Վարչապետ Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հաւաքուածներուն ուղղեց շնորհաւորական խօսք մը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ներկայիս Հայաստան կը գտնուի աղքատութեան ամէնէն ցած մակարդակին վրայ, Հայաստանի մէջ միջազգային պահեստները հասած են աննախադէպ ծաւալներու` գերազանցելով 2,8 միլիառ տոլարը, իսկ 2019-ի պետական պիւտճէի հարկային եկամուտները գերակատարուած են աւելի քան 100 միլիառ դրամով: Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛իրականացնէ բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց միջոցով հազարաւոր ընտանիքներու կ՛աջակցի` աշխատանքով յաղթահարելու աղքատութիւնը եւ կառուցելու բարեկեցութիւն: Ըստ վարչապետին, մայիս 2018-էն սկսեալ ստեղծուած են շուրջ 84.000 նոր աշխատատեղեր եւ նուազած է անգործներուն թիւը:
“2020 թուականը պիտի դառնայ համազգային տրամադրութեան, ինքնավստահութեան ու հաւատի անհատականացման տարի: Նոր տարուան ընթացքին սեփական ուժերու եւ ապագայի նկատմամբ հաւատքով ու եռանդով պիտի համակուին նոյնիսկ թերահաւատները, եւ մենք իւրաքանչիւր քաղաքացիի պէտք է ուժ տանք, վստահութիւն, քաջալերանք, որ ինք կրնայ, ինք ունակ է, ինք ի վիճակի է ունենալու յաջողութիւններ` կրթութեան, ասպարէզին մէջ, ձեռներէցութեան, արդար, ստեղծագործ, գրագէտ աշխատանքով արդիւնք ստեղծելու, հարստանալու եւ սեփական երկիրը հարստացնելու գործին մէջ”:
Հայաստանի վարչապետը խոստացաւ, որ 2020-ը պիտի ըլլայ “թերահաւատներու յուսավառուելու եւ հաւատաւորներու թռիչքի տարի”