«Ցիւրիխեան Արձանագրութիւններ»ը Հայաստան յայտարարելու է առ ոչինչ»,- հաստատեց նախագահ ­Սերժ Սարգսեան

22 de septiembre de 2017

ONU 4Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան 19 ­Սեպ­տեմ­բե­րին Մ.Ա.Կ.ի կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի 72րդ նս­տաշր­ջա­նին եւ ար­տա­սա­նեց Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան խօս­քը, ո­րուն մէջ յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ ­Ցիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րո­ւած «­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ»ուն եւ ը­սաւ.- «­Մենք ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եր­բեք նա­խա­պայ­ման չենք դարձ­րել ­Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիա­յի երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կա­նո­նա­կար­գե­լու հա­մար: Ա­ւե­լի՛ն, հէնց Հա­յաս­տա­նի նա­խա­ձեռ­նած գոր­ծըն­թա­ցի շնոր­հիւ 2009 թո­ւա­կա­նի ­Հոկ­տեմ­բե­րին կնքո­ւե­ցին «­Ցիւ­րի­խեան Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ»ը:

«Այդ փաս­տաթղ­թերն առ այ­սօր չեն վա­ւե­րա­ցո­ւել եւ հանգ­րո­ւա­նել են պաշ­տօ­նա­կան Ան­գա­րա­յի մութ գզրոց­նե­րում: ­Թուր­քիա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ան­հե­թեթ նա­խա­պայ­ման­ներ է ա­ռաջ քա­շում դրանք վա­ւե­րաց­նե­լու հա­մար, ո­րոնք բնաւ չեն բխում ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րի տա­ռից եւ ո­գուց: Այդ ա­մէ­նի հան­դէպ հայ ժո­ղովր­դի յստակ վե­րա­բեր­մուն­քը ես ար­տա­յայ­տե­ցի ե­րեք տա­րի ա­ռաջ` այս բարձր ամ­պիո­նից:

«Այժմ ե­կել է լրա­ցու­ցիչ պար­զա­բա­նում տա­լու ժա­մա­նա­կը: ­Թուր­քիա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը սխալ­ւում է, ե­թէ մտա­ծում է, որ ին­քը կա­րող է առ­յա­ւէտ պա­տանդ վերց­նել այդ փաս­տաթղթե­րը եւ վա­ւե­րաց­նել միայն ի­րեն յար­մար ա­ռի­թով: Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը բա­նակ­ցո­ւել են ներ­կա­յիս պայ­ման­նե­րում` առ­կայ խնդիր­նե­րին լու­ծում գտնե­լու հա­մար:

«Դ­րանց կեն­սա­գործ­ման ուղ­ղու­թեամբ շա­րու­նա­կա­բար ո­րե­ւէ դրա­կան տե­ղա­շար­ժի բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րում, ­Հա­յաս­տա­նը այդ եր­կու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը յայ­տա­րա­րե­լու է առ ո­չինչ: ­Մենք 2018 թո­ւա­կա­նի գա­րուն ենք մտնե­լու ա­ռանց այդ — ինչ­պէս, ցա­ւօք սրտի, փոր­ձը ցոյց տո­ւեց — սին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րի:

«­Հա­յաս­տա­նը, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, շա­րու­նա­կում է հա­մո­զո­ւած լի­նել, որ իւ­րա­քան­չիւր եր­կու հա­րե­ւան պե­տու­թիւն­ներ պար­տա­ւոր են հիմ­նել եւ վա­յե­լել կա­նո­նա­ւոր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ` ի­րենց մի­ջեւ հնա­րա­ւոր բո­լոր տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը քննար­կե­լու եւ դրանց լու­ծում­նե­րը գտնե­լու նպա­տա­կով»,- դի­տել տո­ւաւ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը:

Ան իր խօս­քին մէջ նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խեան տագ­նա­պի լուծ­ման, ատր­պէյ­ճա­նա­կան ռազ­մա­տենչ եւ հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան` վե­րա­հաս­տա­տե­լով հայ­կա­կան կող­մի այն մօ­տե­ցու­մը, թէ տագ­նա­պի լու­ծու­մը պէտք է ըլ­լայ խա­ղաղ մի­ջո­ցով:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն` ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց այն բո­լոր եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնք ճանչ­ցած են ա­ւե­լի քան դար մը ա­ռաջ գոր­ծադ­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: