Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ թեր քուէարկեց Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման բանաձեւին

06 de febrero de 2026

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, որով կը պահանջուի անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել Ազրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարները, եւ Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի` ճնշում գործադրելու ազրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող բոլոր հայ պատերազմական գերիներու ազատ արձակման համար:

Որոշումը որդեգրուեցաւ 183 թեր եւ ոչ մէկ դէմ քուէով:

Բանաձեւը համատեղ ներկայացուած էր Լորան Վոքիէն` Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով, եւ զայն համահեղինակած էին խումբ մը ֆրանսացի օրէնսդիրներ, որոնց շարքին էին Ալեքսանտրա Մարթենը, Պրիժիթ Քլինքերթը, Միշել Թապարոն, Փոլ Մոլաքը, Ժան Ֆրանսուա Փործարէոն, Էմանուել Մանտոնը, Իզապել Սանթիակոն եւ ուրիշներ:

Ֆրանսացի օրէնսդիրները շեշտեցին, որ հայ գերիներու շարունակուող դատավարութիւնները Ազրպէյճանի` «Հայաստանի գոյութիւնը ժխտելու համակարգուած քաղաքականութիւն վարելու» ցանկութեան մէկ մասը կը կազմեն:

Բանաձեւը կը նկարագրէ այս հոլովոյթը իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող այլ տարածքներու հայ բնակչութեան ոչնչացման, ինչպէս նաեւ հայկական պատմական, մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման ուղղուած քաղաքականութեան շարունակութիւն:

Բանաձեւը կը զգուշացնէ, որ հայ բանտարկեալներու շարունակական կալանքը եւ դատավարութիւնները երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ կրնան խաթարել 8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած միացեալ հռչակագիրի իրականացումը, որ պաշտօնապէս յայտարարեց տասնամեակներ տեւած տագնապի աւարտը: Անիկա կը նշէ, որ հռչակագիրը չ՛անդրադառնար հայ բանտարկեալներու ճակատագիրին:

Ընդգծելով Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, բանաձեւը կը վերահաստատէ աջակցութիւնը Արցախի հայ բնակչութեան, որ բռնի կերպով վտարուած է իր նախնիներու հողերէն:

"Ազդակ"