Արցախի Հանրապետութիւն

Նախագահ Սահակեանի շնորհաւորական ուղերձը պետական անկախութեան մասին հանրաքուէին եւ սահմանադրութեան օրուան առիթով

11 de diciembre de 2018

Bako-Sahakyan-Նախագահ Բակօ Սահակեան, Դեկտեմբեր 10-ին, շնորհաւորական ուղերձ յղած է ԼՂՀ պետական անկախութեան մասին հանրաքուէին եւ Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

«Սիրելի՛ արցախցիներ, Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ ԼՂՀ պետական անկախութեան մասին հանրաքուէին եւ Սահմանադրութեան օրուան առիթով:

Դեկտեմբեր 10-ը մեր ժողովուրդի տարեգրութեան մէջ մտաւ իբրեւ ճակատագրական որոշումներ ընդունելու օր, որոնք նախանշեցին մեր պետութեան կայացման ու զարգացման յետագայ ուղին: Այդ պատմական որոշումները ընդունուեցան համաժողովրդական հանրաքուէներու միջոցով՝ միջազգային չափանիշներուն ու սկզբունքներուն, օրէնքի տառին ու ոգիին խիստ համապատասխան, ընդունուեցան միակամ ու միասնական:

Արցախցին կատարեց վճռորոշ ընտրութիւն՝ յօգուտ իր հողին վրայ անկախ ու ինքնիշխան պետութիւն կառուցելուն, իր ճակատագիրը ինքնուրոյն տնօրինելուն՝ հաւատարիմ մնալով օրէնքի եւ մարդու իրաւունքներու անվերապահ գերակայութեան, ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն, համամարդկային ու ազգային արժէքներուն:

Անկախութեան այս բոլոր տարիներուն ձեռքբերումները կը վկայեն, որ մենք հաստատակամ ենք ու վճռական՝ պահպանելու ու ամրապնդելու քաջ հայորդիներու արեան գնով ձեռք բերուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը, բազմապատկելու համայն հայութեան ջանքերով կերտուած փառապանծ յաղթանակները, քանզի այդ արժէքները սրբութիւն են ողջ հայ ժողովուրդի համար:

Այդ ուղին անկասելի է ու անշրջելի: Այսուհետեւ եւս պիտի կատարուի ամէն ինչ մեր պետականութեան շարունակական զօրացման, ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման, պաշտպանունակութեան հետեւողական ամրապնդման, տնտեսութեան զարգացման ու բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ:

Թանկագի՛ն հայրենակիցներ,

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորդ՝ պետական այս կարեւորագոյն տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, մեծագոյն յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք»,- ըսուած է նախագահի ուղերձին մէջ: