«Իւրաքանչիւր սփիւռքեան երկիր ունի հայուն համար յատուկ ազդեցութիւն, եւ կարեոր է բաղդատական կերպով եւ դրականութեամբ դասեր քաղել իրարմէ», կ’ըսէ Վերապատուելի Տոքթոր Փօլ Հայտոսթեան
Պուէնոս Այրէս և Ռոսարիօ կատարած իր առաջին այցելութեան աւարտին, ԱՐՄԵՆԻԱ զրուցեց Հայկազեան Համալսարանի տնօրէնին հետ իր բազմակողմանի հանդիպումներուն, հրապարակային ելոյթներուն և ակադեմական գործունէութեան, ինչպէս նաև ապագայի հեռանկարներուն մասին:
Ձեր առաջին այցելութիւնն է Արժանթին և Հայկազեան Համալսարանի համագործակցական առաջին նախաձեռնութիւնն է Հարաւ Ամերիկեան բարձրագոյն ուսման հիմնարկի մը հետ…
Համաշխարհայնացման ընդհանուր ենթահողին մէջ եւ ընդհանրապէս համալսարաններու միջազգայնացումի կենսական ուղղութիւններէն մղուած, Հայկազեան Համալսարանի վերջին տասը տարիներու ջանքերուն մէկ մասը եղան արտասահմանի համալսարաններէն ոմանց հետ յուշագիրներու, փոխ-այցելութիւններու կամ միացեալ ծրագիրներու կնքումն ու գործադրութիւնը: Այս իմաստով՛ նախապատուութիւնը տրուեցաւ Հայաստանի առաջատար համալսարաններու, եւ Միացեալ Նահանգներու կարգ մը liberal arts համալսարաններու: Վերջին շրջանին կապեր հաստատուեցան նաեւ Հունգարական Կաթողիկէ Համալսարանին հետ: Հայկազեան Համալսարանը արդէն 1970էն ի վեր մաս կը կազմէ Եւրոպական եւ Միջին Արեւելեան տարածաշրջաններու ամերիկեան համալսարաններու ցանցին AAICU: Գալով Արժանթինի պարագային, պարզ է որ լեզուական եւ աշխանրհագրական արգելքներ գոյութիւն ունին ուստի ծրագրին մէջ չկար յարաբերութիւններ մշակելը հոն: Ուստի պարզապէս մեր վերջերս հաստատած կապերը եւ ութօրեայ այցելութիւնը կը պարտինք Հայկազեան Համալսարանի շրջանաւարտ եւ ինծի անձնապէս համալսարանական դասընկեր Դոկտ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի Պէյրութ այցելութեան եւ առաջարկին որ Արժանթինեան կարգ մը համալսարաններու հետ մշակուին կապեր: Ուրեմն ինք ձեւով մը երկու կողմերու ակադեմական ծրագիրները ծանօթացուց իրարու եւ գործօն դեր խաղաց իմ այցելութեանս պատրաստութեանը եւ գործադրութեանը մէջ որուն համա կը մնամ շնորհակալ: Մեր ակնկալութիւնը այն էր որ մենք պիտի նախ ծանօթանանք Արժանթինեան համալսարանական համակարգին, հայ համայնքին, հայագիտական աշխատանքներուն, Ձեղասպանագիտական եւ քաղաքական մարզերուն եւ ակադեմական կեդրոններուն եւ դասախօսներուն: Այժմ մենք ունեցանք երկու ստորագրուած յուշագիրներ Ռոսարիօ քաղաքի UNR եւ UCEL համալսարաններուն հետ եւ վերեւ յիշուած մտքերուն գոնէ կարեւոր մէկ մաս մը իրականացած կը սեպենք:
Ռոսարիոյի համալսարանի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական օրակարգի զուգահեռ առիթը ունեցաք նաև հանդիպելու հայ համայնքէն այլ ակադեմականներու հետ: Ձեր ունեցած հանդիպումներու հիման վրայ համագործակցութեան ի՞նչ կարողականութիւն կայ, ի՞նչ մարզերում էջ և ի՞նչ ձևերով:
Իրապաշտ ըլլալով պէտք ըսենք որ համալսարանական համագործակցութեան ոլորտը պարզ չէ որովհետեւ կախեալ կ՛ըլլայ իւրաքանչիւր հաստատութեան եւ երկրի ծրագիրներէն, նախապատուութիւններէն եւ մարդկային, ակադեմական թէ նիւթական կարելիութիւններէն: Սակայն յստակ թուեցաւ ինծի թէ ցեղասպանագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, համաշխարհային քաղաքական գիտութիւններու, Միջին Արեւելքի վերաբերեալ հարցերու, եւ Լիբանանեան հարաւամերիկեան տարածականութեան բնագաւարներուն մէջ կան զանազան դրական հնարաւորութիւններ: Իսկ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի, միացեալ գիտաժողովներու եւ յաւելեալ այցելութիւններու միջոցով կարելի է այդ նիւթերը առաջ տանիլ:
Հայ Սփիւռքի իրականութեան մէջ Հայկազեան Համալսարանը միակ բարձրագոյն ուսման հիմնարկն է և որպէս այդպիսին՝ առանձին երևոյթ: Ի՞նչ եղած է անոր դերը ընդհանրապէս և ի՞նչ նոր աշխատանքային դաշտեր բացուած են Հայաստանի անկախութենէն յետոյ, ի մասնաւորի 21րդ դարուն հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման:
Հայկազեան Համալսարանը ծանօթ է շատերու իր 64 տարիերու հարուստ պատմութեամբը, նամանաւանդ կրթական ու ազգային մշակներու եւ մանկավարժներու զարգացումովը, գիտական եւ առեւտրական մարդուժի պատրաստութեամբը, հայագիտութեան զարգացումներովը, կրթական լուրջ մակարդակովը, Արաբական աշխարհին մէջ գործօն ու հայուն վայել դրական ներդումովը, մշակոյթներու եւ կրօններու համակեցութեան օրինակովը, յատկապէս հայ ուսանողին նիւթաբարոյական առատաձեռն նեցուկովը, եւայլն: Հոս անմիջապէս նշեմ որ այդպէս տպաւորուեցայ որ հարաւամերիկեան հայ աշխարհին մէջ Հայկազեան Համալսարան իրականութիւնը այդքան ալ ծանօթ չէր, ինչ որ իմ առաքելութիւնս կը դժուարացնէր մէկ կողմէն բայց միաժանական խիստ կարեւոր եւ խանդավառող կը դարձնէր:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք ստեղծուած հնարաւութիւններուն՛ պարտ է յիշել այն որ Հայկազեան Համալսարանը, 1990ականներու սկիզբէն, ուղղակի աջակցութեամբը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեանը, ձեռնարկեց հիւրընկալելու ուսանողներ Հայաստանէն, ըլլայ այդ դիւանագիտական պատրաստութեան նպատակով, թէ առաջադէմ երիտասարդներու բարձրագոյն ուսման հեռանկարով, եւ կամ 2004 թուականէն ետք ուղղակի գիտահետազոտական համագործակցութեամբը Երեւանի Պետական Համալսարանի, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի, Հայաստանի Պետական Կառավարման Ակադեմիայի, Նորավանք Հիմնարկի, Հայաստանի Ազգային Գրադարանի, Ցեղասպանութեան Հիմնարկի, Սփիւռքի Նախարարութեան, Մատենադարանի եւ այլ հաստատութիւններու հետ համագործակցաբար: Իսկ վերջին եօթը տարիներոն ընթացքին, Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի նախաձեռնութիւնով եւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի եւ զանազան հիմնարկներիու օժանդակութեամբը կարելի եղաւ մեծաթիւ հայրենի եւ օտար դասախօսներու այցելութիւններէն օգտուիլ եւ կազմակերպել տարեկան համաշխարհային գիտաժողովներ: Իսկ 2018ի Նոյեմբերին ամրապնդուեցաւ նաեւ մեր համագործակցութիւնը Արցախի Պետական Համալսաանին եւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ:
21րդ դարը ազատ հաղորդակցութեան ու համադրումի հնարաւորութիւններու հոյակապ առիթ ստեղծող դար է, եւ հայը պարտի այդ բոլորը օգտագործել հայկական ամբողջութեան ի նպաստ: Միաժամանակ այս դարը շփոթմունքի եւ ինքնութեան նոսրացման, եւ արժեչափերու յարաբերականացման դար է : Ուստի պարտինք յստակացնել բոլորս միասաբար եւ գիտական ու բոլորանուէր համագործակցութեամբ թէ մեր ուժերն ու մտքերը ինչպէս պէտք է սրին, եւ մեր հոգին, ըստ իս մեր դարաւոր քրիստոնէական հոգին, ուր պէտք է հանգչի ու մեզ բարեհնչիւն ու համերաշխ դարձնէ մենք իրարու հետ եւ ետքը այլոց հետ, բարեկամ թէ ոսոխ:
Այցելութեան օրակարգին էին նաև հրապարակային ելոյթներ և համայնքարին հանդիպումներ: Ի՞նչ առանձնայատկութիւն, դրական թէ ժխտական, Ձեր ուշադրութիւնը գրաւեց:
Ութ օրերու ընթացքին զիս խանդավառեց եւ հրապուրեց զիս ընդունողներու սէրն ու նուիրուածութիւնը: Տպաւորուեցայ Պուէնոս Այրէսի Արմենիա թաղամասին մէջ եւ անկէ փխած հայկական փեթակի անոյշ արդիւնքովը: CARIի մէջ զիս տպաւորեց քաղաքական գիտութեանց լրջութիւնը, Մարաշի Հայրենակցական Կեդրոնի հարազատութիւնը, IARAի միջոցով ստեղծուած կարեւոր համադրողական աշխատանքի ֆորումը, ՀԲԸՄի վարժարանի շաբաթական ընթրիքներուն օրինակելի նախաձեռնութիւնը, ՀՄԸՄի կարողութիւնը հայը, մեծ ու փոքր, դաստարակելու, մարզելու եւ խանդավառելու առաքելութեամբը, Րոսարիոյի յարաբերաբար փոքր գաղութին մեծ ներդումը հայկական նիւթերու մէջ, Պէնոս Այրէսի եւ Ռոսարիոյի Լիբանանեան եւ Սուրիական կազմակերպութիւններու գնահտանքը Հայկազեան Համալսարանի Լիբանանեան դերին, Հայ եկեղեցիներու շարունակուող հոգատար դերը, Հայ Դատի յանձնախումբին ազդու գոծունէութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան, մեր հայրենիքին եւ Արժանթինահայութեան վայելած բարձր վարկը:
Այ բոլորը չեն նշանակեր որ չ՛ապրեցայ նաեւ յուսախաբութիւններ: Մեծագոյն կորուստը եւ ոչ զարմանալին հայերէն լեզուի օգտագործման եւ ուսուցման չափազանց սահմանափակ ըլլալն է: Պատճառները կրնան գիտականօրէն հասկնալի ըլլալ: Սակայն պիտի մնան խոր ցաւ: Այս մարզին մէջ նկատեցի մեծ տարբերութիւնը հայկական վարժարաններ փոքրաթիւ յաճախողներու լաւ հայերէնն ու մեծաթիւ չյաճախողներու հայերէնի ընդհանրապէս անգիտութիւնը: Դասեր քաղեցի նաեւ Լիբանանի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու համար: Իւրաքանչիւր սփիւռքեան երկիր ունի հայուն համար յատուկ ազդեցութիւն, եւ կարեոր է բաղդատական կերպով եւ դրականութեամբ դասեր քաղել իրարմէ, միշտ յիշելով որ Հայաստանը պէտք է ըլլայ ներկայ մեր իրականութեան մէջ: Մինչ կան կարեւոր թիւով հայ նուիրեալներ եւ նուիրատուներ, տպաւորուեցայ թէ փոքր տոկոսի մը ուսերուն բերցուած է ներդրում կատարելը, ըլլայ այդ նիւթի, ժամանակի, կամաւոր աշխատանքի կամ այլ:
Համայնքային իրականութեան ո՞ր երեսն էր որ կը փափաքէիք ծանօթանալ և առիթը չեղաւ:
Այցելութիւնս բաւականին հագեցած եւ գոհացուցիչ սեպելով հանդերձ, պիտի փափաքէի որ Պուէնոս Այրէսի գաղութին հետ աւելի խոր հաղորդակցութիւն ունենայի, նամանաւանդ երիտասարդներուն եւ եկեղեցիներուն հետ:
Յաջորդի՞ն յուսանք…
Թէ պիտի կարենամ ծրագրել յաջորդող այցելութիւն մը թէ ոչ, տակաւին կանուխ է ճշդել: Սակայն յստակ է որ երբ այդ մէկը իրականանայ սիրով եւ ուրախութեամբ պիտի ըլլայ: Պիտի փափաքիմ նաեւ որ մեր Համալսարանի գործակիցներէն ոմանք ներգրաւուին մեր այս մշակած նոր յարաբերութիւններուն մէջ: