Յարութ Շիրինեան. “Չենք կրնար խաղաղութիւն ստանալ` հողերու վերադարձին մասին խօսելով”

18 de octubre de 2018

harout-shirinianՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ հանրութեան հետ կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի` «գրաւեալ տարածքները» վերադարձնելու վերաբերեալ քանի մը օր առաջ կատարած  յայտարարութեան, ըսած է. «Միլզի յայտարարութիւնը խիստ դատապարտելի է, աւելին` քաղաքական կոպիտ սխալ է»:

Ըստ Շիրինեանին, դեսպանին յայտարարութեան մէջ կան անընդունելի եւ զարմանալի երեւոյթներ. «առաջինը անոր օգտագործած եզրաբանութիւնն է: Ան կը խօսի «գրաւեալ տարածքներու» մասին, մինչդեռ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ, համախոհութեամբ, որեւէ ժամանակ չէ օգտագործուած այդ եզրը. «գրաւեալ տարածքներ» արտայայտութիւն չկայ, ինչպէս նաեւ չկայ որեւէ խօսք զանոնք վերադարձնելու մասին: Աւելի՛ն, նոյնիսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին առաջարկած Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ որեւէ ժամանակ չէ գրուած, այսպէս կոչուած, «գրաւեալ տարածքներու» մասին», յայտնած է Շիրինեան` աւելցնելով, որ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ քննադատուած այդ փաստաթուղթին մէջ կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող տարածքներու մասին: «Եզրաբանութեան յստակ խնդիր կայ», պարզաբանած է Շիրինեան:

Անդրադառնալով Միլզի` «ես զարմացած էի, երբ առաջին անգամ հոս եկայ եւ պարզեցի, թէ իմ հանդիպած հայերուս մեծամասնութիւնը կտրականապէս դէմ եղած է բռնագրաւուած տարածքներու վերադարձին» յայտարարութեան, Շիրինեան նշած է, որ իրականութեան մէջ ինք զարմացած է դեսպանին զարմանքէն: «Դեսպանը, գտնուելով Հայաստանի մէջ, դեռ կը զարմանայ անկէ, որ հայ ժողովուրդը համախմբուած է այն միտքին շուրջ, որ մենք Ազրպէյճանին վերադարձնելիք տարածք չունինք: Ընդհակառակն` մենք դեռ տարածքներ ունինք ետ բերելու: Ես ամէնէն աւելի զարմացած եմ անկէ, որ դեսպանը իր զարմանքը կը յայտնէ պաշտօնէն հեռանալէ անմիջապէս առաջ, ինչ որ, իմ կարծիքովս, աւելի դիւրին է», նշած է Շիրինեան:

Ան չէ բացառած նաեւ այն հանգամանքը, որ Միլզի յայտարարութիւնը կրնայ հետագային խնդրայարոյց ըլլալ: «Կրնայ հարց ծագիլ, որ ինք կը կարծէ, թէ հայերը, մանաւանդ` Արցախի ժողովուրդը պիտի ընդունին «հող` խաղաղութեան դիմաց» կարգավիճակը: Մենք որեւէ ժամանակ հող յանձնելու հարց չենք դրած, մենք միշտ ընդունած ենք խաղաղութիւնը եւ պիտի ընդունինք խաղաղութիւնը, սակայն այդ խաղաղութիւնը մենք չենք կրնար ստանալ` հողերու վերադարձի մասին խօսելով: Ասիկա ինքնին խաղաղութեան միտքին դէմ է, եւ այսօր բանակցութեան սեղանին վրայ նման նիւթ դնելը կրնայ վտանգել խաղաղութիւնը», նշած է Շիրինեան:

Յարութ Շիրինեան դեսպանին յայտարարութիւնը խիստ դատապարտելի եւ քաղաքական կոպիտ սխալ նկատած է` ո՛չ միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հանդէպ, ո՛չ միայն Արցախի ժողովուրդին ձեռք բերած յաղթանակին կամ անոր ազատ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին հանդէպ, այլեւ կոպիտ սխալ նոյնիսկ սեփական կառավարութեան հանդէպ: «Ինչ ալ ըլլայ անոր անձնական կարծիքը, խօսելու ատեն ան կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կեցուածքը, որովհետեւ այդ երկրին դեսպանն է Հայաստանի մէջ: Իր այս յայտարարութեամբ ան կը խախտէ այն համախոհութիւնը, որ այսօր կայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի երեք համանախագահ երկիրներուն մէջ», նշած է Շիրինեան:

Ան շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս գան, որ դեսպան Միլզի յայտարարութիւնը անոր անձնական կարծիքն է, ոչ թէ պաշտօնական Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը այս նիւթին շուրջ:

Ըստ անոր, այսօր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ բոլոր երկիրները կը ջանան հարցին խաղաղ հանգուցալուծում տալ Հելսինքեան փաստաթուղթէն բխած երեք կէտերու հիմամբ: Շիրինեան վերահաստատած է, որ այսօր հայկական կողմը բանակցելու բան չունի հող կամ տարածք զիջելու մասին: «Մեր առաջնահերթութիւնը յստակ է` ինչպէ՞ս ներգրաւել Արցախի ժողովուրդը, Արցախի պետութիւնը, Արցախի իշխանութիւնները բանակցութիւններուն մէջ: Ի վերջոյ, այդ տարածքին մէջ ապրող ժողովուրդն է, որ պիտի որոշէ իր ապագան, եւ անոր ձայնն ու կարծիքները պէտք է լսելի ու հասանելի ըլլան», եզրափակած է Շիրինեան: