Նազարէթ Պէրպէրեան

1 ­Մարտ 2008. Բռ­նիշ­խա­նու­թեան ա­մօ­թա­լի խա­րա­նը եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան խռո­վու­թեանց ծան­րակ­շիռ դա­սը

01 de marzo de 2018

2008-protestas-2Մար­տի ա­ռա­ջին օ­րը, տա­սը տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ան­նա­խա­դէպ ող­բեր­գու­թեան մը ա­կա­նա­տե­սը դար­ձուց ոչ միայն աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դը, այ­լեւ՝ քա­ղա­քա­կիրթ ամ­բողջ աշ­խար­հը։

Փետ­րո­ւար 2008ի վեր­ջին գի­շե­րուան ուշ ժա­մե­րէն սկսեալ, քա­ղա­քա­ցիա­կան խռո­վու­թեանց եւ եղ­բայ­րաս­պան պա­տե­րազ­մի չա­րա­բաս­տիկ ու­րո­ւա­կան մը թե­ւա­ծեց քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին ու շրջա­կայ­քին վե­րե­ւը, յատ­կա­պէս հա­րա­ւա­կող­մը՝ Ալ. ­Միաս­նի­կեա­նի ար­ձա­նին մեր­ձա­ւո­րու­թեամբ։

Հա­յու­թեան հետ նաեւ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը ցնցո­ւե­ցաւ՝ ի տես ոչ միայն նոյն ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն՝ ցու­ցա­րար­նե­րու եւ զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու մի­ջեւ ա­րիւ­նա­լի բա­խում­նե­րու, այ­լեւ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նէն ներս վա­ճա­ռա­տուն­նե­րու եւ պա­տա­հա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րու ջախ­ջախ­ման ու կո­ղո­պու­տի տե­սա­րան­նե­րուն, ո­րոնք վայր­կեա­նը վայր­կեա­նին հե­ռար­ձա­կո­ւե­ցան աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։

Վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ե­րի­տա­սարդ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ճակ­տին ա­մօ­թի խա­րան մը ե­ղան 1 ­Մարտ 2008ի խռո­վու­թիւն­նե­րը՝ խորհր­դան­շե­լով քա­ղա­քա­կան բրտու­թեան խո­ցով ու ցա­ւով հի­ւան­դա­գին գա­լա­րու­մը հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րու կա­յաց­ման դժո­ւա­րին ճա­նա­պար­հին։

Տա­կա­ւին այ­սօր եւս, երբ ար­դէն տա­սը տա­րո­ւան հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը կը նե­տենք ­Մարտ 1ին մեր հայ­րե­նի­քը ծան­րա­գոյն անձ­կու­թեան մատ­նած քա­ղա­քա­ցիա­կան ող­բեր­գու­թեան վրայ, ի վի­ճա­կի չենք ամ­բող­ջա­կան եւ սպա­ռիչ պա­տաս­խա­նը գտնե­լու այն մեծ հար­ցադ­րու­մին, թէ՝ ին­չո՞ւ պա­տա­հե­ցաւ այդ­պի­սի գա­հա­վի­ժում մը մեր երկ­րի ու ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հին շուրջ խմբո­ւած ու­ժե­րը ին­չո՞ւ բիրտ ու­ժով իշ­խա­նու­թեան տի­րա­նա­լու փորձ կա­տա­րե­ցին եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ի՞նչ էր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժի­նը Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ եւ եր­րորդ նա­խա­գահ­նե­րուն շուրջ խմբո­ւած ու­ժե­րուն, այ­սինքն՝ օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թեանց եւ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն, ­Մարտ 1ի խռո­վու­թեանց եւ զի­նեալ բա­խում­նե­րու հրահ­րու­մին մէջ։

Փաս­տօ­րէն դեռ մին­չեւ այ­սօր թա­փան­ցիկ ու սպա­ռիչ հա­շո­ւե­տո­ւու­թեամբ տրո­ւած չէ Մարտ 1ի խռո­վու­թեանց քա­ղա­քա­կան ան­կողմ­նա­կալ գնա­հա­տա­կա­նը։ ­Յատ­կա­պէս այդ նպա­տա­կով կազ­մո­ւած խորհր­դա­րա­նա­կան խառն յանձ­նա­ժո­ղովն ան­գամ, քա­նի մը ան­գամ եր­կա­րաձ­գե­լէ ետք իր աշ­խա­տան­քի ամ­բող­ջաց­ման ժամ­կէ­տը, ի վեր­ջոյ սու­սու­փուս ձեռ­քե­րը լո­ւաց եւ մէկ կողմ քա­շո­ւե­ցաւ, երբ չկրցաւ հիմ­նա­կան հար­ցադ­րու­մին պա­տաս­խա­նը գտնել կամ… ներ­կա­յաց­նել հայ հան­րու­թեան դա­տաս­տա­նին։

Ան­շուշտ դժո­ւար չէր պար­զել եւ դիւ­րին ե­ղաւ ճշդել պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժի­նը բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րու եւ ցոյ­ցե­րու կազ­մա­կերպ­ման ձեռ­նա­մուխ ե­ղած քա­ղա­քա­կան ճամ­բա­րին, որ կը գլխա­ւո­րո­ւէր ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի կող­մէ։ ­Բայց նոյն­քան պարզ չէր եւ մին­չեւ վերջ ալ դժո­ւար ե­ղաւ ստու­գա­պէս ճշդել, թէ պաշ­տօ­նա­ւարտ նա­խա­գահ Ռ. ­Քո­չա­րեա­նի եւ նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Ս. ­Սարգ­սեա­նի իշ­խա­նա­ւոր ճամ­բարն ու ղե­կա­վա­րած ու­ժա­յին կա­ռոյց­նե­րը, ի­րե՛նք, որ­քա­նո՞վ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժին ու­նե­ցան քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­կադ­րու­թեան եւ լա­րո­ւա­ծու­թեան՝ խռո­վա­րա­րու­թեան այդ աս­տի­ճան սրու­մին մէջ։

Մա­նա­ւանդ որ ­Մարտ 1ի եղ­բայ­րաս­պան ընդ­հա­րում­նե­րը յան­կար­ծա­կի չպա­տա­հե­ցան։ 19 ­Փետ­րո­ւա­րի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեանց ա­ւար­տին հետ, ան­մի­ջա­պէս, ծայր ա­ռին նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի օգ­տին տրո­ւած քո­ւէ­նե­րու 52 տո­կո­սի մե­ծա­մաս­նու­թան ար­դիւն­քը վի­ճար­կող, մեր­ժող եւ բո­ղո­քար­կող Տէր-­Պետ­րո­սեա­նա­կան ճամ­բա­րի հա­ւաք­ներն ու ցոյ­ցե­րը։ ­Շուրջ տա­սը օր շա­րու­նա­կո­ւե­լով՝ այդ հա­ւաք­ներն ու ցոյ­ցե­րը աս­տի­ճա­նա­բար թափ ստա­ցան եւ ա­ւե­լի կարծր առ­ճա­կատ­ման հու­նի մէջ մտան՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան ընդ­հար­ման վտան­գը ան­խու­սա­փե­լի դարձ­նե­լով։

Տար­բեր զար­գա­ցում չէր կրնար ու­նե­նալ 2008ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րա­պայ­քա­րին ողջ ըն­թաց­քը բնո­րո­շած թշնա­մա­կան բե­ւե­ռա­ցու­մը թեկ­նա­ծու­ներ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի եւ Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի մի­ջեւ։ ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րը հիմ­նո­վին ոտ­նա­կո­խող բե­ւե­ռա­ցում մը, որ պե­տա­կան թէ ստո­ւե­րա­յին իշ­խա­նա­ւոր ու­ժե­րու նիւ­թա­կան խայ­ծե­րով եւ սպառ­նա­կան ճնշում­նե­րով՝ զոյգ մրցա­կից­նե­րու հա­կակշ­ռին տակ դրաւ քո­ւէ­նե­րը ընտ­րա­զան­գո­ւա­ծին։ ­Հե­տե­ւան­քը քա­ղա­քա­կան բա­ցա­յայտ ան­զօ­րու­թիւնն էր նա­խա­գա­հա­կան ա­թո­ռին տի­րա­ցած ­Սերժ ­Սարգսեա­նի կողմ­նա­կից­նե­րու ճամ­բա­րին։ ­

Նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հը հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին վստա­հու­թեան բա­րո­յա­կան յե­նա­րա­նը չու­նէր, որ­պէս­զի կա­րե­նար քա­ղա­քա­կա­նա­պէս յաղ­թա­հա­րել ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քին դէմ ծա­ւա­լած տա­րա­ծուն բուռն դժգո­հու­թիւ­նը, որ միայն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նա­կան ճամ­բա­րի հա­ւաք­նե­րուն եւ ցոյ­ցե­րուն շրջա­նա­կով չէր սա­հմա­նա­փա­կո­ւած։

Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս որ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պար­տո­ւած կող­մը քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­կադ­րու­թեանց լա­րու­մին մէջ կը փնտռէր ջու­րին ե­րե­սը մնա­լու յու­սա­հա­տա­կան իր ել­քը, այն­պէս ալ յաղ­թա­կան կող­մը ա­նե­լէն դուրս գա­լու ձեռն­տու ելք նկա­տեց բիրտ ու­ժով ճնշու­մը խռո­վու­թեանց՝ բո­լո­րին հասկց­նե­լու հա­մար, թէ իշ­խա­նու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի է բիրտ ու­ժով պար­տադ­րե­լու իր յաղ­թա­նա­կին «օ­րի­նա­կա­նու­թիւն»ը։

2008-protestas-1Այդ­պէս ալ ե­ղաւ։ Նա­խա­գա­հա­կան իշ­խա­նու­թեան հա­մա­կար­գին կու­րօ­րէն հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած զօ­րա­յին­նե­րը բիրտ ու­ժով փոր­ձե­ցին հա­ւաք­նե­րուն վերջ տալ եւ ցու­ցա­րար­նե­րը ցրո­ւել։ Իսկ այս վեր­ջին­նե­րը ա­ւե­լիով բիրտ, նոյ­նիսկ գրգռիչ ե­ղան ի­րենց հա­կա­դար­ձու­թեան մէջ… Ա­ւե­լի քան տաս­նեա­կով սպա­նեալ եւ բազ­մա­տաս­նեակ վի­րա­ւոր­ներ ին­կան Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան փո­ղոց­նե­րուն վրայ։

Մարտ 1ի խռո­վու­թիւն­նե­րը զսպե­լու եւ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ստեղ­ծո­ւած ա­նիշ­խա­նա­կան մթնո­լոր­տը յաղ­թա­հա­րե­լու կար­գա­խօս­քով՝ իշ­խա­նու­թիւ­նը պա­շար­ման վի­ճակ եւ գրաքն­նու­թիւն հաս­տա­տեց, հա­րիւ­րա­ւոր­ներ բան­տե­րը նե­տեց եւ, ոս­տի­կա­նա­կան պե­տու­թեան մը ամպ­հո­վա­նիին տակ, յա­ռա­ջա­ցաւ դէ­պի նա­խա­գա­հա­կան նոր վար­չա­կազ­մի ձե­ւա­ւո­րու­մը։

Մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը ան­շուշտ օգ­տա­գոր­ծեց ա­ռի­թը։ ­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­զա­տու­թեանց պաշտ­պա­նու­թեան կար­գա­խօս­քով՝ ­Հա­յաս­տա­նով եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նով շա­հագրգ­ռո­ւած մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը յար­մար պա­հը գտան պղտոր ջու­րի մէջ ձուկ որ­սա­լու, հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին վստա­հու­թեան կռուա­նէ զուրկ նա­խա­գա­հա­կան նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թեան ի­րենց պայ­ման­ներն ու հա­շիւ­նե­րը պար­տադ­րե­լու հա­մար։

Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր, հե­տե­ւա­բար, որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ նա­խա­գա­հը իր ընտ­րու­թե­նէն կարճ ժա­մա­նակ ետք յայտ­նո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ այս­պէս կո­չո­ւած «­Ֆութ­պո­լա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան» ո­լո­րապ­տոյ­տին եւ ա­ւա­զախ­րու­մին մէջ ընկղ­մե­լու մե­ծա­պե­տա­կան ծան­րա­գոյն ճնշու­մին տակ…

Այդ ա­մէ­նը, դժբախ­տա­բար, ող­բեր­գա­կան այդ թո­ւա­կա­նէն տա­սը տա­րի ետք իսկ, ոչ միայն դեռ սպիա­ցած վէրք չեն, այ­լեւ պար­բե­րա­կան գա­լա­րում­նե­րով վե­րա­նո­րո­գո­ւող խոց ու ցաւ կը պատ­ճա­ռեն հայ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան։ ­Յու­լիս 2016ի «­Սաս­նայ Ծ­ռեր»ու պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման ա­րիւ­նա­լի, այ­լեւ ա­պար­դիւն փոր­ձին ող­բեր­գու­թիւ­նը ցա­ւա­գին ա­ռու­մով խօ­սուն վկա­յու­թիւ­նը ե­ղաւ շա­րու­նա­կո­ւող ներ­քին… ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան։

Ան­շուշտ շատ ճի­գեր թա­փո­ւե­ցան տաս­նա­մեայ այս ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, որ­պէս­զի Մարտ 1ին բա­ցած վէր­քե­րը ար­մա­տա­կա­նօ­րէն դար­մա­նո­ւին եւ բնաւ չկրկնո­ւին։ Այ­դու­հան­դերձ՝ ար­դէն հա­մա­կար­գի բար­եփոխ­ման եւ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան ա­մէն յոյս կորսն­ցու­ցած ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան հա­մար, ոչ միայն ա­մօ­թի խա­րա­նը դեռ չէ ջնջո­ւած հա­յոց պե­տա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի այն­քան ե­րա­զուած յաղ­թա­նա­կէն, այ­լեւ՝ ա­մէն գնով հայ­րե­նի­քի կա­ռա­վար­ման ղե­կին վրայ մնա­լու ներ­կայ իշ­խա­նու­թեանց վար­քա­գի­ծը յու­սադ­րիչ ե­րաշ­խիք չ­’ըն­ծա­յեր՝ վա­ղո­ւան պայ­ծառ օ­րո­ւան հաս­նե­լու ա­ռու­մով։

Եւ ե­թէ ի­րա­պէ՛ս կայ հա­ւա­քա­կան կամ­քը՝ եր­բեք չկրկնե­լու ­Մար­տի ­Մէ­կը, այդ պա­րա­գա­յին ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր պէտք է թօ­թա­փել ու ձեր­բա­զա­տուիլ հա­մա­կար­գա­յին բա­րե­փոխ­ման եւ «ա­զատ ու ար­դար ընտ­րու­թիւն­ներ»ու կա­յաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ներ­կայ իշ­խա­նու­թեանց խոս­տա­ցած ու ձեռ­նար­կած ամ­բո­խա­վա­րա­կան հռե­տո­րու­թե­նէն։

Հայաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ ժո­ղովրդա­վա­րու­թեան ճակ­տին յա­մե­ցող քա­ղա­քա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան բրտու­թեանց ա­մօ­թա­լի խա­րա­նը կը ջնջո­ւի միայն այն ժա­մա­նակ, երբ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կ­’ամ­րապն­դո­ւին ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մաս­նակ­ցու­թեան կռո­ւան­նե­րը մեր երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին կեան­քին մէջ, երբ կը յար­գո­ւի եւ ակ­նա­ծան­քով կ­’ըն­կա­լո­ւի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցիի քո­ւէն, ա­զա­տօ­րէն ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւուն­քը, որ­պէս­զի իշ­խա­նու­թեան ոչ մէկ յա­ւակ­նորդ փոր­ձէ խա­ղալ քա­ղա­քա­ցիա­կան բե­ւե­ռաց­ման կրա­կին հետ այն­պէս, ինչ­պէս որ պա­տա­հե­ցաւ 1 ­Մարտ 2008ի նա­խօ­րէին, ըն­թաց­քին եւ… ա­ւար­տին։

Որ­պէս­զի վա­ղո­ւան մեր պայ­ծառ օ­րը խարս­խո­ւի 1 ­Մարտ 2008ի ող­բեր­գու­թեամբ ու ան­հար­կի ա­րեան հե­ղու­մով գրո­ւած ան­մո­ռա­նա­լի այն պատ­գա­մին վրայ, թէ՝

— ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հզօ­րու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ քո­ւէի ու­ժով իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն ի­րա­գոր­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան մէջ,
— ­Ժո­ղո­վուր­դի իշ­խա­նու­թեան հաս­տա­տու­մով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ընտ­րու­թեանց եւ ձե­ւա­ւոր­ման ա­զատ ու ար­դար բնոյ­թը,

— ­Պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան իշ­խող հա­մա­կար­գի ար­մա­տա­կան բա­րե­կարգ­ման ու ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման նա­խա­պայ­մա­նը կազ­մա­կեր­պումն ու հզօ­րա­ցումն է ժո­ղովր­դա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան՝ բո­ղո­քի ու ճնշու­մի ան­դի­մադ­րե­լի, ան­խոր­տա­կե­լի շար­ժու­մին։