Նախագահ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

22 de marzo de 2017

serge emiratos

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ  հասած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Ապու Տապիի օդակայանին մէջ հանրապետութեան նախագահին դիմաւորած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխվարչապետ, նախագահական հարցերով նախարար շէյխ Մանսուր պըն Զայետ Ալ Նահիան:

Դիմաւորումի հանդիսաւոր արարողութենէն ետք նախագահ Սարգսեան  հանդիպում ունեցած է նախարար շէյխ Մանսուր պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն  յայտնած է բարեկամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ իր նախորդ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ Հայաստանի ներդրումային կարելիութիւններուն նուիրուած համաժողովի կազմակերպման համար:

Նախագահը յոյս յայտնած է, որ համաժողովին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ շէյխ Մանսուր պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ ձեռք բերուելիք պայմանաւորուածութիւնները իրենց լուրջ ներդրումն ու դերակատարութիւնը կ՛ունենան հայ-էմիրաթեան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վրայ:

Հանրապետութեան նախագահը «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովին վերաբերեալ հանգամանալից զրոյց ունեցած է նաեւ Էմիրութիւններու տնտեսութեան  նախարար Սուլթան Մանսուրիի հետ: