Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դով` Աս­տու­ծոյ շնորհ­քը յայտ­նե­ցաւ

Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դով` Աս­տու­ծոյ շնորհ­քը յայտ­նե­ցաւ

28 de diciembre de 2017

Nerses bedrosՔ­րիս­տո­սի գա­լուս­տը յաշ­խարհ իր ծնուն­դով` գե­րա­զանց ու­րա­խու­թեան յատ­կա­նիշն է ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ, ա­մէն բա­նէ վեր:

Այս ու­րա­խու­թիւ­նը սա­կայն բաղ­դա­տե­լի չէ մարդ­կա­յին այլ ու­րա­խու­թիւն­նե­րու հետ, ո­րով­հե­տեւ ան­ցո­ղա­կի դէպ­քի մը, հա­ճո­յա­լի զգա­ցո­ղու­թեան մը առ­թած յու­զու­մը չէ, որ պահ մը կ­՛ա­ռինք­նէ մեզ ու կ­՛ան­հե­տա­նայ. պտուղն է անկրկ­նե­լի ե­ղե­լու­թեան մը, որ Աս­տու­ծոյ ծրա­գի­րին մէջ էր ի յա­ւի­տե­նից. ան­կեալ, մե­ղա­պարտ մարդ­կու­թեան դա­տավ­ճի­ռին բե­կումն է, կոր­սո­ւած շնորհ­քին վերս­տա­ցու­մը եւ վե­րա­դար­ձը սկզբնա­կան ան­մե­ղու­թեան, որ բերկ­րու­թեան դռնե­րը կը բա­նայ մար­դուն առ­ջեւ:

Ա­յո՛, Ք­րիս­տոս, իր աս­տո­ւա­ծա­յին բնու­թիւ­նը ա­նեղծ պա­հե­լով հան­դերձ, իր ­Հօր կամ­քով, բայց լիա­յօ­ժար հա­ւա­նու­թեամբ, ո­րո­շեց մարդ­կա­յին բնու­թիւնն ալ զգե­նուլ, եւ ա­ռանց մեղ­քէն ա­րա­տա­ւո­րո­ւե­լու` աշ­խար­հի մեղ­քե­րը իր վրան ա­ռաւ, մարդ­կա­յին բո­լոր տկա­րու­թիւն­նե­րուն են­թար­կո­ւե­ցաւ ու ցա­ւե­րը ճա­շա­կեց: Այդ բո­լո­րը միակ մի­ջոցն էին` ջնջե­լու ա­հա­ւոր բի­ծը, որ այ­լա­պէս յա­ւի­տեանս դրոշ­մո­ւած պի­տի մնար՝ դա­տա­պար­տո­ւած ա­րա­րա­ծին ճակ­տին վրայ:

Աս­տո­ւած կրնար ան­տար­բեր մնալ ըմ­բոստ մար­դուն հան­դէպ եւ թո­ղուլ, որ ան կրէ ու քա­ւէ իր մեղ­քը` ար­ժա­նա­ւոր պա­տի­ժով: ­Բայց Աս­տո­ւած ի բնու­թե­նէ սէր է, ան սի­րոյ ա­րար­քով մը ստեղ­ծեց մար­դը, «իր պատ­կե­րի՛ն հա­մե­մատ ստեղ­ծեց զայն»,- կ­՛ը­սէ սուրբ-գրա­յին պատ­մի­չը: Իսկ սէ­րը, իր կար­գին` ան­բա­ժա­նե­լի է գու­թէն, ո­ղոր­մու­թե­նէն:

Ինչ­պէս կ­՛ը­սէ ­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ` «­Սէ­րը նե­րող է, սէ­րը ո­խա­կալ չէ, սէ­րը կ­՛ար­դա­րաց­նէ ա­մէն բան»: Ե­թէ մար­դուն վա­յել է այդ սէ­րը, որ­քա՛ն ա­ւե­լի` Աս­տու­ծո՛յ:

Կր­նանք ա­ւելց­նել ա­ռա­քեա­լին խօս­քե­րուն վրայ, թէ սէ­րը շնո՛րհք է: Ո՛չ ոք ար­ժա­նի է սի­րոյ, ո­րով­հե­տեւ սէ­րը պար­գե՛ւ է, որ ձրիօ­րէն կը տրո­ւի սի­րո­ւած ան­ձին: Ե­թէ այդ­պէս չըլ­լար` մենք եր­բե՛ք պի­տի չստա­նա­յինք սէ­րը` գե­րա­գոյն շնորհ­քը: ­Սէ­րը մին­չեւ ծայ­րա­յե­ղու­թեան կրնայ տա­նիլ: Եւ ի­րօք, «Աս­տո­ւած այն­քա՛ն սի­րեց աշ­խար­հը, այ­սինքն մարդ­կու­թիւ­նը, որ մին­չեւ իսկ իր ­Միա­ծի­նը տո­ւաւ աշ­խար­հին, որ­պէս­զի ան չկոր­սո­ւի, այլ ստա­նայ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը» (­Յովհ. 3, 16):
Սէր եւ Շ­նորհք: Ան­բա­ժա­նե­լի յատ­կա­նիշ­նե­րը Աս­տու­ծոյ: ­Մին ա­ռանց միւ­սին` չի կրնար գո­յու­թիւն ու­նե­նալ: Այն աս­տի­ճան, որ Աս­տու­ծոյ ան­սահ­ման սէ­րը ստի­պեց զինք, որ իր Միա­ծի­նը զո­հէ ի սէր մարդ­կու­թեան: Եւ Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան երկ­րորդ Ան­ձը մար­մին ա­ռաւ` տկար, դիւ­րա­բեկ, ան­մեղ ման­կան մը կեր­պա­րան­քով, որ­պէս­զի մատ­չե­լի դառ­նայ մար­դուն: Ո՛ր­քան տար­բեր` ­Հին Կ­տա­կա­րա­նի աս­տուծ­մէն, որ հրա­կէզ մո­րե­նիի մէջ կը յայտ­նո­ւէր` ահ ու դող պատ­ճա­ռե­լով իր ա­րա­րա­ծին: Ո՞վ կրնար հա­մար­ձա­կիլ մեր­ձե­նալ ա­նոր: Եւ ոչ իսկ նա­յուա՛ծ­քը կա­րե­լի էր ուղ­ղել ա­նոր:

Աշ­խար­հի Փր­կի­չը չու­զեց աշ­խար­հին յայտ­նո­ւիլ ո­րո­տու­մի ու փայ­լակ­նե­րու մէջ, ինչ­պէս սո­վոր էր ը­նել իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րուն հետ: Ա­ւե­տա­բեր հրեշ­տակ մը ղրկեց` ան­ծա­նօթ, հա­մեստ աղջ­կայ մը, զոր ոչ ոք կը ճանչ­նար: Հ­րեշ­տա­կին ա­ռա­ջին խօս­քը ե­ղաւ.- «­Մի՛ վախ­նար ­Մա­րիամ, դուն Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ շնո՛րհք գտար: Որ­դի՛ մը պի­տի յղա­նաս, եւ զայն ­Յի­սո՛ւս պի­տի կո­չես. ան իր ժո­ղո­վուր­դը պի­տի փրկէ իր մեղ­քե­րէն»: Եւ այս պա­տա­հե­ցաւ,- կը մեկ­նէ ա­ւե­տա­րա­նի­չը, որ­պէս­զի ի­րա­կա­նա­նայ մար­գա­րէու­թիւ­նը. «­Տէ­րը ը­սաւ` Որ­դի մը պի­տի ծնի կոյ­սէ մը, ո­րուն ա­նու­նը պի­տի դրո­ւի Էմ­մա­նո­ւէլ, այ­սինքն` Աս­տո­ւած մե­զի՛ հետ»:

Աս­տո­ւած ո՛չ միայն մե­զի հե՛տ ե­ղաւ, այլ մեզ­մէ մի՛ն դար­ձաւ: ­Մեր մարդ­կա­յին բո­լո՛ր յատ­կա­նիշ­նե­րը ա­ռաւ, նե­րա­ռեալ տկա­րու­թիւնն ու նո­ւաս­տա­ցու­մը, նա­խա­տինքն ու հա­լա­ծան­քը, սկսեալ ծնուն­դէն՝ ա­խո­ռի մը մէջ, մին­չեւ մահ, եւ ա­մէ­նէ՛ն ստոր­նա­ցու­ցի­չը մա­հե­րուն՝ խա՛­չը, ո­րուն վրայ կը գա­մո­ւէին ոճ­րա­գործ­նե­րը: Եւ այդ բո­լո­րը` մեզ փրկե­լու հա­մար մեղ­քէն ու մա­հէն:

Ծ­նուն­դի ա­ւե­տի­սը, որ հնչեց ­Բեթ­ղե­հէ­մի մսու­րին վրայ եւ ծա­ւա­լե­ցաւ ամ­բողջ տիե­զեր­քի մէջ` ար­ձա­գան­գե­լով մեր տա­ճար­նե­րուն ու բնա­կա­րան­նե­րուն, պա­լատ­նե­րուն ու խրճիթ­նե­րուն մէջ, պի­տի շա­րու­նա­կէ հնչել բո­լո՛ր վայ­րե­րուն մէջ, ուր կայ մեղ­քով բեռ­նա­ւո­րո­ւած մար­դը:

Սա­կայն ո՞ւր է այդ խա­ղա­ղու­թիւ­նը, որ խոս­տա­ցո­ւե­ցաւ մսու­րին վրայ, ո­րուն կը տեն­չայ մարդ­կու­թիւ­նը, ա­ռանց վհա­տե­լու, քա­նի որ Աս­տո­ւած ի՛ն­քը խոս­տա­ցաւ զայն:

Խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ինչ­պէս սէ­րը, շնո՛րհք է: Ա­նոր նման` պար­գեւ է, որ կ­՛ըն­դու­նո­ւի կամ կը մեր­ժո­ւի մար­դոց­մէ, ա­զա­տօ­րէն: ­Սա­կայն բո­լոր մար­դի­կը չե՛ն բաղ­ձար, չե՛ն հե­տապն­դեր խա­ղա­ղու­թիւ­նը, երբ ան հա­կա­սէ ի­րենց շա­հե­րուն կամ ծրա­գիր­նե­րուն: Եւ այդ­պէս կը ծա­գին խռո­վու­թիւն­նե­րը, ան­վերջ պա­տե­րազմ­ներն ու ա­նոնց հե­տե­ւող ա­ղէտ­նե­րը: Այս տխուր պատ­կե­րը ցայ­տուն կեր­պով կը պար­զո­ւի մեր առ­ջեւ` այ­սօր, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ, աշ­խար­հի այն մա­սին մէջ, ուր ­Հին թէ ­Նոր Ուխ­տե­րը մար­մին ա­ռած են, ուր հնչած է պատ­գա­մը սի­րոյ եւ խոս­տու­մը մարդ­կա­յին փրկու­թեան:

Ք­րիս­տո­սի Ս. Ծ­նուն­դը սրտա­ռուչ, տե­ւա­կան հրա­ւէր է զգաս­տու­թեան, խո­նար­հու­թեան, խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան: ­Պատ­րա՛նք է տօ­նախմ­բու­թիւն սար­քել, հրճո­ւանք ու բերկ­րանք կազ­մա­կեր­պել, ե­թէ իւ­րա­քան­չիւր մարդ, մա­նա­ւանդ ան, որ Ք­րիս­տո­սի հե­տե­ւորդ կ­՛ու­զէ հռչա­կել ինք­զինք, չգոր­ծէ, իր հա­մեստ մի­ջոց­նե­րով ու պայ­ման­նե­րով, հաս­կա­ցո­ղու­թիւն, հա­մե­րաշ­խու­թիւն, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ստեղ­ծե­լու մար­դոց մի­ջեւ, ըն­տա­նի­քին եւ ըն­կե­րու­թեան մէջ: Ա­սոնք են հիմ­նա­կան մի­ջոց­նե­րը` ի­րա­կա­նու­թեան վե­րա­ծե­լու մսու­րին վե­րեւ հնչող պատ­գա­մը, «­Փա՛ռք Աս­տու­ծոյ բար­ձունք­նե­րուն մէջ, եւ խա­ղա­ղու­թիւն երկ­րի վրայ` բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեամբ լի մար­դոց մէջ»:

Մեր միտ­քը կ­՛եր­թայ այս պա­հուս աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ուր ող­բա­լի կա­ցու­թեան մատ­նո­ւած են բազ­մա­թիւ ան­ձեր, հա­սա­րա­կու­թիւն­ներ ու ժո­ղո­վուրդ­ներ, ո­րոնք անձ­նա­սէր ղե­կա­վար­նե­րու քմայ­քին կամ խղճէ զուրկ ոճ­րա­գործ­նե­րու հա­լա­ծան­քին են­թար­կո­ւած են ու կ­՛ապ­րին անս­տոյգ ա­պա­գայ մը դի­մա­կա­լե­լով եւ սպա­սե­լով, որ մարդ­կա­յին խիղ­ճը արթն­նայ օր մը եւ բա­րեխ­նամ ձեռք մը եր­կա­րէ ի­րենց:

Թող այս Ս. Ծ­նուն­դը ար­ծար­ծէ մեր բո­լո­րին սրտե­րուն մէջ` հա­ւատ­քը հան­դէպ Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թեան ու բա­րու­թեան, յոյ­սը` հան­դէպ ա­նոր գու­թին ու ո­ղոր­մու­թեան, սէ­րը` փո­խա­րէն ա­նոր ան­սահ­ման սի­րոյն, եւ պար­գե­ւէ բաղ­ձա­լի խա­ղա­ղու­թիւ­նը մեր Լի­բա­նա­նի, ­Մայր ­Հայ­րե­նի­քի եւ Ար­ցա­խի սի­րե­լի եղ­բայ­րա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն:

Թող միշտ բա­րե­խօս ըլ­լայ մե­զի հա­մար Աս­տո­ւա­ծա­մայ­րը, որ միշտ կը բաժ­նէ մեր յոյ­սերն ու իղ­ձե­րը, ո­րուն այն­քան վստա­հու­թեամբ կը դի­մէին մեր հա­յե­րը` եր­գե­լով.

Մա՛յր սուրբ սքան­չե­լի լու­սոյն,
որ ցնծու­թիւն աշ­խար­հի ծնար զբանն Աս­տուած,
ա­ղա­չեա՛ վասն մեր զառ ի ­Քէն զ­Մարմ­նա­ցեալն զի լռես­ցեն պա­տե­րազ­մունք,
դա­դա­րես­ցին յար­ձակ­մունք թշնա­մեաց,
տնկես­ցի սէր եւ ար­դա­րու­թիւն ի յերկ­րի.
ա­ղա­չե՛մք, ­Մա՛յր սուրբ, բա­րե­խօ­սեա՛:

Ք­րիս­տո­սի Ս. Ծ­նուն­դը թող նոր լոյս ու շնորհք պար­գե­ւէ մեր ազ­գին բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն ու խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տէ հա­մայն աշ­խար­հի վրայ:

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կա­թո­ղի­կոս-­Պատ­րիարք՝
Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կէ հա­յոց