Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեանը

21 de julio de 2017

Hranush_Comisión Central20 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեանը:

Նախարարը կարեւոր նկատեց համահայկական կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի 10-րդ մարզախաղերը հայրենիքի մէջ կազմակերպելու համար եւ նշեց, որ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 100-ամեայ յոբելեաններու նախաշեմին նման լայնածաւալ ձեռնարկի մը կազմակերպումը իւրայատուկ խորհուրդ ունի:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, որ կառոյցը համախմբած է հայ երիտասարդութիւնը Հայաստանի շուրջ, եւ այսօր ալ աշխատանքներ կը կատարուին  այդ ուղղութեամբ` հայրենիքի մէջ: ՀՄԸՄ-ի համահայկական խաղերը Հայաստանի մէջ երրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպուին: ՀՄԸՄ 10-րդ մարզախաղերուն կը մասնակցի աշխարհի 19 երկիրներէ 1250 հայ երիտասարդ:

Քննարկուեցան մարզախաղերու կազմակերպման առնչուող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման, նախարարութեան ծրագիրներուն, յատկապէս սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին ՀՄԸՄ-ի մասնակցութեան, 2018-ին կառոյցի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին