Փարաջանովի գործերուն նուիրուած ցուցահանդէս Պոլսոյ մէջ

08 de diciembre de 2018

Sergey_Parajynov_13ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».– Պէյօղլուի «Փերա թանգարան»-ը կը պատրաստուի ցուցահանդէսի մը, որ անկասկած կոչուած է մեծ շարժում ստեղծելու Թուրքիոյ արուեստասէր շրջանակներէ ներս։ Արդարեւ թանգարանը 12 Դեկտեմբերին պիտի բանայ հայ նշանաւոր ու արտակարգ նկարիչ, շարժապատկերի բեմադիր Սերգէյ Փարաջանովի գործերուն նուիրուած ցուցահանդէս մը։

Այսպիսի ցուցահանդէսի մը բացումը արուեստի դէպք է, Փարաջանով մօտիկ անցեալի ամենէն ինքնատիպ, ամենէն հնարամիտ նկարիչներէն մէկը հանդիսացած է։ Անոնք որ անգամ մը այցելած են Երեւանի մէջ Փարաջանովի թանգարանը, չեն կրնար մոռնալ այն բացառիկ տպաւորութիւնը, զոր մարդ կը զգայ այս արտակարգ մարդուն ստեղծագործութիւններուն դիմաց։ Իրականութեան մէջ Փարաջանով միայն նկարիչ չէ, ան փողոց նետուած ամենէն անպէտ ու աւելորդ նիւթերն անգամ քով-քովի բերելով արուեստի գլուխ-գործոցներ ստեղծած է։

Ինչպէս պիտի յիշուի, ան նաեւ շարժանկարի բեմադիր եւ դերասան էր ու մեծ համբաւի տիրացած՝ Սայեաթ-Նովայի նուիրուած «Նռան գոյնը» ժապաւէնով։ Պոլսոյ մէջ մրցանակ ստացած էր նաեւ անոր «Աշուղ Ղարիպ» ժապաւէնը։ Այս բոլորէն ետք յայտնի կը դառնայ, թէ ինչպիսի՛ ցնցիչ տպաւորութիւն պիտի ստեղծէ Փարաջանովի ցուցահանդէսը։ Անշուշտ դեռ չենք գիտեր, թէ ինչեր պիտի ներկայացուին Պոլսոյ մէջ։ Բայց կը տեղեկանանք, որ Երեւանի թանգարանի բազմամեայ տնօրէն Զաւէն Սարգսեան այս օրերուն Պոլիս եկած է ցուցահանդէսի պատրաստութեան մանրամասնութիւնները քննարկելու նպատակով։