Սպարտակ Սէյրանեան. “Եթէ քաղաքական համաձայնութիւն ըլլայ, ՀՅԴ-ն դէմ պիտի չըլլայ, որ ընտրութիւնները տեղի ունենան Դեկտեմբերին”

10 de octubre de 2018

Spartak-SeiranianԱզգային ժողովին մէջ  տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեան յայտարարած է, թէ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը խորհրդարանական մնացած ուժերուն միջեւ համաձայնութեան պարագային դէմ պիտի չըլլայ դեկտեմբեր 2018-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման:

«Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութենէն ետք: Պէտք է ըլլայ նաեւ ոստիկանութեան ենթակայութեան փոփոխութիւն, ոստիկանութիւնը պէտք է ըլլայ կառավարութեան ենթակայութեան տակ: Ընտրութիւնները կրնան օրինական ըլլալ, բայց պակաս կարեւոր չէ ընտրութիւններուն նկատմամբ հանրային ընդհանուր վստահութեան ձեւաւորումը, այդ պատճառով բոլոր խմբակցութիւններուն համար պէտք է ապահովել հաւասար մրցակցային պայմաններ: Եթէ այդ բոլոր կէտերը կատարուին, եթէ անոնք ամփոփուին դեկտեմբերին, ընտրութիւնները թող ըլլան դեկտեմբերին, կամ յունուար 2019-ին, թող ըլլան յունուարին: Եթէ բոլոր քաղաքական ուժերը որոշեն, որ ընտրութիւնները պէտք է ըլլան դեկտեմբեր 2018-ին, ՀՅԴ-ն պիտի չխոչընդոտէ», ըսած է  Սէյրանեան:

Ան վստահեցուցած է, որ այդ պարագային իրենք հաւատարիմ կը մնան իրենց խոստումին եւ չեն առաջադրեր վարչապետի թեկնածու:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ իրենց նշած կէտերը չապահովուին, նորէ՞ն վարչապետի թեկնածու չեն առաջադրեր, Սէյրանեան ըսած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու տարբերակը արդէն կայ կառավարութեան մօտ, եւ տրամաբանական է, որ քննարկումներ ըլլան: «Եթէ ճամբու քարտէսը չըլլայ, բայց բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք բոլոր ուժերը յանգին անոր, որ առանց ատոր ալ ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին դեկտեմբերին, մենք պիտի համաձայնինք», նշած է Սէյրանեան:

Ան ըսած է, որ եթէ նոյնիսկ մէկդի դրուի ընտրութիւններուն մասին նոր օրէնքը, սակայն ընդհանուր համաձայնութեան բերումով քաղաքական ուժերը որոշեն, որ ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին յստակ այսինչ օրը, ՀՅԴ-ն պիտի չխոչընդոտէ: Անդրադառնալով վարչապետի թեկնածու չառաջադրելու Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած յուշագիրի ստորագրման` Սէյրանեան նշած է, որ եթէ քաղաքական ուժերը յանգին անոր, որ յուշագիրի ստորագրումը ճիշդ է, իրենք ալ պիտի համաձայնին: «Եթէ յուշագիրը բաղկացած ըլլայ մէկ կէտէ, ատիկա յուշագիր չ՛ըլլար: Անիկա պէտք է բովանդակային ըլլայ», նշած է ան:

Սէյրանեան նաեւ նշած է, որ ինք կը յարգէ ժողովուրդի մէկ մասին տեսակէտը, սակայն ատիկա չի տարածեր բոլորին վրայ: Եթէ ժողովուրդը կը կարծէ, որ բոլոր դժբախտութիւններուն պատճառը խորհրդարանական ընտրութիւններ չիրականացնելն է, ուստի իրենք համաձայն են, որ ատիկա ըլլայ նոյնիսկ վաղը: