Նախիջեւանի սահմանին հայկական կողմը ատրպէյճանական դիրք քանդած է

04 de julio de 2018

Najicheván1 Յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան իր դիմատետրի էջին միջոցով տեղեկացուց.

«Երէկ երեկոյեան եւ այսօր առաւօտեան Ատրպէյճանական Զինուած Ուժերը Նախիջեւանի ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման հեռանկարոխ երկրաչափական աշխատանքներ տանիլ, որուն ի պատասխան, Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերը պատասխան կրակ բացած են եւ հակառակորդին թոյլ չեն տուած իրականացնել իր ծրագիրը: Հայկական կողմին կրակոցէն ամբողջութեամբ քանդուած ու այրած է հակառակորդին դիրքերէն մէկը:

Փոխհրաձգութեան ընթացքին թեթեւակիօրէն վիրաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու պայմանագրային զինուոր, 1974-ի ծնունդ Վահագն Պաղտասարեան», գրած է Արծրուն Յովհաննիսեան: