Չաւուշօղլու խօսած է Հայաստանի հետ սահմանի բացման մասին

03 de diciembre de 2019

Թուրքիոյ արտա­քին գործոց նա­խա­րար Մեւլութ Չաւուշօղլու գրաւոր պա­տասխա­նած է Թուրքիոյ խորհրդա­րա­նի ծրագրաւորման եւ պիւտճէա­կան յանձնա­խումբին մէջ Թուրքիոյ արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րութեան պիւտճէի քննարկումնե­րուն ժա­մա­նակ ընդդի­մա­դիր Ժո­ղո­վուրդնե­րու ժո­ղովրդա­վա­րա­կան կուսակցութե­նէն ե­րեսփո­խան Կա­րօ Փայլա­նի` «Հա­յաստա­նի հանրա­պե­տութեան վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան ը­սած է, որ պատրաստ է ա­ռանց նա­խա­պայմաննե­րու բա­նակցութիւննե­րու, այս նիւթով Հա­յաստա­նին պա­տասխա­նա՞ծ էք» հարցումին: Այս մա­սին կը հա­ղորդէ «Սփութնիք» լրա­տու գործա­կա­լութեան թրքա­կան ծա­ռա­յութիւնը:
Ինչպէս կը սպա­սուէր, Չաւուշօղլու դարձեալ խօ­սած է նա­խա­պայմաննե­րու լե­զուով` նշե­լով, որ «սե­ղա­նէն հե­ռա­ցող կողմը Թուրքիան չէ ե­ղած», այլ Հա­յաստա­նը ե­ղած է Ցիւրի­խեան արձա­նագրութիւննե­րը առկա­խո­ղը, եւ Հա­յաստա­նի հետ Թուրքիոյ յա­րա­բե­րութիւննե­րու կարգաւորման ցանկութիւնը չէ փո­խուած:
Թրքա­կան դիւա­նա­գի­տութեան պե­տը նշած է, որ սահմաննե­րը 1993 թուա­կա­նին փա­կուած են Հա­յաստա­նի «բռնագրաւման քա­ղա­քա­կա­նութեան» պատճա­ռով, իսկ յա­րա­բե­րութիւննե­րու կարգաւորման հա­մար Հա­յաստա­նը պէտք է քայլեր կա­տա­րէ Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րի լուծման հարցին մէջ:
«Երբ Փա­շի­նեան իշխա­նութեան ե­կաւ, 2018 թուա­կա­նի մա­յի­սէն Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րի խա­ղաղ լուծման ուղղութեամբ յուսադրող արտա­յայտութիւններ ունե­ցաւ: Միեւնոյն ժա­մա­նակ, այդ երկրին մէջ կարծր կե­ցուածքի կողմնա­կիցնե­րը եւ սփիւռքը աւե­լի կարծրա­ցուցին ի­րենց խօ­սե­լաո­ճը: Փա­շի­նեան 5 օ­գոստո­սին Խանքենտիի մէջ (թուրքե­րը այսպէս կը կո­չեն Ստե­փա­նա­կերտը) խօսք արտա­սա­նե­լու ընթացքին ը­սաւ` Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղը Հա­յաստան է, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ Հա­յաստան կը հե­ռա­նայ հարցի խա­ղաղ լուծման հո­լո­վոյթէն: Բա­ցի ատկէ, ՄԱԿ-ի 74-րդ Ընդհա­նուր ժո­ղո­վի ընթացքին խօսք արտա­սա­նե­լու ժա­մա­նակ յայտա­րա­րեց, որ Թուրքիան Հա­յաստա­նի հա­մար լրջա­գոյն սպառնա­լիք է», յայտա­րա­րած է Չաւուշօղլու:
Ան նաեւ անդրա­դարձած է Հա­յաստա­նի հետ միա­ցեալ պատմա­կան յանձնա­խումբ ստեղծե­լու` թրքա­կան անհիմն պնդումնե­րուն: