Վենետիկ

Մխիթարեան Միաբանութեան 300ամեակը

15 de septiembre de 2017

MekhitaristasՎե­նե­տի­կի ­Սուրբ ­Ղա­զար կղզիին մէջ նշո­ւած է հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի հա­մաշ­խար­հա­յին կեդ­րո­նի վե­րա­ծո­ւած Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան ­Վե­նե­տիկ հաս­տատ­ման 300ա­մեա­կը. ­Սուրբ ­Ղա­զար ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցո­ւած է, որ ու­ղեկ­ցո­ւած է տու­տու­կի հնչիւն­նե­րով` Ա­րամ Ի­փեք­ճեա­նի կա­տար­մամբ:

Պա­տա­րա­գին ներ­կայ ե­ղած են Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան, ­Սուրբ Ա­թո­ռին մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Մի­քա­յէլ ­Մի­նա­սեան, Ի­տա­լիոյ մօտ Հ.Հ. դես­պան Վիք­թո­րիա ­Պաղ­տա­սա­րեան, բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րեր՝ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ:

Վե­նե­տի­կի ­Սուրբ ­Մար­կո­սի տա­ճա­րին մէջ եւս ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեամբ նշա­նա­ւո­րուած է մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի ե­րեք­դա­րեայ ներ­կա­յու­թիւ­նը: ­Պա­տա­րա­գէն ա­ռաջ, ­Վե­նե­տի­կի պատ­րիարք Ֆ­րան­չես­քօ ­Մո­րա­լիա վեր­յի­շած է Մ­խի­թա­րեան Միա­բա­նու­թեան ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը:

«Շ­նոր­հա­կալ եմ Աս­տու­ծոյ, որ այս­պի­սի պա­հեր պար­գե­ւեց ին­ծի, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նիմ վա­յե­լե­լու այս սուրբ րո­պէ­նե­րը: Մ­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան պի­տի ե­րախ­տա­պարտ ըլ­լանք, որ ոչ միայն պահ­պա­նե­ցին հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը, այ­լեւ օգ­նե­ցին մեր մշա­կոյթն ալ պահ­պա­նե­լու: Ու հի­մա մենք հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նինք նո­րէն բա­ցա­յայ­տե­լու մար­դու էու­թիւ­նը»,- ը­սած է ան:

Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան` ­Վե­նե­տի­կի ­Սուրբ ­Ղա­զար կղզիին մէջ հաս­տա­տո­ւե­լու 300ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս նաեւ յա­տուկ ցու­ցադ­րու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցած է, ուր ներ­կա­յա­ցո­ւած է մայ­րա­վան­քի ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը:

Միա­բա­նու­թեան ­Վե­նե­տիկ հաս­տատ­ման 300ա­մեա­կին ա­ռի­թով շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ յղած է ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան` նշե­լով.- «1701 թո­ւա­կա­նին, հիմ­նո­ւե­լէն ի վեր, (1717ին Կ­ղե­մես XI ­Պա­պը կը հաս­տա­տէ միա­բա­նու­թեան կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը,- « ԵՌԱԳՈՅՆ») Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թիւ­նը անգ­նա­հա­տե­լի դեր ու­նե­ցած է հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ, դար­ձած է աշ­խար­հի մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­ղի­նա­կա­ւոր ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն` իր մշա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեամբ եւ հո­գե­ւոր մթնո­լոր­տով հրա­պու­րե­լով հայ եւ օ­տար աշ­խար­հահռչակ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը: Գտնո­ւե­լով Եւ­րո­պա­յի սրտին մէջ` Մ­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թիւ­նը հայ մշա­կոյ­թը հա­ղոր­դա­կից դար­ձու­ցած է Ա­րեւ­մուտ­քին եւ փո­խա­դար­ձա­բար ա­րեւմ­տեան մշա­կոյ­թը` հա­յոց աշ­խար­հին»։ Ն­շենք, որ 1717ին ­Սուրբ ­Ղա­զար կղզիին մէջ Մ­խի­թար ­Սե­բաս­տա­ցին միա­բա­նու­թիւն հիմ­նած է, որ յե­տոյ ա­նոր ա­նու­նով կո­չո­ւած է Մ­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թիւն։

Միա­բա­նու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կած է բազ­մա­թիւ հա­յա­գի­տա­կան-բա­նա­սի­րա­կան, կրօ­նա­կան եւ գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­ներ, մե­ծար­ժէք հա­տոր­ներ: Սբ. ­Ղա­զա­րի մէջ միա­բան­նե­րը հիմ­նած են վար­ժա­րան, գրա­դա­րա­նի հիմ­քի վրայ ստեղ­ծած մա­տե­նա­դա­րան, ո­րուն ձե­ռա­գիր պա­հես­տը 5000 միա­ւոր է, տպա­գիր պա­հեստ` 100 հա­զար:

Ար­տա­սահ­մա­նեան մա­մու­լը, երբ Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան մա­սին կ­՛անդ­րա­դառ­նայ` որ­պէս կա­նոն ա­նոր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը կ­՛ընդգ­ծէ: Այն աս­տի­ճան մեծ էր ա­նոր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, որ ­Նա­փո­լէոն ­Պո­նա­փարթ վա­նա­կան հա­մա­լի­րին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու յա­տուկ թոյլ­տո­ւու­թիւն տրա­մադ­րած է: