Արցախի նախկին ղեկավարներու դատավարութիւնը պիտի վերսկսի 5 Փետրուարին

04 de febrero de 2026

Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական գործիչներու դատավարութիւնը պիտի վերսկսի 5 փետրուարին: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Պաքուի զինուորական դատարանէն ստացուած տեղեկութիւնը:

Արցախի երեք նախկին նախագահներուն եւ 2023 սեպտեմբերին գերեվարուած արցախցի միւս գործիչներուն դէմ յարուցուած քրէական գործով վերջին դատական նիստը տեղի ունեցած էր 26 դեկտեմբեր 2025-ին:

Այդ նիստէն ետք գործը քննող դատաւորը հեռացած էր խորհրդակցական սենեակ` դատավճիռ կայացնելու նպատակով: