Նախարար Նալբանդեան

“Լափշինի գործը ազդեցութիւն պիտի չունենայ, շուտով բազմաթիւ պլոկըրներ պիտի այցելեն Արցախ”

18 de septiembre de 2017

lapshin_detencionԿառավարութեան հետ հարց-պատասխանի նիստի մը ընթացքին, Ազգային ժողովի «Ծառուկեան դաշինք» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաջեան հարց ուղղեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին: Ազրպէյճանի լրատուամիջոցներու մէջ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի կողմէ յայտարարութիւն մը հրապարակուած է, որուն մէջ մեղանչական դիրքերէ հանդէս եկած է: «Ինչպէ՞ս եղաւ, որ այս հարցով այսպիսի հանգուցալուծում կատարուեցաւ», հարցուց Էնֆիաջեան:

Նալբանդեան նշեց. «Թէ ինչպէս Պաքուն այդպիսի մեղանչական նամակներ կը կորզէ, կ՛երեւի աւելի լաւ կը պատասխանեն Ազրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալները: Ինչ կը վերաբերի Լափշինի գործին, այն ժամանակ մտահոգութիւն կար, որ Լափշինը ձերբակալելէ ետք պլոկըրները Արցախ պիտի չայցելեն, բայց մենք լրիւ հակառակ պատկերը ունեցանք, զբօսաշրջիկները կը շարունակեն այցելել Արցախ: Մօտ 10 երկիրներէ պլոկըրներ այցելեցին Արցախ: 10 երկիրներէ պլոկըրներու նոր խումբ մը պիտի երթայ Արցախ` նկարահանումներու, փառատօներու մասնակցելու: Զբօսաշրջիկներու թիւը կ՛աւելնայ, եւ այսպէս ալ պիտի ըլլայ»:

Վահէ Էնֆիաջեան հարցուց, թէ ո՞րն է երաշխիքը, որ Արցախ այցելող այդ զբօսաշրջիկները պիտի չարժանանան Լափշինի բախտին: Նալբանդեանի կարծիքով` դժուար է բռնել Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ձեռքը, որ անոնք մէկ օրուան մէջ փոխուին կամ այլ քաղաքականութիւն վարեն: Անոր համաձայն, Ազրպէյճան իր ջղաձգային քաղաքականութեան մէջ որոշ փորձեր կը կատարէ, սակայն անոնք հակառակ ազդեցութիւն կ՛ունենան, բաւական է յիշել միջազգային հանրութեան վերաբերմունքը Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ներուն: