ կա­շա­ռա­կե­րու­թիւն: Ա­սի­կա ցան­կա­լի յա­ջո­ղու­թեան բա­նա­ձեւն է: Էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ե­կա­մուտ­նե­րու ար­դա­րա­ցի բաշ­խու­մը»,- ը­սաւ Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը: