Ռուստամեան: «Մենք պէտք է ծրագրուած աշխատինք, եւ նոյն տիկինը չփորձէ նենգափոխել փաստերը»

26 de febrero de 2015

RusdamianՀայաստանի Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ հարցում պատասխանի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան հարցում ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին:

«Հարցումս կը վերաբերի ներթափանցող այն խմբակին, որ վնասազերծուեցաւ Ղարաբաղի մէջ: Դատավարութիւնը կատարուեցաւ, բայց ատոր կապուած, միջնորդութեամբ հանդէս եկած են Միացեալ Նահանգներ: Եւ կրկին մտահոգութիւն ունիմ, որ հարցը տեղափոխուի այլ դաշտ, նենգափոխուի հարցի էութիւնը, որովհետեւ մենք յստակ գիտենք, թէ Ազրպէյճան ի՛նչ քաղաքականութիւն կը վարէ եւ ամբողջութեամբ խնդիրը գլխիվայր կը ներկայացնէ միջազգային հանրութեան` ըսելով, որ գոյութիւն չունեցող պետութիւնը կը դատապարտէ գոյութիւն չունեցող դատարանին մէջ: Եւ եթէ խնդիրը կը տեղափոխուի մարդասիրական դաշտ, ատիկա կը ներկայացուէր միջնորդութեան մէջ, Ազրպէյճան մարդասիրական դաշտէն դուրս կը գործէ: Մենք անհաւասար պատասխան պէտք է տանք Ազրպէյճանի քարոզչութեան, ասիկա առիթ է, եթէ կ՛ուզենք դիմակազերծել Ազրպէյճանի նենգ քաղաքականութիւնը: Իսկ միջնորդներէն մեզի դիմելէ առաջ պէտք է պահանջենք, որ անոնք հրապարակաւ խոստովանին, որ ներթափանցողները յանցագործութիւն կատարած են: Իսկ պաշտօնական Պաքուն ցարդ նման յայտարարութիւն չէ կատարած: Ի՞նչ պիտի ընենք այս ուղղութեամբ», հարցուցած է Ռուստամեան:

Էդուարդ Նալբանդեան նախ նշած է, որ քանի մը օր առաջ ինք արձագանգած է ազրպէյճանցի ներթափանցողներուն վերաբերեալ հարցին, նշած է, որ ներթափանցողներուն կողմէ կատարուած յանցագործութիւնները, սպանութիւնները բացայայտուած, փաստագրուած եւ ապացուցուած են, ներառեալ` 17-ամեայ պատանիին առեւանգումն ու սպանութիւնը:

«Միջազգային հանրութիւնը քաջատեղեակ է, որ Ազրպէյճան կը հերոսացնէ իր մարդասպանները, ինչպէս ատիկա եղաւ տխրահռչակ Սաֆարովի պարագային: Բնական է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը կը խօսի մարդասիրական իրաւունքին մասին, բայց ի՞նչ մարդասիրական իրաւունք կրնայ ըլլալ Ազրպէյճանի պարագային», ըսած է նախարարը, թուելով Ազրպէյճանի բազմաթիւ անտրամաբանական եւ մարդասիրութենէ դուրս արարքները, որոնք կը վերաբերին թէ՛ Հայաստանի նկատմամբ ատելութեան սերմանումին, թէ՛ Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վերաբերմունքին: Նալբանդեան ըսած է նաեւ, որ եռանախագահները այդ հարցը չեն արծարծած:

Արմէն Ռուստամեան ըսած է. «Իմ մտահոգութիւնս այն է, որ Ազրպէյճան այդ անձերը վերադարձնելու վերաբերեալ այսօր պահանջատիրոջ կարգավիճակով կը ներկայանայ, եւ եթէ մենք համապատասխան դիւանագիտական քայլերը չկատարենք, եւ եթէ անոնք վերադարձնեն, ատիկա յաղթանակ կը նշանակէ Ազրպէյճանի քարոզչական դաշտին մէջ: Բայց ասիկա առիթ է, որ մենք ծրագրուած աշխատինք, եւ օրինակ, նոյն տիկինը չփորձէ նենգափոխել փաստերը, խօսելով գերիներու փոխանակման մասին: Ասիկա այդ դէպքը չէ, անոնք գերի չեն: Բայց այս ամէնը մենք գիտենք, այս ամէնը աշխարհին ներկայացնելու մասին ես կ՛ըսեմ, նկատի ունենալով նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտական դաշտը»:

Է. Նալբանդեան պատասխանած է. «Պէտք է զգուշ ըլլալ ձեւակերպումներուն մէջ, եթէ դուք կ՛ըսէք` տիկինը այս ըսած է, այն ըսած է, այդպէս չէ ըսած, ինչպէս դուք կը ներկայացնէք»:

Զաւեշտալի է, բայց ե՛ւ Նուլընտ` Երեւանի մէջ, ե՛ւ Փսաքի` Միացեալ Նահանգներու մէջ, նոյն բանը պնդած են, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարդասիրութիւն պէտք է դրսեւորէ եւ վերադարձնէ, անոնց բառերով, «գերիները»: