2020ին Արցախը Հայաստանին կապող 3րդ ճանապարհը պիտի կառուցուի
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ 2020ին, մինչեւ 150 քիլոմեթր ճանապարհ կառուցել՝ Արցախը Հայաստանին կապող:
Ան ըսաւ, որ համապատասխան որոշումը արդէն տրուած է:
«Հարաւային ուղղութեամբ ճանապարհ՝ Կապանէն մինչեւ Հադրութ կը քննարկուի, եւ ես յոյս ունիմ, որ մինչեւ տարուան վերջը մենք պիտի ամփոփենք այս քննարկումները եւ արդէն պիտի ունենանք ճանապարհային քարտէս մը եւ իմանանք, թէ ինչպէս պիտի կառուցենք այդ ճանապարհը», ըսաւ Գրիգորեան՝ աւելցնելով, որ կը նախատեսուի ճանապարհը կառուցել կարճ ժամանակի մը մէջ, 2020ին, եւ կառուցման ֆինանսական միջոցները կան: