Նիկոլ Փաշինեան. “Չորեքշաբթի ես հանդիպելու եմ Կարէն Կարապետեանի հետ”
ԵՐԵՒԱՆ.- Հանրապետութիւն հրապարակի վրայ Յաղթանակի տօնախմբութեան համար հաւաքուած բազմահազար ժողովուրդին յայտարարեց, որ Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին Ծիծեռնակաբերդ պիտի երթայ յարգանքի տուրք տալու ցեղասպանութեան զոհերուն: Ան հրաւիրեզ ժողովուրդը Հանրապետութիւն հրապարակ հաւախուելու ու այդ տեղէն միասնաբար քալելու դէպի Ծիծեռնակաբերդ:
Կը ներկայացնենք «Թերթ» լրատուական կայքի ժամանակագրութիւնը Երկուշաբթի օրուան պատմական իրադարձութիւններուն:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` իրենք պէտք է ցոյց տան, որ ժողովրդին պատկանող իշխանութիւնը ի վիճակի է իրավիճակը պահել հարիւր տոկոսով կառավարելի:
«Ես յոյս ունեմ, որ դուք էլ համաձայն կը լինէք, որ այսօրուայ մեր տօնակատարութիւնը որեւէ տհաճ միջադէպով չպէտք է նշանաւորուի: Այսօրուայ մեր տօնակատարութիւնը պէտք է լինի ուրախ, զուարթ, բայց որեւէ ծառի ճիւղի վնաս չպէտք է հասցուի»,- ասաց նա` կոչ անելով զերծ մնալ նաեւ ալկոհոլի օգտագործումից եւ յարգալից լինել ոստիկանների նկատմամբօ- միեւնոյն ժամանակ ակնկալում եւ պահանջում եմ, որ ՀՀ ոստիկանութիւնը նոյնպիսի յարգանք ցուցաբերի ՀՀ յաղթանակած ժողովրդի նկատմամբ»:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` այս պահից սկսած պէտք է զբաղուեն Հայաստանի «շատ մօտ ապագայի կառուցման եւ իրագործման հարցով»:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է այլեւս լինի ազատ եւ երջանիկ պետութիւն: ՀՀ քաղաքացին պէտք է լինի ազատ, երջանիկ եւ բարեկեցիկ: Եւ ես համոզուած եմ, որ մենք միասին շատ շուտով կերտելու ենք, իրականութիւն ենք դարձնելու ազատ եւ երջանիկ Հայաստանը»,- ասաց նա: