Համազգայինի Ուսանողական 21րդ Ֆորումը ծայր առաւ Երեւանի մէջ

22 de julio de 2015

hahamzkayinforum1Համազգայինի ուսանողական 21րդ հաւաքը՝ Ֆորումը, ծայր առաւ Երեւանի մէջ, Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015ի առաւօտեան՝ համախմբելով թիւով 35 երիտասարդներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Վրաստանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն եւ Աւստրալիայէն:

Բացումը կատարուեցաւ «Եւրոպա» պանդոկին մէջ. մասնակցողներու կողքին ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Հիմնարկի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն ընկերներ Սպարտակ Ղարաբաղցեան եւ Թամար Հաշօղլեան, դոկտ. Հրանդ Մարգարեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Գալստեան, ապա հերթականութեամբ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Սպարտակ Ղարաբաղցեան ու դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ Ֆորումի ընթացիկ տարուան վարիչներ Արա Բարսեղեան եւ Թամար Տօնապետեան:

Ճաշի սպասարկութենէն ետք, «Սփիւռքի Պատմութիւնը» խորագիրին նեքրեւ, Կարօ Յովհաննէսեան սեղմ վայրկեաններու մէջ լիամփոփ ձեւով ներկայացուց Սփիւռքի պատմութիւնը՝ առիթ տալով հարցումներու եւ զրոյցի: Դասախօսութենէն ետք, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Պատմութեան թանգարան, ուր առիթն ունեցան ամփոփ տեղեկութիւններ ստանալու Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն իրերուն մասին. հետաքրքրական էր մանաւանդ տեսնել վերջերս Արենիի մէջ յայտաբերուած հնագոյն կօշիկը, նաեւ պատմական արժէք ներկայացնող շատ այլ իրեր:

Շարունակելով, երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Սասունցի Դաւիթի արձանը, ապա՝ Մայր Հայաստանի յուշահամալիրը, ուր կը գտնուի Մայր Հայաստան քանդակը:
Գիշերը ընկերային ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ բարի գալուստի ընթրիքի սեղաններուն շուրջ. կենացներուն յաջորդեցին պարն ու երգը, որոնց մասնակցեցան բոլորը՝ առաջին օրէն իսկ տաղանդներ յայտնաբերելով:

Համազգայինի ուսանողական հաւաքի երկրորդ օրուան թեման հայ ճարտարապետութիւնն էր: Օրուան ընթացքին մասնակցողներուն ընկերացաւ հայ ճարտարապետութեան հանրայայտ մասնագէտներէն Սամուէլ Կարապետեանը: Սաղմոսավանքի շուրջ Կարապետեան բացատրութիւններ տուաւ տարածաշրջանին մասին, ինչպէս նաեւ Սաղմոսավանքը իբրեւ օրինակ բերելով՝ հայ ճարտարապետութեան զանազան ժամանակաշրջաններուն, խաչքարերուն եւ արձանագրութիւններուն մասին: Ապա դէպի Արագած պտոյտը մասնակցողներուն առջեւ պարզեց հայկական լեռնաշխարհի գեղեցկութիւնը. Արագած լերան լանջին, Քարէ լիճին շուրջ բնութեան մէջ ճաշելէ ետք, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Ամբերդ։ Միջնաբերդին շուրջ Սամուէլ Կարապետեան բացատրութիւններ փոխանցեց Ամբերդի կառուցման եւ տարածքը գտնուող եկեղեցիին մասին՝ ակնարկելով գաւիթի իւրայատկութեան:

Վերադարձին, Երեւանի հրապարակին շուրջ, ֆորումականները նշեցին Վարդավառը՝ մասնակցելով օրուան յատուկ ջրախաղերուն: «Saffron» ճաշարանին մէջ ընթրիքէ ետք, ընկերային մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: