Նախարարի հրաժարականի պահանջը կը մնայ ուժի մէջ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ 22 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջող նախաձեռնող խումբի մամլոյ ասուլիսը:
«Առաւօտ»-էն Գոհար Յակոբեան կը գրէ, թէ 16-րդ օրն է, որ կը շարունակուի դաշնակցական երիտասարդներու նստացոյցը, եւ անոնք քնապարկերով կը շարունակեն գիշերել նախարարութեան շէնքին մօտ: Ջերմաստիճանը` -3: Քանի մը օր առաջ երիտասարդներուն բերած վառարանը ոստիկանութիւնը հեռացուցած է, քանի որ անոնք քաղաքապետարանէն յատուկ արտօնութիւն չունէին:
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան ըսաւ, որ բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան նեղացնելու իրենց պահանջը, իբր թէ անիկա կապուած է միայն համալսարանական ծրագիրներու, ֆինանսաւորումներու հետ, մինչդեռ, անոր համաձայն, իրենց պահանջը ձեւակերպուած է` հաշուի առնելով կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէկուկէս տարուան քաղաքականութիւնը եւ նախարարութեան այն գեղագիտական փոփոխութիւնները, որոնք վերածուած են հայագիտական նիւթերուն դէմ պայքարի` համալսարաններուն եւ դպրոցներուն մէջ: «Ինքզինք յեղափոխական հռչակած իշխանութիւնը քայլ չէ կատարած ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները լուծելու համար, չէ անդրադարձած խորքային խնդիրներու», ըսաւ Քրիստինէ Վարդանեան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ դպրոցին մէջ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկան հանելուն եւ իր ձեւակերպումով, նեղ խումբի մը ճաշակը սպասարկող միջոցառումներու ֆինանսաւորում յատկացնելուն:
ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գոռ Սարգսեան յիշեցուց, որ իրենց գործողութիւնները սկսած են 6 նոյեմբերին` արկղեր բերելով, որ նախարարը իրերը հաւաքէ, սակայն իրենց ցոյցին հետեւած է Արայիկ Յարութիւնեանի ֆէյսպուքեան գրառումը, որով, երիտասարդին համաձայն, նախարարը վիրաւորած է նախարարութեան դաշնակցական աշխատակիցները: «Նախարարին կարծիքով, ինքը միայն իր գաղափարակիցներու նախարարն է, իսկ մենք այդպէս չենք կարծեր», ըսաւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամը: Ապա ան յիշեցուց, որ 21 երկիրներու դաշնակցականներ անդրադարձած են նախարարի «ներսի» եւ «դուրսի» դաշնակցականներ արտայայտութեան: Անդրադարձաւ նաեւ նախարարի Պրիւքսելի մէջ կատարած այն յայտարարութեան, որ դաշնակցականներու իշխանութեան օրով տեղի ունեցած են մարտի 1-ը, հոկտեմբերի 27-ը: «Միայն այս փաստը կը վկայէ, որ պատմութեան առարկան պէտք է պարտադիր ըլլայ համալսարաններուն մէջ», նշեց ան:
Երիտասարդները կոչ ուղղեցին խորհրդարանական կուսակցութիւններուն երկրի թիւ 1 ամպիոնէն եւս անդրադառնալու կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան վարած քաղաքականութեան:
Քրիստինէ Վարդանեան ըսաւ, որ կ՛ուզեն, որ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հրապարակէ իր քաղաքականութիւնը եւ առաջնահերթութիւնները, որոնցմով կ՛առաջնորդուի, կը պահանջեն, որ հայագիտականի նիւթերը պարտադիր բաղադրիչով դասաւանդուին համալսարանական ծրագիրին մէջ, իսկ դպրոցէն չհանուի Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն նիւթը:
Երիտասարդները յայտնեցին, որ այս պահանջներուն շուրջ պատրաստ են հրապարակային քննարկում իրականացնելու նախարարին հետ, եւ երկուշաբթի օրուընէ այլեւս նստացոյցի կարիք չկայ: Ըսին նաեւ, որ կատարած են հրապարակային հանդիպման առաջարկ եւ կը սպասեն անոր իրականացման: Իսկ անոնց հետագայ քայլերը կախեալ պիտի ըլլան հանդիպման արդիւնքներէն: Դաշնակցական երիտասարդները յատուկ ընդգծեցին, որ նախարարի հրաժարականի պահանջը կը շարունակէ մնալ ուժի մէջ: