Ազդակի խմբագրական

Մոնթեվիտէօ-Ստեփանակերտ եւ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը

14 de enero de 2015

Artsaj_UruguayՏարեսկիզբը հայութեան համար կը յատկանշուի քաղաքական բաւական ուշագրաւ եւ կարեւոր իրադարձութեամբ մը: Ձայնը կը հնչէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութենէն: Պաշտօնական Մոնթեվիտէոն նման յայտարարութեամբ մը հանդէս կու գայ` հայութեան ամէնէն հրատապ խնդիրին շուրջ շատ կարեւոր նախանշում կատարելով:

4 յունուար 2015 ստորագրութիւնը կրող Մոնթեվիտէոյի յայտարարութիւնը բառացիօրէն կ՛ըսէ. «Արտաքին գործոց նախարարը այսօր հանդիպում մը ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի միջազգային եւ ուրուկուէյեան ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հարաւային Կովկասը յուզող հարցեր, եւ արտաքին գործոց նախարարը բուռն կերպով դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները, որ հետզհետէ կը շարունակուին: Նոյնպէս, նկատի ունենալով Մինսքի խմբակին տարած աշխատանքը, որուն եզրափակման պիտի սպասէ Ուրուկուայը ճանաչման առնչութեամբ իր որոշումը որդեգրելու համար, շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցին խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան սկզբունքը` մայիս 1918-էն դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն (նախքան խորհրդայնացումը):

2011-էն ի վեր Արցախի ճանաչումի միտող ուրուկուէյեան յայտարարութիւնները, Ստեփանակերտ-Մոնթեվիտէօ փոխադարձ այցելութիւնները, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը Ուրուկուէյ եւ այս բոլորին զուգահեռ ճանաչում  նախապատրաստող պաշտօնական յայտարարութիւններու հետեւողական վարքագիծին մէջ կարելի է տեսնել 4 յունուարի յայտարարութիւնը:

Նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակներու վրայ արձանագրուող ճանաչումի արշաւին զուգահեռ այսուհանդերձ իրաւական առումով առանձնացուող քայլ մըն է այս մէկը` տուեալ պետութեան պաշտօնական խօսափողին կողմէ ամրագրուած: Այս ամփոփ յայտարարութեան մէջ կ՛արձանագրուին.

Ա.- Մոնթեվիտէոն խստօրէն կը դատապարտէ Պաքուի ռազմատենչ վարքագիծը, զինադադարը խախտելու դէպքերը: Այս մէկը պատասխանատուութիւններու հաւասարեցման այլեւս անհեթեթ դարձած մօտեցումը շրջող կարեւոր նշում է:

Բ.– Ուրուկուայը կը յարգէ միջազգային պայմանաւորուածութիւնը` բանակցային գործընթացը շարունակելու եւ ատոր մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին միջնորդական առաքելութիւնը ընդունելու եւ հետեւաբար նախքան որեւէ որոշում կայացնելը, սպասելու միջնորդներու կատարելիք եզրակացութեան:

Յայտարարութեան այս բաժինը ակնկալելի է միջազգային ընտանիքին մաս կազմող որեւէ պետութենէն, որ ուղղակի կամ անուղղակի իր համաձայնութիւնը տուած է հակամարտութեան լուծման համար միջնորդական առաքելութեան այս ձեւաչափին: Ասիկա յիշեցում է նաեւ ԵԱՀԿ-ի հարթութենէն այլ հարթութիւն  տեղափոխելու ազրպէյճանական նկրտումները մերժելու:

Սպասել եզրակացութեան, ապա յայտարարել պաշտօնական կեցուածք: Իսկ պաշտօնական կեցուածքի նախաբանը կատարուած է արդէն: Յարգել հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Գ.- Հարցը սակայն միայն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին չի վերաբերիր: Յայտարարութիւնը, երբ կը խօսի ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին մասին, նկատի կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, որուն հիմքերն են, ըստ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան, մայիս 1918-էն դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները:

Ասիկա արդէն հայ-թուրք  եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու փոխկապակցուածութեան ճիշդ տարբերակն է: Բայց ասիկա դեռ միակը չէ:

Տարեվերջին որդեգրուած Պոլիվիոյ Ազգային ժողովի Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող որոշումը ուշագրաւ էր հայրենազրկումի (Արեւմտահայաստանի նշումով ընդգծուած) գաղափարին ներառումով: Հիմա, Հարաւային Ամերիկայի ուրիշ մայրաքաղաք մը, միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու հայ ժողովուրդի ինքնորոշուելու իրաւունքը:

Դիպաշարերը ունին հետեւողական տրամաբանութիւն այստեղ եւս: Հարաւային Ամերիկան նպաստաւոր ենթահող է քաղաքական աշխատանքներ կեդրոնացնելու թէ՛ ցեղասպանութեան եւ թէ՛ ինքնորոշուելու իրաւունքի պետական ճանաչումներ ապահովելու: Յայտնապէս 100-ամեակին իբրեւ թիրախ ընտրուած են այն երկիրները, որոնք մեծ շահերով կապուած չեն Անգարային եւ Պաքուին հետ, եւ որոնք կրնան աւելցնել հայութեան պատմական թէ ինքնորոշման իրաւունքները ճանչցող պետութիւններու շարքը միջազգային ընտանիքին մէջ:

Անգարայի եւ Պաքուի հարցերը փոխկապակցելու խաղի կանոնները շրջուած են այսպիսով: Մոնթեվիտէոն այսպիսով կ՛ազդարարէ, թէ ինք կրնայ դառնալ առաջին պետութիւնը, որ միաժամանակ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախախորհրդային սահմանները: