Ազրպէյճան եւ Ուքրանիա կ՛արգիլեն Արցախի եւ Տոնպասի արտադրութիւններու ներածումը
Ազրպէյճան եւ Ուքրանիա համաձայնած են արգիլել Արցախի եւ Տոնպասի մէջ արտադրուած ապրանքներուն մուտքը իրենց երկիրները. այս մասին կը գրէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, որուն տեղեկութիւններ փոխանցած է Ազրպէյճանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Ալեքսանտր Միշչենքօ:
Ուքրանիոյ նախագահ Փէոթր Փորոշենքոյի Պաքու այցելութեան ընթացքին, երկու պետութիւններուն ղեկավարները յանձնարարած են Ուքրանիոյ եւ Ազրպէյճանի մաքսային կառոյցներու ղեկավարներուն` հանդիպիլ եւ քննարկել վերոնշեալ տարածքներէն ստացուող ապրանքներուն երկիր մուտքի հարցը:
Մաքսային կառոյցներու ղեկավարները հանդիպած են եւ մշակած ծրագիր մը, ըստ որուն` այդ տարածքներէն ապրանքներ կրնան ներածուիլ միայն այն պարագային, եթէ արտօնուած ըլլան Քիեւի կամ Պաքուի կողմէ, յայտնած է Միշչենքօ: