վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի

26 de noviembre de 2019

 

չո­րեքշաբթի, 20 նո­յեմբե­րին, Հա­յաստա­նի վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան այցե­լեց Վե­նե­տի­կի Ս. Ղա­զար կղզի, տե­սակցութիւն ունե­ցաւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նութեան վա­նա­հայրե­րուն եւ Վե­նե­տի­կի հայ հա­մայնքի ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն հետ: Մի­լա­նո­յի մէջ ան այցե­լեց Մի­լա­նո­յի Հայ ա­ռա­քե­լա­կան Սրբոց Քա­ռասնից Մանկանց ե­կե­ղե­ցի, հանդի­պում ունե­ցաւ Մի­լա­նո­յի քա­ղա­քա­պե­տին եւ տեղւոյն հա­մայնքի ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն հետ:
Վե­նե­տի­կի մէջ Մխի­թա­րեան միա­բա­նութեան վա­նա­հայրե­րուն եւ Վե­նե­տի­կի հայ հա­մայնքի ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն հետ տե­սակցութեան ընթացքին վարչա­պե­տը անդրա­դարձաւ միա­բա­նութեան անգնա­հա­տե­լի դե­րա­կա­տա­րութեան, ա­նոր ունե­ցած գի­տա­կան հսկա­յա­կան ժա­ռանգութեան:

Ա­պա ան խօ­սե­ցաւ սփիւռքա­հա­յութեան մա­սին. «Հա­յաստա­նը հայ ժո­ղո­վուրդի պե­տութիւնն է: Ա­մէն հայ, անկախ անկէ ե­թէ կ՛ապրի Հա­յաստա­նի մէջ, թէ ոչ, պէտք է ապրի Հա­յաստա­նով», շեշտեց Նի­կոլ Փա­շի­նեան` աւելցնե­լով, որ իւրա­քանչիւր կա­ռա­վա­րութիւն պէտք է ունե­նայ ազգա­յին օ­րա­կարգ:
Նի­կոլ Փա­շի­նեան այցե­լեց նաեւ Վե­նե­տի­կի Սուրբ Ղա­զար կղզի, շրջա­գա­յե­ցաւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նութեան տա­րածքին մէջ, իսկ Մխի­թա­րեան միա­բա­նութեան քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան պա­տուի­րակ, Թուրքիոյ Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեցւոյ թե­մի ա­ռաջնորդ Լեւոն արք. Զե­քիեան ներկա­յա­ցուց վերջին օ­րե­րուն Վե­նե­տի­կի մէջ տե­ղի ունե­ցած ջրհե­ղե­ղին հե­տեւանքնե­րը: Ա­նոր հա­մա­ձայն, ջուրով լե­ցուած են շի­նութեան գետնա­յարկե­րը, ե­կե­ղեցւոյ հիմքը, քանդուած է հա­րաւա­յին պարսպա­պա­տը, ո­րոշ ձե­ռա­գիրներ եւ զարդա­քանդակներ վնա­սուած են, ա­փին խարսխուած «Արմե­նիա» ա­ռա­գաստա­նաւը բա­խած է կա­ռա­մա­տոյցին, բայց լուրջ մշա­կութա­յին վնաս չէ կրած Մխի­թա­րեան միա­բա­նութիւնը:

Վարչա­պետ Փա­շի­նեան զօ­րակցութիւն յայտնեց Մխի­թա­րեան միա­բա­նութեան եւ ուրա­խութիւն յայտնեց, որ անդառնա­լի ո­րեւէ վնաս չկայ: «Ե­կած ենք մեր զօ­րակցութիւնը յայտնե­լու ջրհե­ղե­ղէն տուժած Մխի­թա­րեան միա­բա­նութեան, ուրախ եմ, որ անդառնա­լի վնաս չէ պատճա­ռուած: Նաեւ կ՛ուզեմ հայ ժո­ղո­վուրդին գնա­հա­տանքը արտա­յայտել Մխի­թա­րեան միա­բա­նութեան, որ մեր ժա­մա­նա­կա­կից կրթութեան, գի­տութեան, ա­րուեստի աղբիւրնե­րէն մէկն է: Այն ժա­մա­նակ, երբ հա­յութեան ինքնութիւնը վտանգուած էր հայրե­նի­քի մէջ, Մխի­թա­րեան միա­բա­նութիւնը մեր լե­զուի, պատմութեան, ինքնութեան պահպանման տա­ճար մը դարձաւ», գրեց Փա­շի­նեան` «Ոսկեայ մա­տեան»-ին մէջ:
Մի­լա­նո­յի մէջ վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան հանդի­պում ունե­ցաւ Մի­լա­նո­յի քա­ղա­քա­պետ Ճուզեփփէ Սա­լա­յի հետ, ISPI մի­ջազգա­յին քա­ղա­քա­գի­տութեան հիմնարկին մէջ: Մի­լա­նո­յի քա­ղա­քա­պե­տը շնորհա­կա­լութիւն յայտնեց այս այցե­լութեան հա­մար` դի­տել տա­լով, որ Մի­լա­նոն բաց եւ մի­ջազգա­յին քա­ղաք է, եւ այդ է հիմնա­կան տարբե­րութիւնը Ի­տա­լիոյ այլ քա­ղաքնե­րէն:

Մի­լա­նո­յի հայ ա­ռա­քե­լա­կան Սրբոց Քա­ռասնից Մանկանց ե­կե­ղեցւոյ մէջ վարչա­պետ Փա­շի­նեան դի­տել տուաւ, որ Հա­յաստա­նի մէջ նո­րո­գուած է մարդոց հաւատքը` սե­փա­կան ուժե­րուն եւ սե­փա­կան երկրի ա­պա­գա­յին նկատմամբ, դի­տել տա­լով, որ փտա­ծութեան դէմ պայքա­րը միայն կա­ռա­վա­րութեան կամ ի­րաւա­պահ մարմիննե­րու խնդի­րը չէ, այլ նաեւ` քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն: Ըստ Փա­շի­նեա­նի, կա­րիք կայ մտա­ծո­ղութեան փո­փո­խութեան, իւրա­քանչիւր անհատ պէտք է գիտնայ, որ պարտաւոր է հրա­ժա­րիլ ա­մէն տե­սակ փտա­ծութե­նէ: