ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ Բացուած Է Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 140-ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողը
Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, 28 մայիսին հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական եւ քաղաքական նշանաւոր գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին:
ՀՅԴ-ի այս նախաձեռնութիւնը իրականացաւ համագործակցութեամբ Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի տնօրէնութեան հետ:
Ծրագիրը իրականացաւ ՀՅԴ Քանատայի կառոյցին հովանաւորութեամբ եւ Վարուժ Լափոյեանի (Թորոնթօ) մեկենասութեամբ:
Յուշարձանը տեղադրուած է զանգաշտարակին մօտակայքը: Յուշարձանի խորհրդանիշներն են` սուրը, արծիւները, յաւերժութեան նշանը: