Հո­լան­տա­յի մէջ

Ցոյց` Սումգայիթեան ջարդերու եւ Արցախեան Ազատամարտի 30ամեակին առիթով

01 de marzo de 2018

holanda-protestas-ArtsajԼա ­Հէի խա­ղա­ղու­թեան ա­տեա­նի շէն­քին մօ­տէն ճամ­բայ ե­լաւ ­Հո­լան­տա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած հայ­կա­կան քայ­լար­շաւ-ցոյ­ցը` նո­ւի­րո­ւած ­Սում­գա­յի­թեան ջար­դե­րու եւ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի 30ա­մեա­կին:

Ըստ Armenpress.amի՝ ցու­ցա­րար­նե­րը քայ­լար­շա­ւով ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թիւն:

Քայ­լար­շաւ-ցոյ­ցին մաս­նակ­ցե­ցան «­Հո­լան­տա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ֆե­տե­րա­սիոն»ի, ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի, Հ.Յ.Դ. ­Հո­լան­տա­յի «­Գա­րե­գին Նժ­դեհ» Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Ցոյ­ցին գլխա­ւոր պա­հան­ջը ուղ­ղո­ւած էր Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան տրա­մադ­րու­թեանց դէմ: ­Ցու­ցա­րար­նե­րը պա­հան­ջե­ցին յար­գել Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­ւուն­քը: