Սերժ Սարգսեան

Նախագահը կոչ ուղղած է աւելցնելու ջանքերը տնտեսութեան վրայ արտաքին բացասական ազդեցութիւնը մեղմացնելու համար

10 de diciembre de 2014

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կառավարութեան եւ կեդրոնական դրամատան երէկ կոչ ուղղած է աւելցնելու ջանքերը տնտեսութեան վրայ արտաքին բացասական ազդեցութիւնը մեղմացնելու, իսկ ճշգրտումները սահուն իրականացնելու համար:

Նշելով, որ ՀայաստանSerge discursoի առեւտրական մեծ  գործընկեր Ռուսիոյ մէջ տնտեսական իրավիճակը վատթարացած է, տոլարի նկատմամբ տարուան  սկիզբէն ռուբլին արժեզրկուած է աւելի քան 40 առ հարիւրով, իսկ Եւրոպական Միութեան մէջ  նախորդ երկու տարիներուն արձանագրուած  անկումէն ետք «այս տարի էական վերականգնում չ՛ակնկալուիր», նախագահ Սարգսեան յայտարարած է, որ Հայաստան չի կրնար շարժիլ հոսանքին հակառակ:

«Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ, իր արձագանգը պիտի գտնէ նաեւ մեր երկրին մէջ եւ մեր տնտեսական ցուցանիշներուն մէջ: Այսուհանդերձ Հայաստանի կառավարութիւնն ու կեդրոնական դրամատունը  պէտք է աւելցնեն ջանքերը` արտաքին աշխարհէն թափանցող բացասական ազդեցութիւնները մեր տնտեսութեան վրայ մեղմացնելու եւ անհրաժեշտ ճշգրտումները սահուն իրականացնելու համար», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Նախորդ երկու շաբաթներուն դրամի կտրուկ արժեզրկումը աննախընթաց էր վերջին տարիներուն համար եւ ցնցում յառաջացուց շուկային մէջ: Ամերիկեան մէկ տոլարը 410 դրամէն հասաւ 465 դրամի, իսկ դրամատուները սահմանափակումներով օտար դրամանիշներ կը  վաճառեն  քաղաքացիներուն:

Նախորդ օրերուն կեդրոնական դրամատունը  քանի մը անգամ յայտարարեց, որ պատրաստակամ է եւ ունի բաւարար պահուստներ` իրավիճակը կայունացնելու համար:

Սակայն հինգշաբթի կառավարութեան նիստին  կեդրոնական դրամատան նախագահի տեղակալ Ներսէս Երիցեան յայտարարած է. «Դուրսի ցնցումով պայմանաւորոած  ճշգրտումները, բնականաբար, իրենց տեղը պիտի գտնեն»: