Սփիւռքի Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը

08 de junio de 2018

Nor-HarachԹաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր էջ մը պիտի բանա՞յ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ: Որքա՛ն սպասումները մեծ են Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, նոյնքա՛ն ալ՝ սփիւռքահայերուն:

Անցնող 27 տարիներուն, Սփիւռքը բարեսիրութեան, օգնութեան, ներդրումներու միջոց էր եւ արտասահմանի մէջ քաղաքական նեցուկ՝ Հայաստանի ի նպաստ լոպիինկի առումով: Անկախ Հայաստանի գոյութիւնը ինքնին մեծագոյն պարգեւն էր, թուրքի եաթաղանէն փրկուած ու արտերկիր հաստատուած հայութեան համար:

Սակայն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները առողջ չէին եւ ինչպէ՞ս կրնային ըլլալ, երբ անկախութենէն ի վեր ժողովուրդը արտագաղթը գտած էր իբրեւ հիմնական լուծում իր կենցաղային հարցերուն:

Աւանդական Սփիւռքը դատապարտուած էր կանգնելու հայրենիքի կողքին, ի հեճուկս ժողովուրդի դժգոհութեան: Դատապարտուած էր զօրակցելու իշխող դասուն՝ պետութիւնը կանգուն պահելու սիրոյն: Թուրքեւազերական վտանգը դամոկլէսեան սուրի նման կախուած էր պետութեան գոյութեան վիզին: Պետականութեան պաշտպանութեան տրամաբանութիւնը կը պահանջէ, հակառակ բոլոր ձախաւերութիւններուն՝ պաշտպանել իշխանը, ո՛վ ալ ըլլայ, ի՛նչ ճակատէ ալ ըլլայ ան:

Այս պայմաններուն մէջ է որ ստեղծուեցաւ ու գործեց նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: Ի՞նչ կարելի էր սպասել անկէ՝ թշուառ Հայաստանի իրավիճակին մէջ: Ոչի՛նչ: Սակայն, յաւակնութիւնները մեծ էին թէ՛ նշեալ նախարարութեան, թէ՛ սփիւռքահայութեան: Անկախութենէն 17 տարի ետք, վերջապէս կը ստեղծուէր սփիւռքի նախարարութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի էր սպասումներ չունենալ, երբ վերջապէս Հայաստանի իշխանութիւնները, ընդառաջելով Սփիւռքի կարեւոր մէկ հատուածի պահանջին՝ կը ստեղծէին այդ նախարարութիւնը:

Սփիւռքի նախարարուհին գործեց իբր թէ Սփիւռքի ուծացման դէմ պայքարելու, գործեց իբր թէ սփիւռքահայութեան ներուժը ի նպաստ Հայաստանի հզօրացման համախմբելու նպատակներով. դեռ բնաւ չխօսինք հայրենադարձութեան ծրագիրներուն մասին: Ինքնախաբէութիւնը մե՛ծ էր: Ո՛չ տնտեսութիւնը զարգացաւ, ո՛չ արտագաղթը կասեցուեցաւ, ոչ ալ Սփիւռքի այսպէս կոչուած՝ «ուծացման» առաջքը առնուեցաւ:

Կարելի չէ ժխտել սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան դրականները, ինչպէս՝ իրեն ընձեռուած իրաւասութիւններու սահմանին մէջ սուրիահայութեան հարցերու լուծումը, Սփիւռքէն պատանիներու համար ամառնային ճամբարներու կամ մասնագիտական համաժողովներու կազմակերպումը: Բայց այս բոլորը յառաջ չբերին բեկումնային տնտեսական բարեփոխումներ: Բաշխուեցան բազմաթիւ շքանշաններ, եղան հայրենասիրական բազմաթիւ կոչեր, սակայն բացակայեցաւ թիրախային ծրագիրներու մշակումը ի նպաստ Հայաստանի, բացակայեցան տարբերակուած ծրագիրները ի նպաստ բազմատեսակ սփիւռքներու: Հայաստանակեդրոն մտայնութիւնը եղաւ իր մեծագոյն սահմանափակումը: Հայաստանակեդրոն ըլլալէ անդին՝ իշխող կառավարութեան բերած քարոզչական նպաստը եղաւ իր մեծագոյն թերութիւնը:

Շրջանցելով կառավարական օղակները՝ սփիւռքահայ բազմաթիւ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ յաջող ծրագիրներ իրագործեցին Հայաստանի մէջ, սակայն, արդեօք Սփիւռքը իր ներկայ աւանդական կառոյցներով կրնա՞յ արդիական բեկումնային ներդրում ունենալ՝ առանց ինքզինք վերանայելու:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը շատ բան փոխեց Հայաստանի ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ: Սփիւռքն ալ խանդավառութեամբ հետեւեցաւ դէպքերուն: Փաշինեան յաճախ անդրադարձաւ Սփիւռքին, դիմեց Սփիւռքին, սակայն իբրեւ ծրագիր՝ մնաց հայրենադարձութեան սահմանին վրայ: Որքանո՞վ իրագործելի են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն կամ հայրենադարձութեան մասին ըսուածները, նախքան երկրին մէջ իսկակա՛ն փոփոխութիւններու ամրագրումը: Մէկ բան հաստատ է, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններն ալ յեղափոխութեան կարիք ունին, սակայն՝ ո՛չ միայն հայրենադարձութեան հողի վրայ:

Ժ.Չ.

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»