Ղարաբաղեան Շարժումի 30ամեակ

Պարտադրուած պատերազմը

05 de marzo de 2018

Ը­սինք ար­դէն, որ Մ. ­Կոր­պա­չով հա­կա­ռակ իր ձեռ­նար­կած բա­րե­կար­գու­թեան ճի­գե­րուն չկրցաւ ար­դա­րու­թեամբ դի­մագ­րա­ւել Ար­ցա­խի խնդի­րը, այլ՝ զայն ներ­կա­յա­ցուց իբ­րեւ ըն­կե­րա­յին չլու­ծո­ւած հարց եւ խոս­տա­ցաւ 400 մի­լիոն ռուբ­լի յատ­կաց­նել շրջա­նին:

Իր այս փոր­ձին ձա­խո­ղու­թե­նէն ետք, ­Կոր­պա­չով ու­զեց վար­կա­բե­կել շար­ժու­մը՝ զայն ներ­կա­յաց­նե­լով ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու գործ եւ բան­տար­կել տո­ւաւ շար­ժու­մին ղե­կա­վար­նե­րը, ինչ որ ա­ւե­լիով թափ տուաւ պայ­քա­րին եւ ան­զի­ջող դար­ձուց հա­յու­թիւ­նը:

Կոր­պա­չո­վի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը հիմ­նո­վին կը հա­կա­սէին իր իսկ ձեռ­նար­կած բա­րե­կար­գու­թեանց ո­գիին, ո­րուն հա­մար ալ շատ սուղ գին վճա­րեց ան. իշ­խա­նու­թե­նէն իր ան­կու­մը եւ Խ. ­Միու­թեան ա­րագ փլու­զու­մը:

Ղա­րա­բա­ղեան ­Շար­ժու­մի ժայթ­քէն եր­կու-ե­րեք օր ետք, 20 ­Փետ­րուար 1988ին, Ար­ցա­խի Ինք­նա­վար ­Մար­զի խորհր­դա­րա­նը ո­րո­շում ա­ռաւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ վե­րա­միա­ւո­րո­ւե­լու մա­սին:

Այս ո­րո­շու­մին Ատր­պէյ­ճան պա­տաս­խա­նեց ­Սում­կայ­թի, ­Պա­քո­ւի, ­Կի­րո­վա­պա­տի եւ Մեն­գե­չա­ւու­րի ան­մեղ հայ բնա­կիչ­նե­րու սպա­նու­թիւն­նե­րով: ­Սար­սա­փի այդ օ­րե­րուն, Ատրպէյ­ճա­նի մէջ ապ­րող շուրջ 500.000 հա­յեր ի­րենց տունն ու տե­ղը ձգե­լով գաղ­թա­կան դար­ձած՝ խու­ճա­պա­հար փա­խան ­Հա­յաս­տան: Ա­սոնց վրայ ա­ւելց­նե­լով ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժէն ան­տուն-ան­տէր մնա­ցած մար­դոց բազ­մու­թիւ­նը եւ երկ­րի մէկ մա­սին կի­սա­ւեր վի­ճա­կը, կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել այն կա­ցու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ կը գտնո­ւէր Հա­յաս­տան:

Բայց ­Մոս­կո­ւա ա­ւե­լի մտա­հո­գուած էր Ար­ցա­խի կա­յա­ցու­ցած ո­րո­շու­մով, քան թէ գաղ­թա­կա­նու­թեամբ ու սպա­նու­թիւն­նե­րով: Ա­ռա­ջի­նը դուռ պի­տի բա­նար ազ­գա­յին ան­հա­կակշռե­լի հար­ցե­րու, մինչ երկ­րորդ ա­մօ­թը կա­րե­լի էր ծած­կել-թա­ղել:
Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նի հետ վե­րա­միա­ւո­րե­լու ո­րո­շու­մը ար­գի­լե­լու հա­մար, ­Կոր­պա­չո­վի վար­չա­կար­գը զի­նո­ւո­րա­կան դրու­թեան օ­րէնք հաս­տա­տեց շրջա­նին մէջ: ­Խորհր­դա­յին ներ­քին ա­պա­հո­վու­թեան զօր­քեր՝ գոր­ծակ­ցե­լով ա­զե­րի­նե­րուն հետ՝ ա­մէն տե­սակ բռնու­թեանց ու սպա­նու­թիւն­նե­րու դի­մե­ցին, պայ­քա­րը խեղ­դե­լու եւ Ար­ցա­խը հա­յա­թափ ը­նե­լու հա­մար: Ա­ւե­լի քան հայ­կա­կան 24 գիւ­ղեր քան­դո­ւե­ցան եւ պայ­քա­րող­ներ գնդա­կա­հա­րու­ցան: Վ­րայ հա­սաւ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ յե­ղաշրջ­ման փորձ մը, որ յան­գե­ցուց Կոր­պա­չո­վին պար­տադ­րո­ւած հրա­ժար­ման Ել­ցի­նի կող­մէ՝ 25 ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին: Այդ հրա­ժա­րու­մով՝ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը կը կազ­մա­քան­դո­ւէր:

Ս­տեղ­ծո­ւած նոր կա­ցու­թեան մէջ եւ հա­մո­զո­ւած, որ հա­յու­թիւ­նը ու­ժա­քամ է այ­լեւս, Ատր­պէյ­ճան պա­հան­ջեց ռու­սե­րէն, որ ի­րենց զօր­քե­րը հե­ռաց­նեն երկ­րէն: Ան կար­ծեց, թէ ռու­սա­կան բա­նա­կէն ձեռք ձգած ու ­Թուր­քիա­յէն ստա­ցած զէն­քե­րով՝ միան­գա­մընդ­միշտ պի­տի լու­ծէ հար­ցը՝ հա­յու­թե­նէն պար­պե­լով ամ­բողջ շրջա­նը: ­Բայց ան չա­րա­չար սխա­լե­ցաւ իր հա­շիւ­նե­րուն մէջ:

Ատր­պէյ­ճան օժ­տո­ւած էր ծանր ու ար­դիա­կան զի­նա­տե­սակ­նե­րով եւ ու­նէր մե­ծա­թիւ բա­նակ: Իսկ հա­յու­թեան կող­մը՝ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար լեռ­նե­րու վրայ գո­յա­ւո­րո­ւած ֆե­տա­յա­կան խում­բեր: Ար­ձա­նագ­րենք նաեւ, որ դէ­պի Ար­ցախ ա­ռա­ջին զէն­քերն ու դրա­մա­կան օգ­նու­թիւ­նը սփիւռ­քէն հա­սան շնոր­հիւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան:

Մինչ այդ հա­սուն­ցած էր Ար­ցա­խի հա­մար ան­կա­խու­թիւն հռչա­կե­լու գա­ղա­փա­րը, քա­նի որ ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­միա­նա­լու ո­րո­շու­մը ոչ միայն ըն­դու­նե­լու­թիւն չէր գտած մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կող­մէ, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ ­Հա­յաս­տան կը մե­ղադ­րո­ւէր Ատր­պէյ­ճա­նէն հո­ղա­տա­րածք յափշ­տա­կե­լու յան­ցան­քով: Խ. ­Միու­թե­նէն Ատր­պէյ­ճա­նի ան­կա­խա­ցու­մը լաւ ա­ռիթ էր Ար­ցա­խին հա­մար, որ­պէս­զի ինքն ալ յայ­տա­րա­րէ իր ան­կա­խու­թիւ­նը՝ ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին հի­ման վրայ: Առ այս,10 ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­քո­ւէ, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րով եւ փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւն դար­ձաւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ ստեղ­ծեց պե­տա­կան կա­ռոյց­ներ եւ կազ­մա­կեր­պեց ու­ժեղ բա­նակ:

Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան օ­րի­նա­ւոր մի­ջոց­նե­րով ար­դա­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին՝ Ատր­պէյ­ճան կը պա­տաս­խա­նէր պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով եւ անխ­նայ ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րով:

Մե­զի պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մի ճա­կատ­նե­րուն վրայ, սա­կայն, Ար­ցա­խի բա­նա­կը իր շա­րու­նա­կա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցին նո­րա­նոր յաղ­թա­նակ­ներ ա­պա­հո­վե­լով 1993ի ամ­րան կը պար­տադ­րէր ա­զե­րիին, որ հրա­ժա­րի զէն­քի լու­ծու­մէն եւ ընտ­րէ բա­նակ­ցու­թեանց խա­ղաղ ճա­նա­պար­հը:

Ար­ցա­խի յաղ­թա­կան բա­նա­կին յա­ռաջ­խա­ղաց­քը կա­սեց­նելու հա­մար Ատր­պէյ­ճան դի­մեց Մ.Ա.Կ.ին ու մեծ պե­տու­թեանց՝ խնդրե­լով ա­նոնց­մէ մի­ջամ­տու­թիւն, որ­պէս­զի զի­նա­դա­դար հաս­տա­տո­ւի:

Մին­չեւ այ­սօր ճա­կատ­նե­րը զի­նա­դա­դա­րի կար­գա­վի­ճա­կի մէջ ըլ­լա­լով հան­դերձ ու հա­կա­ռակ ա­տոր, գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ սադ­րանք­նե­րով, նոյ­նիսկ պա­տե­րազ­մա­կան ահ­ռե­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով,- ինչ­պէս Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեան էր,- ա­զե­րի­նե­րը կը խախ­տեն զի­նա­դա­դա­րը, ինչ որ կը փաս­տէ ի­րենց ան­զօր ջղաձ­գու­թիւ­նը: Ար­ցախն է, որ միա­կող­մա­նի կը յար­գէ զի­նա­դա­դա­րի իր ստո­րագ­րու­թիւ­նը, ինչ որ սա­կայն,- եւ դժբախ­տա­բար,- չի գնա­հա­տո­ւիր զի­նա­դա­դա­րը հո­վա­նա­ւո­րող­նե­րէն եւ բա­նակ­ցու­թիւ­նը վա­րող միջ­նորդ կող­մե­րէն:

Հայ­կա­կան հո­ղե­րու ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տը միշտ ե­ղած է հա­մայն հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան ու ան­զի­ջե­լի գե­րա­գոյն ն­պա­տա­կը: Ա­հա թէ ին­չո՛ւ հա­մայ­նա­վար վար­չա­կար­գի խստա­գոյն պայ­ման­նե­րու տակ իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը եր­բեք չդադ­րե­ցաւ Ղա­րա­բա­ղեան հար­ցը ար­ծար­ծե­լէ եւ պա­հան­ջե­լէ, որ Ս­տա­լի­նի ա­պօ­րէն կար­գադ­րու­թիւ­նը սրբագ­րո­ւի:

Ղա­րա­բա­ղեան ­­Շար­ժու­մը սկզբնա­կան օ­րե­րուն հա­ւա­տաց ­­Կոր­պա­չո­վի վե­րա­կա­ռուց­ման լո­զուն­գին եւ ու­զեց ժո­ղովր­դա­վար ու օ­րի­նա­կան կար­գով սրբագ­րել ստա­լի­նեան ա­պօ­րի­նու­թիւ­նը:

Սա­կայն յա­ջոր­դող դէպ­քե­րը անդ­րա­դարձ­նել տո­ւին, որ պէտք է ա­պա­ւի­նիլ սե­փա­կան ու­ժե­րուն: ­­Կազ­մա­կե­պո­ւե­ցաւ, ստեղ­ծեց պե­տու­թիւն ու բա­նակ եւ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մին մէջ ար­ձա­նագ­րեց յա­ռաջ­խա­ղացք ու յաղ­թա­նակ: Իսկ քա­ղա­քա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­կա­տի վրայ յա­ջո­ղե­ցաւ ու­նե­նալ ինք­նու­րոյն վար­քա­գիծ եւ գէթ մին­չեւ հի­մա թոյլ չտո­ւաւ, որ ­­Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րը խա­ղա­քարտ դառ­նայ ու­րիշ հա­շիւ­նե­րու կամ շա­հե­րու:

Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը քա­նի մը ա­ռիթ­նե­րով օ­րա­կար­գի հարց դար­ձաւ Մ.Ա.Կ.ի մէջ, որ իր կար­գին ա­նոր կար­գա­ւո­րումն ու լու­ծու­մը վստա­հե­ցաւ «Եւ­րո­պա­յի Ա­պա­հո­վու­թեան ու Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ­­Կազ­մա­կերպու­թեան» (Ե.Ա.Հ.Կ.): ­­Մին­չեւ հի­մա բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րո­ւին ա­նոր միջ­նոր­դու­թեամբ: ­­Հայ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ցարդ ա­չա­լուրջ է, որ պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մի ճա­կատ­նե­րուն վրայ շա­հուած փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նա­կը ամ­փա­ռու­նակ չկոր­սո­ւի դի­ւա­նա­գի­տա­կան խա­ղե­րու ու խար­դա­ւա­նանք­նե­րու հե­տե­ւան­քով:

Ի­րո­ղա­պէս գո­յու­թիւն ու­նի եւ ինք­զինք հաս­տա­տած է Ար­ցա­խի պե­տու­թիւ­նը, որ ստեղ­ծո­ւած է ժո­ղովր­դա­յին հան­րա­քո­ւէով, սա­կայն ա­նի­կա տա­կա­ւին ճա­նա­չու­մի չէ ար­ժա­նա­ցած մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ:

Եր­կու պե­տու­թիւն ու­նե­նա­լու գա­ղա­փա­րը ան­հա­րա­զատ է հայ քա­ղա­քա­կան մտքին հա­մար: ­­Սա­կայն նկա­տի ա­ռած ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քը եւ սահ­ման­նե­րու ան­փո­փո­խե­լիու­թեան մա­սին մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րը, ու­րոյն պե­տու­թիւն ու­նե­նա­լու տար­բե­րա­կը հնա­րա­ւոր լա­ւա­գոյն մի­ջո­ցը կը հա­մա­րո­ւի Ար­ցա­խի դա­տին հա­մար, երբ մա­նա­ւանդ ծա­նօթ նա­խըն­թա­ցը կայ, որ Խ.­­Միու­թեան եւ Եու­կոս­լա­ւիոյ տա­րան­ջա­տու­մով՝ զա­նոնք բաղ­կաց­նող ազ­գա­յին միա­ւոր­նե­րը մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն ան­կա­խու­թիւն հռչա­կե­ցին եւ ճա­նա­չու­մի ար­ժա­նա­ցան:

Ար­ցա­խի շրջա­կայ­քը (յա­ւե­լո­ւած)

Լա­չի­նի անց­քը. Գո­րի­սէն ան­դին, ­­Լա­չի­նի անց­քէն ետք Ար­ցախն է:

Ճամ­բուն վրայ կը գտնո­ւի ­­Ծի­ծեռ­նա­վան­քը, կա­ռու­ցո­ւած՝ 5րդ ­դա­րուն: Ու­րիշ­նե­րու կար­գին կայ նաեւ ­­Վա­րազ­կոմ ե­կե­ղե­ցին (9-11րդ ­դար), որ ա­ւե­րակ վի­ճա­կի մէջ իսկ սքան­չե­լի նմոյշ մըն է հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան:

Ար­ցա­խի հա­րիւ­րա­ւոր հին ե­կե­ղե­ցի­ներն ու վան­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­զա­րա­ւոր յու­շար­ձան­նե­րը ար­դէն խօ­սուն վկա­ներն են շրջա­նի հա­յա­պատ­կա­նու­թեան:

Շու­շի. Կա­ռու­ցո­ւած է մե­ծա­զան­գո­ւած ժայ­ռի մը վրայ: Իր բարձր դիր­քով՝ ա­զե­րի­նե­րուն զի­նո­ւո­րա­կան ա­մէ­նէն զօ­րա­ւոր կեդ­րոնն էր, ուր­կէ անխ­նայ կը ռմբա­կո­ծո­ւէին հայ­կա­կան գիւ­ղերն ու քա­ղաք­նե­րը: Ներ­քե­ւը կայ «­­Քա­րին­տակ» կո­չուող գիւ­ղը, որ ռմբա­կո­ծո­ւե­լուն պատ­ճա­ռով մե­ծա­թիւ զո­հեր տո­ւաւ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին:
Շու­շիի հե­րո­սա­կան ա­զա­տագ­րու­մը ճա­կա­տագ­րա­կան ե­ղաւ պա­տե­րազ­մի ել­քին մէջ՝ ի նպաստ հայ­կա­կան կող­մին:
Շու­շի գրե­թէ միակ քա­ղաքն էր, ո­րուն բնակ­չու­թիւ­նը խառն էր՝ ա­զե­րի­նե­րէ ու հա­յե­րէ բաղ­կա­ցած:
Նա­խա­պէս Ատր­պէյ­ճան յա­տուկ ծրագ­րով ճիգ տա­րած էր, որ­պէս­զի քա­ղա­քը բնա­կո­ւի ա­զե­րի­նե­րով, ա­նոր զի­նո­ւո­րա­կան ա­նա­ռիկ դիր­քէն օգ­տո­ւե­լու հա­մար, երբ որ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճակ ստեղ­ծո­ւէր…: Գլ­խա­ւոր ե­կե­ղե­ցին՝ ­­Ղա­զան­չեց­ւոց ե­կե­ղե­ցին է, կա­ռու­ցո­ւած՝ 19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կէ­սին:

Ս­տե­փա­նա­կերտ (Աս­կե­րան). Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղա­քը: Յա­րա­բե­րա­բար նոր քա­ղաք մը, ո­րու շրջա­պա­տող բար­ձուն­քին կը գտնո­ւի յու­շար­ձան մը՝ «­­Մենք մեր լեռ­ներն ենք» խորհր­դա­նիշ բա­ցատ­րու­թեամբ: Ա­ւե­լի ծա­նօթ՝ «մա­միկն ու պա­պի­կը» ա­նու­նով: Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն 15 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կայ Աս­կե­րան բեր­դը:

Գան­ձա­սար. Կո­չո­ւած է՝ «­­Գան­ձա­սար» վան­քին ա­նու­նով: Լե­րան մը գա­գա­թին կը գտնո­ւի. կող­քին՝ «­­Կա­չա­ղա­կա­բերդ»ի ա­ւե­րակ­նե­րը: Հոն են նաեւ «Ս. ­­Գէորգ»ի վան­քը (16րդ ­դար) եւ «Ս. ­­Յով­հան­նու Մկրտիչ» ե­կե­ղե­ցին, ո­րուն տակ, տե­ղա­ցի­նե­րը կը հա­ւա­տան, որ թա­ղո­ւած է ­­Յովհ. Մկր­տի­չի գլու­խը:

Մար­տու­նի. Քա­ղա­քը ու­նի մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն, որ կը կո­չո­ւի Օpera, քա­նի որ Ե­րե­ւա­նի operaի կա­ռոյ­ցին շատ կը նմա­նի: Կեդ­րո­նին մօտ կա­ռու­ցո­ւած է ար­ձա­նը ­­Մոն­թէ ­­Մել­քո­նեա­նի, Ա­մե­րի­կա ծնած հայ հե­րո­սին, որ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցե­ցաւ իբ­րեւ հրա­մա­նա­տար եւ հոն ալ զո­հո­ւե­ցաւ: Շր­ջա­նին մէջ կայ 4 ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մա­լիր մը, կա­ռու­ցո­ւած՝ 5-13րդ դա­րե­րուն: Մօ­տա­կայ­քը կը գտնո­ւի 2000 տա­րե­կան ծառ մը, որ կը կո­չո­ւի «Սխ­տո­րա­շէն»:

Հադ­րութ. Ան­տա­ռա­պատ լեռ­նե­րով գե­ղե­ցիկ շրջան մը: ­­Հոն կը գտնո­ւի Կ­չա­վան­քը (13րդ ­դար), որ սքան­չե­լի տե­սա­րան ու­նի եւ կը նկա­տո­ւի Ար­ցա­խի գաղտ­նիք­նե­րը պա­հող: ­­Կա­ռու­ցո­ւած է «շա՚տ, շատ գէշ ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ մոն­կոլ­նե­րը ա­մէն ինչ կը քան­դէին…»:

Մար­տա­կերտ. Ռազ­մա­կան կա­րե­ւոր ու ջրա­ռատ շրջան մը: Ն­շա­նա­ւոր է ա­նա­ռիկ դիր­քով «Ջ­րա­բերդ»ը, ո­րու յի­շա­տա­կու­թիւ­նը կայ 7րդ ­դա­րէն: ­­Հոն­կէ կ­­՚ե­րե­ւայ «Ե­րից ­­Ման­կաց» վան­քը՝ հիա­նա­լի տե­սա­րա­նով ու ճար­տա­րա­պե­տու­թեամբ, կա­ռու­ցո­ւած՝ 17րդ ­դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան: Ներ­կա­յիս կա­րե­լի չէ այս շրջա­նը այ­ցե­լել, զի­նո­ւո­րա­կան գօ­տի ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով:

Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն.

Ար­ցա­խին մաս կը կազ­մէ նաեւ ­­Շա­հու­մեա­նի շրջա­նը, որ պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն վայ­րագ յար­ձա­կում­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցաւ ա­զե­րի­նե­րու կող­մէ: Ան­մեղ բնակ­չու­թիւ­նը բազ­մա­թիւ զո­հեր տա­լով փա­խուս­տի դի­մեց ու գաղ­թա­կան դար­ձաւ: ­­Շա­հու­մեա­նը ա­զե­րի­նե­րու գրաւ­ման տակ է ներ­կա­յիս:

Ար­ցա­խը հա­րուստ է պատ­մա­կան բազ­մա­թիւ յու­շար­ձան­նե­րով, ե­կե­ղե­ցի-մա­տուռ­նե­րով, խաչ­քա­րե­րով, բեր­դե­րով, գե­րեզ­մա­նա­տուն­նե­րով եւ այն­պի­սի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ա­մէ­նէն կաս­կա­ծա­միտ մարդն ալ կը հա­մո­զեն, թէ շրջա­նը ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը կազ­մած է ­­Հա­յաս­տա­նի:

Մեր վե­րը թո­ւած­նե­րը շատ աննշան, հա­զիւ թէ չնչին գա­ղա­փար մը կու տան գո­յու­թիւն ու­նե­ցող յու­շար­ձան­նե­րու մա­սին: ­­Դա­րե­րու ըն­թաց­քին, բա­ցի հո­ղամ­շա­կու­թե­նէն, Ար­ցա­խի մէջ զար­գա­ցած են ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ գոր­գա­գոր­ծու­թիւ­նը, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ այ­սօր:

Վեր­ջա­բան.

Ներ­կա­յիս, ­­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը զի­րար կ­­՚ամ­բող­ջաց­նեն եւ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած են ի­րար­մով՝ միեւ­նոյն ար­մա­տէն ծնած-ա­ճած եր­կու ծա­ռե­րու նման: Ա­պա­գա­յին հա­մար, սա­կայն, ան­խու­սա­փե­լի է եր­կու­քին միա­ւո­րու­մը:

Միհրան Քիւրտօղլեան