Հայ Դատը կը քննադատէ Ցեղասպանութեան բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատելու առաջարկին մերժումը

26 de noviembre de 2019

ՈՒԱ­ՇԻԿԹԸՆ.- Նո­յեմբեր 21ին, Թուրքիոյ ուրացման արշաւին ազդու կերպով հա­կա­դարձե­լու նպա­տա­կով, ծե­րա­կուտա­կաններ Ռա­պըրթ Մե­նենտեզ (Դ., Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզ (Հ., Թեքսաս) տպաւո­րիչ ե­լոյթներ ունե­ցան Ծե­րա­կոյտին բե­մէն, ա­ռա­ջարկե­լով միա­ձայնութեամբ հաստա­տել Հա­յոց Ցե­ղասպա­նութիւնը ճանչցող թիւ 150 բա­նա­ձեւը, սա­կայն, այս անգամ ծե­րա­կուտա­կան Տէյվի Փըրտու (Հ., Ճորճիա) կա­սե­ցուց բա­նա­ձեւը քուէարկութեան դնե­լու փորձը։
«Այս բա­նա­ձեւը կը յստա­կացնէ փաստ մը, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու բազմա­թիւ վարչա­կազմեր փորձած են ա­ղաւա­ղել: Այդ վարչա­կազմե­րը, թէ՛ հանրա­պե­տա­կան եւ թէ դե­մոկրատ, գլուխնե­րը աւա­զի մէջ պա­հած են, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ նոյնինքն Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու դիւա­նա­գէտներն էին, որ ա­կա­նա­տես ե­ղած են այս սարսա­փե­լի դէպքե­րուն», յայտնեց Մե­նենտեզ, բա­ժիններ կարդա­լով Օսմա­նեան կայսրութեան մօտ դեսպան Հենրի Մորկընթաուի եւ այլ դիւա­նա­գէտնե­րու վկա­յութիւննե­րէն։
Ան նաեւ շեշտեց, որ 28 երկիրներ արդէն կը ճանչնան Հա­յոց Ցե­ղասպա­նութիւնը, նե­րա­ռեալ՝ ՆԱ­ԹՕի անդամ 11 երկիրներ, ո­րոնցմէ ոչ մէ­կուն հետ Թուրքիոյ յա­րա­բե­րութիւննե­րը խզուած են այդ պատճա­ռով»:
Ա­ջակցութիւն յայտնե­լով Մե­նենտե­զի նա­խա­ձեռնութեան, ազդե­ցիկ հանրա­պե­տա­կան ծե­րա­կուտա­կան Քրուզ, որ անցեալ շա­բաթ նա­խա­գահ Թրամփին հետ հանդի­պում մը ունե­ցաւ Թուրքիոյ նա­խա­գա­հին հետ, ը­սաւ. «Մենք երբեք պէտք չէ լռենք վայրա­գութիւննե­րուն դէմ։ Աւե­լի քան 100 տա­րի ա­ռաջ աշխարհը լուռ մնաց, երբ հա­յե­րը հա­մա­կարգուած կերպով կը սպաննուէին: Մեր բա­րո­յա­կան պարտքն է ճանչնալ այն, ինչ որ պա­տա­հած է 1.5 մի­լիոն անմեղ զո­հե­րուն»: Ան շեշտեց, որ Ա­մե­րի­կա­յի պա­տիւ չէ բե­րեր լուռ մնալ նման ո­ճի­րի մը դէմ։
Սա­կայն, հանրա­պե­տա­կան Փըրտու շա­հա­գործեց ո­րեւէ քուէարկութիւն վե­թո­յի ենթարկե­լու ծե­րա­կուտա­կաննե­րու ի­րաւա­սութիւնը, կա­սե­ցուց քուէարկութիւնը, պնդե­լով, որ այս բա­նա­ձեւի քուէարկութիւնը կրնայ բա­ցա­սա­բար ազդել թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րութիւննե­րուն վրայ։
Յի­շեցնենք, որ անցեալ շա­բաթ Թրամփի այլ դաշնա­կից մը՝ Լինզի Կրե­հեմ վե­թօ դրած էր բա­նա­ձեւը բաց քուէարկութեան դնե­լու Մե­նենտե­զի ա­ռա­ջարկին վրայ, Թուրքիո­յի նա­խա­գա­հին հետ հանդի­պումէն ետք:
Նշենք նաեւ, որ Ներկա­յա­ցուցիչնե­րու տունը 405 կողմ, 11 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայնե­րով ընդունեց Հա­յոց Ցե­ղասպա­նութիւնը ճանչցող թիւ 296 բա­նա­ձեւը: