“Գերմանիան տեղեակ է այդ երկրին մէջ հաստատուած հայերու եւ ալեւիներու դէմ Թուրքիոյ մէջ ծրագրուող յարձակումներէն” կ՛ըսէ Փայլան
Գերմանիոյ իրաւապահ մարմինները յայտարարած են, որ տեղեակ են Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի այն յայտարարութենէն, թէ Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մէջ, մասնաւորաբար` Գերմանիոյ մէջ մահափորձեր կը նախապատրաստուին Թուրքիայէն այդտեղ հաստատուած անձերու, մասնաւորաբար հայերու եւ ալեւիներու դէմ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ իրաւապահ մարմինները գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ին յայտնած են, որ կ՛ուսումնասիրեն հաւանական յարձակումներու վերաբերեալ տուեալները:
«Տեղեակ ենք վերոնշեալ վտանգէն, անհրաժեշտ աչալրջութեամբ կ՛ուսումնասիրենք կացութիւնը: Սակայն իրավիճակի եւ պաշտպանական միջոցներու ձեռնարկման մասին այլ մանրամասնութիւններ չենք կրնար տրամադրել», կ՛ըսուի գերմանական իրաւապահ մարմիններու յայտարարութեան մէջ:
Փայլան գերմանական լրատուամիջոցի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ մահափորձերու մասին տեղեկութիւն ստացած է արտերկրեայ հետախուզական մարմիններէն, սակայն չի կրնար նշել անոնց աղբիւրը: «Միայն կրնամ ըսել, որ անոնք շատ վստահելի տեղեկութիւններ են», ըսած է ան: Երեսփոխանը նշած է, որ Եւրոպայի եւ գլխաւորաբար Գերմանիոյ մէջ այս տեղեկութենէն ետք որոշ անձեր պաշտպանութեան տակ առնուած են:
Փայլան նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները, որոնց հանդիպած ու խօսած է իր ունեցած տուեալներուն մասին, խոստացած են անհրաժեշտ միջոցներուն ձեռնարկել:
Փայլան «Կազեթետուվար» կայքի լրագրողին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վերահաստատած է այդպիսի ծրագիրի մը գոյութիւնը` աւելցնելով. «Այս պահուս կը գործեն մահափորձերը կատարելու պատրաստուող երեք անձեր»:
Թուրքիոյ մէջ հետապնդումներու պատճառով Գերմանիա հաստատուած հայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ «Տէօչէ Վելլէ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ինք եւս տեղեակ է Փայլանի յայտնած հետախուզական տուեալներէն, որոնք իսկապէս լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն:
Ան յայտնած է, որ խնդիրին առնչութեամբ համապատասխան մարմիններու հետ համագործակցութեան մէջ է: «Թող Թուրքիան անհրաժեշտ ամէն բան ընէ իր քաղաքացիները պաշտպանելու համար», ըսած է ան:
Խնդիրին մասին խօսած է նաեւ Գերմանիոյ ալեւիական միութիւններու համադաշնակցութեան ղեկավար Եըլմազ Քահրամանը, որ նշած է, թէ իրենք շատոնց տեղեակ պահուած են սպառնալիքին վերաբերեալ: Ան ընդգծած է, որ գերմանաբնակ ալեւիները թրքական ծայրայեղական կազմակերպութիւններու թիրախն են: