Խմբագրական Ազդակ-ի

Բերքառատ Հանգանակութիւն

29 de noviembre de 2017

Fondo Armenia teleton«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2017-ի հանգանակութեամբ գոյացած գումարը, ինչպէս յայտարարուած է, պիտի յատկացուի արթեզեան ջրհորներու հորատումի եւ ոռոգման նոր ցանցի կառուցումի եւ արեւային ուժանիւթով բանող համակարգի տեղադրման:

Երկու նպատակներն ալ Արցախի ժողովուրդի կենսական կարիքներուն հետ սերտօրէն առնչուած են  եւ ըստ էութեան հիմնովին կը սատարեն երկարաժամկէտ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներու իրականացման:

Ապագայագիտութիւնը այս երկու ուղղութիւններուն վրայ յատուկ ուշադրութեամբ կը կեդրոնանայ` ընդգծելու համար թէ՛ ջրային պաշարներու քանակական անկումի պատճառով խնայողութեան անհրաժեշտութիւնը, թէ՛ բնութագրելու համար յառաջիկայ աշխարհաքաղաքական բախումները իբրեւ ջրային պաշարներու տիրացման համար մղուող պատերազմներ. եւ անշուշտ երկրորդը` քարիւղի պաշարներու հատնումի թէ ուղղակի կենսոլորտային շահագրգռուածութեան իբրեւ հետեւանք այլընտրանքային ուժանիւթի համակարգերու  ստեղծման եւ շուկայականացումի համընդհանուր քաղաքականութիւնը:

Արցախը հարուստ է թէ՛ ջրային պաշարներով եւ թէ՛ արեւային ուժանիւթի համակարգի տեղադրման համար եղանակային առաւելութիւններով: Բնական այս երկու պաշարներու նպատակաուղղուած օգտագործման համար է, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը իր վերջին նիստին որոշած է հանգանակութեան համար թիրախային այս երկու ուղղութիւնները:

Համաշխարհային միտումներու եւ արցախեան-ազգային առաջնահերթութիւններու համատեղում գոյութիւն ունի այս ծրագիրներու որդեգրման որոշումին մէջ: Եւ ասոնցմէ կը բխի անշուշտ Արցախի հողամշակման, բերքառատութեան թէ հանրային կառոյցները համապատասխան ուժանիւթով օժտելու շատ կարեւոր ու կենսական միջոցներու ապահովումը:

Իրադրութիւնները այնպէս ընթացած են, որ Արցախի մասին յատկապէս սփիւռքահայ մամուլը առաւելաբար քաղաքական եւ ռազմական ոլորտներու լուսաբանման վրայ կեդրոնացած է: Բանակցային գործընթաց, շփման գիծի վրայ արձանագրուած միջադէպեր` այս իրադարձութիւնները գրաւած են լրատուամիջոցներու կարեւորագոյն տեղերը: Բայց Արցախը նաեւ շնչող, արարող, ապրող ու զարգացող երկիր է, որուն մշակութային, հողամշակման, զբօսաշրջային, կրթական եւ տարբեր ոլորտներու լուսաբանումը եւս նոյնքան անհրաժեշտ է:

Եւ ճիշդ չէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարած աշխատանքին արդիւնքները քաղաքականացուած ոսպնեակով մեկնաբանելը. Նախորդ տարիներու արգասիքին հետ համեմատութիւններ կատարելով սփիւռքի կողմէ որդեգրուած վերապահութեամբ մեկնաբանելը այս կամ այն տարուան հանգանակութեան արդիւնքը:

Հանգամանքները, ժամանակներն ու պայմանները տարբեր են եւ առաջադրանքը համահայկական է կառուցակարգով, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ սփիւռք ներկայացուածութեամբ, հայրենօգուտ ծրագիրներով: Թելեթոն, ֆոնեթոն թէ ռատիոթոն, բոլորն ալ միջոցներ են համազգային համախմբուածութիւն ապահովելու համար:

Լիբանանահայութիւնը, որ բոլոր պատճառները ունի նաեւ ի՛նք եւս ներգրաւուելու համահայկական ծրագիրներու իրականացման մէջ իբրեւ համասփիւռքեան կարեւոր միջավայր, հակառակ իր ապրած տարբեր փուլերու եւ տարբեր բնոյթի ճգնաժամերուն, ոչ մէկ ձեւով զլացած է իր մասնակցութիւնը բերելու հայրենաշինական ծրագիրներուն: Երկրաշարժի աղէտի գօտիին մէջ բնակելի շէնքերու կառուցումէն մինչեւ Գորիս – Ստեփանակերտ մայրուղի, Գորիսի մէջ բժշկական կեդրոններու հիմնումէն մինչեւ Վարդենիս – Մարտակերտ մայրուղիի կառուցում. ու տակաւին Շուշիի Մեծ Շէն գիւղին մէջ համայնքային կեդրոնի կառուցումէն մինչեւ ապրիլեան պատերազմի պատճառով աւերուած շրջաններու վերականգնում կամ պատերազմի հետեւանքներ կրած սուրիահայութեան օժանդակութիւն:

Պատկառելի հանրագումարով կը ներկայանայ լիբանանահայութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագրային շրջանակներուն մէջ իր բերած նպաստով:

Այս անգամ ալ վստահաբար բերքառատ կ՛ըլլայ մեր նուիրատուութիւններու մասնակցութեան թիւն ու ապահովելի արդիւնքը: