“Ռու­սիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը իս­կա­կան ի­մաս­տով դաշ­նակ­ցա­յին են”

20 de marzo de 2017

Tapa costadoՏե­ղի ու­նե­ցաւ ­Ռու­սիոյ ­Դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թի­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեա­նի հան­դի­պու­մը, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով ­Ռու­սիա կը գտնո­ւի։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս քննրա­կո­ւած են երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ Եւ­րա­սիա­կան տա­րած­քի հիմ­նա­հար­ցեր։ ­Ռու­սիոյ ­Դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր Փու­թին յոյս յայտ­նած է, որ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խու­մէն ետք ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը բա­րե­յա­ջող կ’անց­նին։

Ք­րե­մլի­նի մէջ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկիզ­բը ­Ռու­սիոյ ղե­կա­վա­րը նշած է, որ ի­րենց այս հան­դի­պու­մը տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ երկ­րի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան ֆո­նին: «Այդ ա­մէ­նը կա­պո­ւած է նաեւ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փոխ­ման հետ: ­Գոր­ծըն­թա­ցը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, հեշտ չէ, բայց վստահ եմ, որ ­Հա­յաս­տա­նը ձեր ղե­կա­վա­րու­թեամբ պի­տի անց­նի իր զար­գաց­ման այս փու­լը»,- նշած է ­Փու­թին:

Ան նաեւ յի­շե­ցու­ցած է, որ Ապ­րիլ 3-ին պի­տի նշո­ւի եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25-ա­մեա­կը:

«Այս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Ռու­սիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ձեռք բե­րած են բա­ռիս իս­կա­կան ի­մաս­տով դաշ­նակ­ցա­յին բնոյթ»,- ընդգ­ծած է ­Փու­թին` ա­ւելց­նե­լով, որ ­Մոս­կո­ւան եւ Ե­րե­ւա­նը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին գրե­թէ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով` ո­րոնց շար­քին մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս: Ան նշած է, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը «միշտ կա­ռու­ցո­ւած են շատ խոր ար­մատ­նե­րու վրայ, ո­րոնք կու գան դա­րե­րու խոր­քէն, ան­ցեա­լէն»: «Այդ­պէս ա­նի­կա կը շա­րու­նա­կո­ւի նաեւ զար­գաց­ման ներ­կայ փու­լին»,- ը­սած է ­Ռու­սիոյ նա­խա­գա­հը:

Իր հեր­թին` ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը յայ­տա­րա­րած է, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կող­մե­րը պէտք է ու­րո­ւագ­ծեն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գլխա­ւոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րը մօտ հե­ռան­կա­րի մէջ:

«Այս տա­րի­նե­րը դար­ձած են սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ժա­մա­նա­կաշրջան, եւ մենք հա­սած ենք ան­կեղծ դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու: Այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն բնոյ­թը կը թե­լադ­րէ օ­րա­կար­գը: Վս­տահ եմ, որ մեր այ­սօ­րո­ւան այ­ցը բո­վան­դա­կա­լից պի­տի ըլ­լայ եւ պի­տի անց­նի լիար­ժէք փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ»,- ը­սած է ­Սերժ ­Սարգ­սեան:

Նեղ կազ­մով հան­դի­պու­մէ ետք, կա­յա­ցած են ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով բա­նակ­ցու­թիւն­ներ` եր­կու եր­կիր­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Ի պա­տիւ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով ­Ռու­սիոյ ­Դաշ­նու­թիւն գտնո­ւող նա­խա­գահ ­Սերժ Սարգ­սեա­նի՝ ­Ռու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թի­նի ա­նու­նով տրո­ւած է պաշ­տօ­նա­կան ճաշ: