“Ցեղասպանութիւն ըսաւ”…

10 de febrero de 2017

odyan-paylanՆա­խորդ շա­բաթ Հ­րանդ ­Տին­քի յի­շա­տակ­ման նո­ւի­րո­ւած բա­նա­խօ­սու­թեան մը հա­մար Պեր­լին հրա­ւի­րո­ւած էի: ­Մի­ջո­ցառ­ման յա­ջորդ օ­րը գեր­մա­նա­ցի խումբ մը պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու հետ հան­դիպ­ման հա­մար խորհր­դա­րան այ­ցե­լե­ցի: ­Ռայշ­թա­կի մուտ­քին դաշ­նա­մու­րի հնչիւն­ներ լսե­ցի: ­Զիս դի­մա­ւո­րող­նե­րը պար­զե­ցին, թէ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի դահ­լի­ճին մէջ հրէից ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին յայ­տա­գիր մը կը կա­տա­րուի: ­

Դահ­լի­ճը ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուն էր: ­Բո­լոր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ներ­կայ էին: Ներ­կայ էր նաեւ շան­սէօ­լիէ (վար­չա­պետ) ­Մեր­քէլ եւ բո­լոր նա­խա­րար­նե­րը: ­Բո­լո­րը յոտն­կայս կը ծա­փա­հա­րէին ­Հո­լո­քոս­տի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ձօ­նո­ւած դաշ­նա­մու­րի մե­նա­հա­մեր­գը:

Ի՞նչ կրնամ ը­սել՝ հիա­ցա՜յ:

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը ­Նա­ցինե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով գոր­ծո­ւած մեծ ո­ճի­րին զո­հե­րը կը յի­շա­տա­կէր:
Իսկ ես բո­լո­րո­վին տար­բեր տրա­մադ­րու­թե­նէ մը կու գա­յի: Ան­ցեա­լի դա­ժա­նու­թեան հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լէ խու­սա­փող, այ­սօր նման դա­ժա­նու­թիւ­նը ան­փու­թօ­րէն շա­րու­նա­կող երկ­րէս… ­Ցաւ զգա­ցի երկ­րիս հաշ­ւոյն, ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով ան­ցայ հան­դիպ­ման սրահ…

Հա­զիւ շա­բաթ մը ա­ռաջ, երբ ե­լոյթ ու­նե­ցայ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու նիւ­թով, անդ­րա­դար­ձայ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իմ ժո­ղո­վուր­դին մատ­նո­ւած տան­ջան­քին: ­Խորհր­դա­րա­նէն վտա­րո­ւե­ցայ: Ես, իբ­րեւ հայ ե­րես­փո­խա­նի, խօ­սե­լու ի­րա­ւունք չու­նէի 102 տա­րի ա­ռաջ պա­տա­հած­նե­րուն մա­սին: Իսկ գեր­մա­նա­ցի­նե­րը, ա­ջա­կող­մեան կամ ձա­խա­կող­մեան, իշ­խա­նու­թիւն կամ ընդ­դի­մու­թիւն, ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած՝ մեծ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ կ­՚ա­ռե­րե­սո­ւէին ի­րենց ան­ցեա­լի սխա­լին հետ…

Ոչ ոք կը խոր­հէր, թէ այս­պէ­սով գեր­մա­նա­ցիի ինք­նու­թիւ­նը կը վար­կա­բե­կո­ւի…
Միւս կող­մէ՝ ­Թուր­քիոյ մէջ օր ըստ օ­րէ կը դժո­ւա­րա­նայ պատ­մու­թեան է­ջե­րը թեր­թել:
Տե­սէք, թէ ես այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ինչ­պէ՛ս ապ­րե­ցայ:

Պեր­լի­նեան ո­գե­կո­չու­մէն շա­բաթ մը ա­ռաջ, ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի ամ­պիո­նէն կա­տա­րած ե­լոյթս սկսայ՝ «­Մեծ սխալ մը գոր­ծե­լու սե­մին ենք» ը­սե­լով: «­Կը կա­րօ­տինք մեր հա­սա­րա­կաց հայ­րե­նի­քին բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն — «­Սա՛ իմ սահ­մա­նադ­րու­թիւնն է» ը­սե­լու ար­ժա­նի հա­մա­ձայ­նագ­րի մը»՝ ը­սի:

Ն­պա­տակս ե­րես­փո­խան­նե­րուն Օս­մա­նեան սահ­մա­նադ­րու­թեան պատ­րաստ­ման օ­րե­րու բա­նա­վէ­ճե­րը յի­շեց­նել եւ գոր­ծո­ւած սխալ­նե­րուն դէմ զգու­շաց­նելն էր:

Յի­րա­ւի՝ ­Թուր­քիոյ մէջ շատ քի­չեր գի­տեն, թէ մեր ա­ռա­ջին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը 1876ին բազ­մազ­գի յանձ­նա­խում­բի մը կող­մէ բազ­մա­կող­մա­նի մեր­ձե­ցու­մով պատ­րաս­տո­ւած եւ Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի կող­մէ գրի առ­նո­ւած է: Այդ սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ա­պա չե­ղեալ հա­մա­րո­ւե­ցաւ ­Սուլ­թան ­Հա­մի­տի կող­մէ եւ սկսաւ մին­չեւ 1908 շա­րու­նա­կո­ւած մե­նա­տի­րու­թեան շրջան մը: Ա­պա՝ բո­լորս գի­տենք ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ո­րո­նում­նե­րը, Թա­լիա­թի եւ Էն­վէ­րի յե­ղաշր­ջու­մը ու մեծ ա­ւե­րը…
Այ­սօր խորհր­դա­րա­նի մէջ քննար­կուող սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը «Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում» կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ «­Թուր­քին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը» կը կո­չո­ւի: ­Կը սար­սա­փիմ, քա­նի որ ան­ցեա­լին ­Թա­լիաթ եւ Էն­վէր փա­շա­ներն ալ նման տրա­մա­բա­նու­թեամբ փոր­ձած էին թուր­քի սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը կեր­տել: ­Ժո­ղո­վուր­դին մէկ մա­սը ար­ժա­նի քա­ղա­քա­ցի, մէկ մասն ալ ան­գոյ հա­մա­րած էին: ­Նոյ­նիսկ մէկ մա­սը ի­րաւ ալ ան­գոյ դար­ձու­ցին: 1913-1923 թո­ւա­կան­նե­րու մի­ջեւ մեծ կո­տո­րած­ներ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ, բնակ­չու­թեան փո­խա­նա­կում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան: ­Հայ, ա­սո­րի, յոյն, հրեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցինք:

Խորհր­դա­րա­նը փո­թոր­կե­ցաւ, երբ ա­սոնք պատ­մե­ցի: «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը գոր­ծա­ծե­լով՝ ան­նա­խա­դէպ պա­տի­ժի մը են­թար­կո­ւե­ցայ: Ար­գի­լո­ւե­ցայ մաս­նակ­ցե­լէ սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծի քննարկ­ման յա­ջորդ ե­րեք նիս­տե­րուն: ­Խորհր­դա­րա­նի ամ­պիո­նէն ար­տա­սա­նած խօս­քերս ալ ջնջո­ւե­ցան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէն:

Յա­ջորդ օր ե­ղած­նե­րը հա­մա­ցան­ցէն լսող բա­րե­կամ­ներ «­Կա­րօ, ի­րա՞ւ ես, բայց հի­մա ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ը­սե­լու ժա­մա­նա­կը չէ. չե՞ս տես­ներ, որ եր­կի­րը բռնա­տի­րու­թեան կ­՚եր­թայ»,- կ­՚ը­սէին: ­Հասկ­նա­լի էր ա­նոնց դի­տո­ղու­թիւ­նը: Ամ­բողջ մե­տիան (լրա­տուա­ցան­ցը) «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ը­սաւ» կը գո­ռար: ­Մա­մու­լին յայ­տա­րա­րու­թիւն տո­ւող եր­կու ազ­գա­կից­ներս ալ իմ խօս­քե­րը «ան­տե­ղի» եւ «ան­ժա­մա­նակ» գտած էին:

Չեմ զար­մա­նար: Այս­պի­սի՛ ժա­մա­նակ­նե­րու՝ նման շե­ղում­ներ կրնան պա­տա­հիլ: ­Վա­խը, մտա­վա­խու­թիւ­նը հասկ­նա­լի զգա­ցում­ներ են:

Իմ ալ նպա­տակս սահ­մա­նադ­րու­թեան այս փո­թոր­կոտ պայ­ման­նե­րուն մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդիր մը յա­րու­ցել չեր: Ար­դէն այդ ամ­պիո­նէն քա­նիցս ը­սած եմ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» կամ «հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռե­րը: Ո՛չ մէկ խնդիր պա­տա­հած էր: Այս ան­գամ ալ իմ ե­լոյ­թին բնա­կան ըն­թաց­քին մէջ, ժո­ղո­վուր­դիս գլխուն ե­կած փոր­ձան­քը — ինչ­պէս միշտ կ­՚ը­նեմ — ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կո­չած էի:

Բայց այս ան­գամ նա­խա­տինք­ներ, ճգնա­ժամ… Ա­ռար­կող­նե­րուն «­Լաւ՝ դուք ա­նո­ւա­նե­ցէք» ը­սի: «Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում» կու­սակ­ցու­թիւ­նը այդ գի­շեր «Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում» կու­սակ­ցու­թեան սպառ­նաց՝ «Ե­թէ ­Կա­րօն խորհր­դա­րա­նէն չնե­տէք, սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծին չենք զօ­րակ­ցիր» ը­սե­լով: Խորհր­դա­րա­նի ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու միա­տեղ ձայ­նե­րով ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցին: Ազ­գայ­նա­կան ճա­կա­տին քա­ղա­քա­կան լին­չին են­թար­կո­ւած էի:

Մինչ­դեռ իմ նպա­տակս ոչ թէ բա­նա­վէճ ստեղ­ծել, այլ՝ ան­ցեա­լէն դաս քա­ղե­լով այս հո­ղե­րուն վրայ նոյն սխալ­նե­րու կրկնու­թիւ­նը կան­խել էր: ­Կայս­րու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սահ­մա­նադ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին ինչ­պէս բազ­մազ­գի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը միա­տարր ազ­գի մը վե­րա­ծել փոր­ձե­լը, միա­պե­տա­կան հա­մա­կար­գին ինչ տե­սակ ա­ղէտ­նե­րու պատ­ճառ դառ­նա­լու վտան­գը մեզ՝ 2017ին նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը պատ­րաս­տող­նե­րուս բա­ցատ­րել ու­զե­ցի:

Ես շատ լաւ գի­տեմ, թէ մեզ նման քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն սխալ­նե­րը ի՜նչ մեծ ա­ղէտ մը պատ­ճա­ռած են իմ նախ­նեաց գլխուն: ­Խորհր­դա­րա­նի վեր­ցո­ւե­լով՝ ան­գամ մը եւս պի­տի կա­յա­նայ Էն­վէ­րի եւ ­Թա­լիա­թի մի­ջա­վայ­րը: Մ­շա­կո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծը երկ­րի վար­չու­թիւ­նը ան­հա­տա­կան կամ­քի, անձ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան կը տա­նի: Ան­ցեա­լի ա­ղէտ­նե­րուն կրկնու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նայ: Այս բո­լո­րը տես­նել ու լռել՝ երկ­րի ժո­ղո­վուր­դին դա­ւա­ճա­նել կը նշա­նա­կէ:

Մ­տա­հոգ եմ «թուր­քի սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը» ը­նե­լու հա­մար ճամ­բայ ել­լող, նախ­քան գոր­ծի լծո­ւի­լը քիւրտ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը բան­տար­կող, իր ե­րես­փո­խան­նե­րուն չվստա­հե­լով՝ ա­նոնց քո­ւէար­կու­թեան մի­ջամ­տող այս խորհր­դա­րա­նին երկ­րի ղե­կը ան­պա­տաս­խա­նա­տու ան­հա­տի մը յանձ­նե­լուն դժբախտ հե­տե­ւանք­նե­րը պի­տի ապ­րինք:

Այս մե­նա­տի­րու­թեան պատ­ճա­ռաւ կայս­րու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բնակ­չու­թեան 40 տո­կո­սը կազ­մող քրիս­տո­նեայ եւ հրեա­նե­րը այ­սօր նուա­զած են մէկ հա­զա­րե­րոր­դի հա­մե­մա­տու­թեամբ: ­Մենք շատ սուղ հա­տու­ցած ենք: ­Բայց ոչ միայն մենք, այլ եր­կի­րը նո­ւա­զե­ցաւ: ­Քա­նի մը հո­գի­նե­րու մեղ­քով բո­լո­րը ա­րա­տա­ւո­րո­ւե­ցան:

Ին­ծի հա­մար խնդի­րը խորհր­դա­րա­նի մէջ խօս­քի ա­զա­տու­թեան բռնա­բա­րու­մը, ընտ­րող­նե­րու կամ­քին ա­նար­գանք կամ «այդ բա­ռը» գոր­ծա­ծել չէ միայն: Ա­սոնք ալ կա­րե­ւոր են: ­Բայց սոս­կա­լի է այն ե­րե­ւոյ­թը, ուր ­Թուր­քիա իր պատ­մու­թեան «ան­գամ մըն ալ եր­բեք» ը­սե­լով զգու­շա­ցո­ւած ուղ­ղու­թեան եր­թա­լու վճռած կ­՚ե­րե­ւի: Ազ­գա­յին դա­շին­քի մը վե­րա­ծո­ւած ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն-հսկո­ղու­թիւն-ար­գե­լակ չու­նե­ցող մե­նա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գի մը վա­զե­լով եր­թա­լու ե­րե­ւոյթն է սար­սա­փե­լին:

Նոր շրջա­նին ար­հա­մար­հո­ւած­նե­րը կա՛մ «ան­ձայն»ու­թեան պի­տի մատ­նուին, կա՛մ պի­տի ապս­տամ­բին եւ կամ ալ պի­տի գաղ­թեն…

Ճիշդ 100 տա­րի ա­ռա­ջո­ւայ պէս…
Բո­լորն ալ եր­կի­րը կը վի­րա­ւո­րեն, կը պակ­սեց­նեն:
Կր­նանք բո­լո­րիս ալ տու­ժած մէկ շրջա­նը թե­ւա­կո­խել:
Մինչ­դեռ միաս­նա­բար կրնանք շա­հիլ

ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ «Ակօս»