153,000 տոլար նուիրատւութիւն՝ ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Կեդրոնին

06 de julio de 2018

HOM-donacion-AjurianՀայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կու գայ տեղեկացնելու 200,000 աւստրալիական տոլար (շուրջ 153,000 ամերիկեան տոլար) յատկացումի մասին, որ պիտի կատարուի Հայ Օգնութեան Միութեան՝ ըստ հանգուցեալ տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ծովինար Մատթէոսեաններու կտակի ցանկութեան:

Մատթէոսեանները, որոնք մի՛շտ պատրաստ եղած են օգնելու ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրներու լաւագոյնս գործադրման, իրենց մահկանացուն կնքեցին 2017-ին՝ կտակելով վերոյիշեալ գումարը Հայ Օգնութեան Միութեան, իբրեւ գրաւական այն հաւատքին, զոր ամոլը ունէր ՀՕՄ-ի մարդասիրական առաքելութեան եւ անկէ բխող այլազան ծրագիրներու կենսարար արդիւնաւէտութեան հանդէպ:

Ի տես այս առատաձեռն նուիրատւութեան՝ Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի ատենապետուհի Նորա Սեւակեան նշեց. «Այսպիսի մեծ գումար մը ՀՕՄ-ի «Մօր ու Մանկան» առողջապահական կեդրոնին ու ծննդատան յատկացնելու որոշումը ցոյց կու տայ կտակարարներուն օրինակելի նուիրումը՝ հանդէպ գաղութին ու հայրենիքին»:

Նոյն ոգիով, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեան ըրաւ հետեւեալ հաստատումը. «Մատթէոսեան ամոլի նման բարերարներու նիւթական ու բարոյական անվարան ներդրումներն են որ մեր միութեան կարողականութիւն կու տան իրականացնելու իր առաքելութեան պահանջները՝ յօգուտ մեր ժողովուրդին»:

Շուրջ քառորդ դար առաջ, 1997-ին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը որոշեց Ախուրեանի մէջ կառուցել ու պահել Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ վաւերացուած՝ ոչ-շահաթաբեր առողջապահական կեդրոն մը, ՀՕՄ-ի նիւթական յատկացումներով: Սկզբնական շրջանին, կեդրոնը կոչուած էր ծառայելու Ախուրեան շրջանի վեց մօտակայ գիւղերու 22,000 բնակիչներուն: Իսկ այսօր, երկու տասնամեակներու ծառայութենէ ետք, կեդրոնը իր խնամքը կը տարածէ Շիրակի մարզի աւելի քան 150,000 հիւանդներու վրայ:

Իր մասնագիտացած բժշկական անձնակազմով, կեդրոնը իր տրամադրութեան տակ ունի անհրաժեշտ բոլոր արդիական սարքաւորումները, ներառեալ ձայնագրական եւ ստինքազննական ելեկտրոնային գործիքներ, որոնք կարեւոր են կնախտաբանական, մանկաբարձական ու մանկաբուժական քննութիւններու եւ հարկ եղած խնամքի մատակարարման համար, եւ մատչելի՝ շրջանի բոլոր բնակչութեան, անվճա՛ր: 2005-ին, Ծննդատան կեդրոնի յաւելումով՝ նշանակելիօրէն աւելցած է անվտանգ ծնունդներու թիւը՝ առաջքը առնելով անտեղի մահերու հաւանականութեան: Իսկ անցեալ Յունիսի սկիզբը, կեդրոնը բախտաւորուեցաւ փոքրիկն Գարեգինով, որ դարձաւ ծննդատան 15,000-րդ նորածինը:

Հանգուցեալ զոյգը, բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի աշխատանքները՝ 2005-ին հովանաւորեց վիհատութեան սենեակին ծախսերը:

Նաեւ, ի տես Ախուրեանի մէջ իրականացուած յաջողութիւններուն, նոյն ամսուան ընթացքին ՀՕՄ-ուհի Իշխանուհի Սիմոնեան 30,000 աւստրալիական տոլար նուիրեց ՀՕՄ-ին՝ իր ամուսնութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով:

Այս գումարին կէսը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» առողջապահական կեդրոնին ու ծննդատան, ուր ՀՕՄ-ը հաստատած է յատուկ հիմնադրամ մը, որուն հասոյթէն 150 ամերիկեան տոլար կը յատկացուի ա՛յն ընտանիքներուն, որոնք կը բախտաւորուին իրենց երկրորդ աղջիկ զաւակի ծնունդով՝ աշխարհ եկած ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» ծննդատան յարկին տակ:

Փափաքողները կրնան իրենց նուիրատուութիւնները կատարել հետեւեալ կայքէջին միջոցով՝ http://ars1910.org/give/:

1910-ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), 27 երկիրներու մէջ գործող իր մասնաճիւղերով, ոչ-յարանուանական մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ գաղութներուն եւ նեցուկ կը կանգնի կիներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու: