Միջազգային երաշխաւորութեամբ գործարկել Ստեփանակերտի Օդակայանը

21 de noviembre de 2014
Ազդակի Ակնարկ

9_Stepanakert_AirportՀայկական ուղղաթիռի խոցումը ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ զինադադարի հերթական խախտումներու ծիրէն դուրս կու գայ. ոչ անպայման այն իմաստով, որ ասիկա արձակազէններու գործողութիւններէն կամ անդադրում կրակահերթերէն տարբեր է: Այլ` յատուկ քաղաքական նպատակ հետապնդող քայլ է, առնուած Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ:

Դէպքի հանգամանքները պարզելը անշուշտ օգտակար է: Նկատելը, որ զինուած ուղղաթիռ չէր, որ ազրպէյճանական սահմանը չէր հատած, որ Ազրպէյճան այդ բոլորին հակառակը փաստելու համար պետական բարձրագոյն մակարդակով կազմակերպեց տեսանիւթային ապատեղեկատուութիւն հետզհետէ աւելի պարզ եւ համոզիչ կը դառնայ բոլորին համար:

Խնդիրը այն է, որ առաջին անգամը չէ, որ ուսումնավարժական թռիչքներ կը կատարեն հայկական ուղղաթիռները օդային նոյն տարածքներու սահմաններուն մէջ: Թէ Պաքուն ի՞նչ կը նպատակադրէ այս հարուածով, որոշ չափով պարզ կը դառնայ, եթէ կարդանք ազրպէյճանական աղբիւրներուն հրապարակած հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

«Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 12 նոյեմբերին հայկական ուղղաթիռի կործանման կապակցութեամբ յայտարարութիւն մը տարածած է, որուն մէջ ոչ թռիչքային գօտի է յայտարարել «բռնագրաւուած տարածքներու օդային տարածութիւնը եւ ըստ սահմանուած կարգի այդ մասին տեղեակ պահած է Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամները»:

Ուրեմն հարուածել հայկական ուղղաթիռը` պատրուակելով, որ զինուած է անիկա եւ թէ հատած է ազրպէյճանական սահման կամ «բռնագրաւեալ տարածք», յայտարարելու համար ոչ թռիչքային գօտի:

Պաքուն անհանգիստ է Արցախի օդային տարածքի գործարկման հաւանականութեան բարձրացման դիմաց: Խնդիրը կը վերաբերի ոչ միայն հայկական ուղղաթիռներուն, այլ նաեւ քաղաքացիական ճամբորդատար թռիչքներու իրականացման. պարզ խօսքով` Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման:

Հիմա այն պահն է, որ հայկական կողմը առաւելագոյն քաղաքական աշխատանքներ ծաւալէ պահանջելու միջազգային երաշխիք Արցախի օդային տարածքի անվտանգութեան համար: Հիմա պահն է, որ պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման խաղը կանգ առնէ եւ իրերը կոչուին իրենց անուններով: Պատասխանատուութեան մատնանշումին բնականաբար կը յաջորդէ դատապարտում: Ուսումնավարժողական նպատակով թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի խոցումներ կանխարգիլելու համար միջազգային հանրութիւնը պէտք է երաշխաւորէ օդային անվտանգ տարածք Արցախին:

Ուրեմն, եթէ հայկական ուղղաթիռի խոցումով Պաքուն կը հետապնդէր Արցախը ոչ թռիչքային գօտի յայտարարել, հայկական կողմը, պետական, հասարակական եւ սփիւռքեան լոպիինկի ուժերու լարումով այս պահը լիարժէք պէտք է օգտագործէ ապահովելու համար Արցախի թռիչքային անվտանգ գօտի յայտարարութիւնը:

Միանշանակ համոզիչ է ու արդարացուած, որ պատասխանը ցաւոտ պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի համար, որուն զինուորաքաղաքական իշխանութիւնները կը կրեն ամբողջ պատասխանատուութիւնը պատահարին եւ անկէ բխելիք բոլոր հետեւանքներուն: Արդար են նաեւ իւրաքանչիւր հայ զոհի փոխարէն յաւելեալ դիրքեր նուաճելու նախապէս յայտարարուած եւ այժմ պահանջի վերածուած տրամադրութիւնները:

Հայկական ուղղաթիռի պատահարը սահմանային հերթական դէպք չէ: Քաղաքական նպատակաուղղուածութեամբ իրականացած գործողութիւն է: Հայկական համարժէք պատասխաններուն առընթեր քաղաքական առաւել ապահովելու հրամայականը ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Այդ առաւելը Արցախի թռիչքային գօտիի ապահովումն է: Միջազգային երաշխաւորութիւններով Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկումը:

«Ա