Ռուստամեան. “Տարածքային, վարկանշային ընտրակարգէն պէտք է հրաժարիլ, անիկա արդար չէ”

07 de febrero de 2018

Rusdamian_2017Տարածքային, վարկանշային ընտրակարգէն պէտք է հրաժարիլ: Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Ասիկա վարկանիշ է տարածքներու, ոչ թէ անձերու, անկէ պէտք է հրաժարիլ», ըսաւ ան:

Դիտարկման, թէ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը այսօր նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է` հրաժարիլ գործող ընտրակարգէն, Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ իրենք շատոնց ունէին այս դիրքորոշումը, իսկ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը նոր հանդէս եկած է այդ առաջարկով:

Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ գործող ընտրակարգը կարելի է փոխարինել երկու համամասնական դասական տարբերակով. «Առաջինը` փակ ցանկերով քուէարկութիւն, երբ քաղաքացին կ՛ընտրէ իրեն համար նախընտրելի պատգամաւորը, բայց հերթականութիւնը նախապէս որոշած ըլլայ կուսակցութիւնը, իսկ երկրորդ` բաց ցանկերով քուէարկութիւն, որ կը ներկայացուի այբբենական կարգով, ընտրողը  կ՛ընտրէ իրեն համար նախընտրելի թեկնածուն, ապա կ՛որոշուի վարկանիշերով, կ՛ընտրուին անոնք, որոնք ամէնէն շատ ձայներ  ստացած են»:

Ներկայիս ընտրակարգը, Ռուստամեանի համաձայն, արդար չէ:

Ռուստամեան ըսաւ, որ ՀՀԿ-ն առայժմ համաձայն չէ իրենց դիրքորոշման հետ. «Կառավարման համակարգը փոխելու համար 25  տարի պայքարեցանք, վերջը հասանք, հանգիստ եղէք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իշխանութիւնները պատրա՞ստ են հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու առաջարկներու ընդառաջելու, ան ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ որեւէ տրամաբանական առաջարկ պարտադիր քննարկումի առարկայ պէտք է դարձնել, եւ իշխանութիւններն ալ ականջալուր պէտք է ըլլան»:

Արմէն Ռուստամեան նշեց նաեւ, որ տակաւին վերջնական որոշում չեն տուած նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանին կողմ քուէարկելու հարցով: