«Պա­քո­ւի լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը «կը հա­շո­ւեն» ­Ռու­սիոյ ա­ռա­ջին դէմ­քե­րու հայ­կա­կան ա­րեան տո­կո­սը»,- կը յայ­տա­րա­րէ Լափ­շին

09 de noviembre de 2017

lapshin7 ա­միս ատր­պէյ­ճա­նա­կան բան­տին մէջ մնա­ցած ռուս պլո­կըր Ա­լեք­սանդր ­Լափ­շին իր LiveJournalի մէջ կը գրէ, թէ ատրպէյ­ճան­ցի­նե­րը, վրդո­վո­ւած ըլ­լա­լով՝ որ ­Ռու­սիա կը պաշտ­պա­նէր ­Լափ­շի­նի ի­րա­ւունք­նե­րը ա­նոր բան­տար­կու­թեան ժա­մա­նակ, ի­րենց ատր­պէյ­ճա­նա­լե­զու կայ­քե­րուն մէջ սկսած են վար­կա­բե­կե­լու ­Ռու­սիոյ ա­ռա­ջին դէմ­քե­րը:

Պ­լո­կը­րը ա­ւել­ցու­ցած է, որ իր ատր­պէյ­ճան­ցի ըն­կեր­նե­րը նման յօ­դո­ւած­նե­րու յղում­ներ տրա­մադ­րած են ի­րեն,- կը հա­ղոր­դէ «­Փա­նար­մի­նիըն»: ­Լափ­շին կ­՛ա­ւելց­նէ, որ սկիզ­բը ցեխ կ­՛ար­ձա­կէին ­Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի խօս­նակ ­Մա­րիա Զա­խա­րո­վա­յին հաս­ցէին, իսկ հի­մա հա­սած են նա­խա­րար ­Սեր­կէյ ­Լաւ­րո­վին` զայն բա­ռա­ցիօ­րէն ա­նո­ւա­նե­լով «­Ռու­սիոյ հայ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար»: Եւ ա­տի­կա կ­՛ը­նեն միան­գա­մայն պաշ­տօ­նա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը` Turan Newsը, օ­րի­նակ:

«­Յօ­դո­ւա­ծին մէջ յա­տուկ կը շեշ­տո­ւի ­Լաւ­րո­վի ազ­գու­թիւ­նը` չէ՞ որ Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րա­բեր­մուն­քը հա­յե­րու հան­դէպ վա­ղուց յայտ­նի է: Այն­պի­սի տպա­ւո­րու­թիւն կայ, թէ ով որ առն­չու­թիւն ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ՝ ար­դէն իսկ յան­ցա­գործ է: Եւ ա­տի­կա տե­ղա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը կը մտցնեն քա­ղա­քա­ցի­նե­րու գլուխ­նե­րը` թշնա­միի կեր­պար ստեղ­ծե­լով: ­Շատ կը յի­շեց­նէ ­Հիթ­լե­րի ցե­ղա­պաշ­տա­կան տե­սու­թիւ­նը՝ հրեա­նե­րու եւ սլա­ւոն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ, ինչ­պէս նաեւ պե­տու­թեան բո­լոր խնդիր­նե­րը հրեա­նե­րուն վե­րագ­րե­լու մո­լուց­քը»,- կը գրէ ­Լափ­շին: