Յարգանքի տուրք` Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին

19 de febrero de 2019

mkrtichian_60-ameag16 փետրուարին լրացած էր Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան 60-ամեակը: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահի 60-ամեակին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ կայացան 18 փետրուարին:

Առաւօտեան Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին ծաղիկներ խոնարհեցուցած եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարը, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը, նախարարներ, պատգամաւորներ, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամներ, Արթուր Մկրտչեանի գաղափարական ընկերները եւ ընտանիքի անդամները:

Բակօ Սահակեանը օրինակելի նկատած է Արթուր Մկրտչեանի հայրենասիրութիւնը, նուիրուածութիւնը եւ պարկեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անոր պայծառ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ արցախցիներու սրտերուն մէջ:

Սաղաթէլեան. «Արթուր Մկրտչեանը Պէտք Է Համալրէ Արցախի Հերոսներուն Շարքը»

Արթուր Մկրտչեանի 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու համար Արցախ եկած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Արթուր Մկրտչեանի դերակատարութիւնը Արցախի նորանկախ պետականութեան մէջ այն ժամանակուան քաղաքական իրավիճակին մէջ բացառիկ եղած է:

«Զայն գնահատելու, ուսումնասիրելու գործին մէջ տակաւին ընելիքներ կան: Արթուր Մկրտչեան պէտք է համալրէ Արցախի հերոսներու շարքը», նշած է Իշխան Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ ատիկա պէտք է կատարուի պետական մակարդակով: