Սրբոց Նահատակացը` «Սի. Էն. Էն.»-ի պատմական արժէք ունեցող ոչնչացուած յուշարձաններու ցանկին վրայ

20 de noviembre de 2014

6_siriaԱշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցող զինուած հակամարտութիւններուն պատճառով, կը վերանան պատմական արժէք ունեցող բազմաթիւ յուշարձաններ եւ կոթողներ:

Այս կոթողներուն անդրադարձած է «Սի.Էն.Էն.»-ը` առանձնացնելով վերջին տարիներուն ընթացքին անհետացած 19 յուշարձաններ, որոնց մէջ է նաեւ անցեալ սեպտեմբերին «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան կողմէ ականահարուած Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ցանկին վրայ են նաեւ Իրաքի Սամարրայի մեծ մզկիթը, Աֆղանիստանի Պամեանի Պուտտայի արձանները, Սուրիոյ Պոսրա քաղաքի պատմական թատրոնը եւ այլ կոթողներ: