Նախագահ Սարգսեան. “2020-ին մեր յոյսերը պէտք է շարունակեն դառնալ գործնական քայլեր եւ արդիւնքներ”
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Նոր տարուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց համայն հայութեան` շեշտելով, որ փակուող 2019 թուականը ազգային եւ պետական նպատակները նորովի ուրուագծելու տարի էր: “Մենք միասին անցանք մեր պետականութեան ամրապնդման եւս մէկ փուլ”, շեշտեց ան: Ըստ նախագահին, իբրեւ պետութիւն, ժողովուրդ եւ մեծ ընտանիք` մեր առաջնահերթ հարցերը եւ գերակայութիւնները չեն փոխուած: Սակայն 2020-ին մեր յոյսերը պէտք է վերափոխուին եւ շարունակեն դառնալ գործնական քայլեր եւ արդիւնքներ: Այս առիթով ան մաղթեց ողջամտութիւն, կարգապահութիւն, կազմակերպուածութիւն, առողջ դատողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ հանդուրժողականութիւն: “Ամէն Աստծոյ օր մենք կը մտածենք մեր մեծ ու փոքր ընտանիքներուն մասին` մեր տան ու մեր հայրենիքին մասին: Հայրենիքը կը սկսի ընտանիքէն: Իսկ ընտանիքէն կը սկսի մեր միասնական հայրենիքի` Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւնը: Մեր հաւաքական կամքը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ ունի դրսեւորման մէկ ճակատ` Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւն եւ հզօրութիւն: “Հայրենիքը չի կրնար տնտեսապէս հզօր ըլլալ, եթէ այնտեղ գերակայողը օրէնքը չէ: Մենք պէտք է օրէնքի երկիր ըլլանք ո՛չ միայն լաւ օրէնք ընդունելով, այլեւ օրէնքը յարգելով եւ կիրարկելով: Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները պէտք է ընկալուին ոչ թէ իբրեւ սոսկ իրաւաբանական փաստաթուղթ, այլ` իբրեւ մշակոյթ եւ կենսակերպ: Թող 2020 թուականը ըլլայ նոր ձեռքբերումներու եւ յաղթանակներու տարի: Թող խաղաղութիւնը եւ յաջողութիւնը ուղեկցին մեր երկրին, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, մեր ժողովուրդին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, մեր ընտանիքներուն, մեզմէ իւրաքանչիւրին”, եզրափակեց Հայաստանի նախագահը: