Գանատայի Վարչապետ. “Հաճելի է խօսիլ Քանատայի ու Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան մասին”
Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հանդիպումը` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Նախագահ Սարգսեան բարի գալուստ մաղթած է Գանատայի վարչապետին` Հայաստանի մայրաքաղաք եւ Ֆրանսախօս երկիրներու ժամանակաւոր մայրաքաղաք Երեւան:
«Մեր ժողովուրդը շատ լաւ կը ճանչնայ ձեր ընտանիքը: Գանատան Հայաստանի համար շատ հարազատ երկիր է: Մենք միշտ գնահատած ենք Գանատայի ժողովուրդը եւ Գանատայի կառավարութեան ջերմ վերաբերմունքը այն հայերուն նկատմամբ, որոնք կարիքի մէջ են: Հայերը երբեք չեն մոռնար ձեր այն քայլը, երբ դուք անձամբ կ՛ողջունէիք Սուրիոյ մեր հայրենակիցները:
Ասոնք պարզապէս լաւ խօսքեր չեն, ասոնք խոր գնահատանքի խօսքեր են», ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ իր կարգին նշած է. «Ուրախ եմ վերադառնալով Հայաստան: Հաճելի է խօսիլ Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան մասին, որ ունի լաւ պատմութիւն, սակայն շատ աւելի մեծ ապագայի ներուժ»:
Գանատայի վարչապետը բարձր գնահատած է իր երկրի` հայկական ծագում քաղաքացիներու ներդրումը Քանատայի յաջողութեան պատմութեան գործին մէջ:
Գանատայի վարչապետը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Գանատան պիտի կարենան միասին աւելի ամուր ապագայ կառուցել` նշելով, որ հայերը իւրայատուկ ժողովուրդ են, եւ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ըլլան, կը պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ երկու երկիրները կրնան յաջողութեամբ համագործակցիլ կրթութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ:
Վարչապետ Փաշինեանի անունով` պաշտօնական ընթրիք ի պատիւ Գանատայի Վարչապետին
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անունով` ի պատիւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, վարչապետի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընթրիք: Մասնակցած է նաեւ Հայաստան նախագահ Արմէն Սարգսեան:
Արարողակարգին համաձայն, երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները հանդէս եկած են փոխադարձ բաժակաճառերով, անդրադարձած հայ-քանատական յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն