Ինչո՞ւ Փաշինեան դարձած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սիրելին

16 de febrero de 2026

Media reports on Pashinyan, Aliyev and Erdogan's meeting in PragueՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Օրէ օր Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը նեղցնեն օղակը Հայաստանի պարանոցի շուրջ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրհնութեամբ: Անոր ինքնահռչակ «Թրամփի ուղի»-ն (Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման) ասոր լաւագոյն ապացոյցն է: Թրամփը չէ հետաքրքրուած Հայաստանով կամ անոր շահերով։ Ան կը մտածէ միայն իր անձնական շահերուն մասին` յուսահատօրէն ձգտելով անարժան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակ: «Թրամփի ուղի»-ն պարզապէս այլ անուն է  Թուրանի ճամբուն, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը կապէ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական հանրապետութիւններու. վաղեմի փանթրքական երազանք մը, որ լուրջ սպառնալիք է Հայաստանի գոյութեան:

Որքան ալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պնդէ, որ ինք խաղաղութիւն բերած է Հայաստան, ինչպէս կը պնդէ, որ ժողովրդավարութիւն հաստատած է, իրականութիւնը կը մնայ այն, որ ոչ միայն խաղաղութիւն չկայ, այլ նաեւ նոյնիսկ անարժէք «Խաղաղութեան պայմանագիրը» ստորագրուած չէ:

Մտահոգիչ է, որ Հայաստանի ղեկավարը դարձած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սիրելին: Այս երկու երկիրները, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին, ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի այս յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Փաշինեան մնայ իշխանութեան ղեկին: Վերջին բանը, որ անոնք կ՛ուզեն, ընտրութիւնն է զայն փոխարինող հայ ազգայնականի մը, որը պիտի ջնջէ վերջին ութ տարիներուն իրենց բոլոր ձեռքբերումները: Ահա թէ ինչո՛ւ մնայուն կերպով կը լսենք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ անոր մօտիկներուն այն միտքը, թէ իրենք հարց չունին Փաշինեանին հետ, սակայն մեծապէս մտահոգ են «արմատական» սփիւռքով:

Այս տխուր իրավիճակի վերջին ապացոյցը «Եու Թիուպ»-ի վրայ տեղադրուած թրքերէն 8,5 վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթն է` «Անոնք թրքերէն կը դասաւանդեն (Հայաստանի) դպրոցներուն մէջ» խորագիրով: Տեսանիւթը, զոր պատրաստած է թուրք պլոկըր Էրենջան Ալկիւնը, վերջին 11 օրուան ընթացքին դիտուած է 86.562 անգամ եւ ունի 638 մեկնաբանութիւն:

Ալկիւնը, որ ունի մօտ 200 հազար հետեւորդ, յայտարարած է. «Ինչո՞ւ Հայաստան կը բարեկամանայ Թուրքիոյ հետ: Դպրոցներուն մէջ թրքերէն կը դասաւանդեն: Արդեօք Հայաստան աստիճանաբար կը ձերբազատի՞ Թուրքիոյ նկատմամբ իր թշնամանքէն: Եկէք՝ այս հարցին նայինք Փաշինեանին յայտարարութիւններուն ընդմէջէն: Նախորդ ամրան ան ըսաւ. «Մեր միակ տարբերակը Թուրքիոյ հետ հաշտուիլն է: Պատերազմի՞լ Թուրքիոյ նման երկրի մը դէմ: Անոնք չեն գիտեր՝ ինչի՛ մասին կը խօսին: Ատկէ զատ՝ «Թուրքիան եւ Հայաստանը իրարու համար սպառնալիք չեն: Մեր առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը խոչընդոտ չէ Թուրանի ճանապարհին համար: Եթէ ջրուղի կայ, բոլորս այդ ջուրէն կրնանք միասին խմել», յայտարարած է ան: Այս յայտարարութիւններէն կարճ ժամանակ ետք Թրամփը միջամտեց` վերանուանելով յայտնի «Զանգեզուրի միջանցք»-ը «Թրամփի միջանցք» եւ տրամադրելով Միացեալ Նահանգներուն 100-ամեայ վարձակալութեան իրաւունք տարածաշրջանին մէջ… Փաշինեանի խաղաղասիրական խօսքերը ինչպէ՞ս կ՛ազդեն հասարակութեան վրայ, եւ ինչպէ՞ս Հայաստան յառաջ կը տանի այս գործընթացը»:

Իրօք, Հայաստանի կրթութեան նախարարը յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ շուրջ 400 աւագ դպրոցներ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ատրպէյճաներէն եւ թրքերէն լեզուներու ուսուցման նկատմամբ: Սակայն նախարարը ընդունած է, որ այս լեզուներու որակեալ ուսուցիչներու պակաս կայ: Յաջորդ քայլը կրնայ ըլլալ հարիւրաւոր ատրպէյճանցի եւ թուրք ուսուցիչներու տեղափոխումը Հայաստան, ինչ որ կրնայ բարենպաստ միջավայր ստեղծել ապագայ լրտեսներուն համար: Ես աւելի քիչ կը մտահոգուէի, եթէ այս լեզուները դասաւանդուէին համալսարաններուն, եւ ոչ թէ աւագ դպրոցներուն մէջ:

Ալկիւնը կը շարունակէ. «Հայաստանի քաղաքական առանցքը սկսած է փոխուիլ, եւ անիկա ընտրած է համագործակցութեան ուղի թուրքերուն հետ… Հայաստանի մէջ «թուրք», «Թուրքիա» եւ «թրքական» բառերը տակաւին յուզականութիւն յառաջացնող բառեր են: Թրքերէնի առկայութիւնը՝ իբրեւ ընտրովի դասանիւթ Հայաստանի մէջ, տակաւին չի նշանակեր, որ երկու հասարակութիւնները իրարու կը մօտենան: Սակայն ասիկա նշան է, որ երկու երկիրները դադրած են զիրար անտեսելէ, եւ Փաշինեանի յայտարարութիւնները այս մէկը կը հաստատեն։

Մեկնաբանելով «Թրամփի ուղի»-ն, զոր ատրպէյճանցիները եւ թուրքերը կը կոչեն «միջանցք», Ալկիւն կը նշէ. «Զանգեզուրը ոչ միայն երթեւեկային հաղորդակցութեան ուղի է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, այլ նաեւ ռազմավարական գիծ է, որ կը կապէ Թուրքիան եւ Կեդրոնական Ասիան: Երբ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բացուի, մինչ այդ անջատուած թուացող թրքական պետութիւնները առաջին անգամն ըլլալով կը կապուին անխափան ցամաքային ճամբով: Ասիկա սոսկ խորհրդանշական միաւորում չէ: Այս ճամբով կրնան երկարիլ բնական կազի եւ նաւթի խողովակաշարեր: Պիտի տեղադրուին ֆայպըր օփթիք մանրաթելային համացանցի հաղորդալարեր: Պիտի ստեղծուի ուղղակի երկաթուղային հաղորդակցութիւն:

Պատկերացուցէք, որ մէկը Պոլիսէն առնէ պասը եւ ճամբորդէ Նախիջեւանով, Զանգեզուրով, Արցախով, Գանձակովեւ Պաքուով` մինչեւ Կասպից ծովու ափ: Հոնկէ ան նաւով կրնայ հասնիլ Ղազախստան, ապա պասով` Պիշքեք, կամ գուցէ՝ Ուրումչի (Չինաստան)… Ասիկա պարզապէս ճամբայ չէ: Ասիկա քաղաքակրթութիւններու վերամիաւորման պէս բան մըն է: Այս տեսլականը կը կոչուի նաեւ «Թուրանի ճամբայ», բայց քանի որ այդ եզրը կ՛անհանգստացնէ որոշ (հայ) շրջանակներ, դիւանագիտօրէն կ՛օգտագործուի «Միջին միջանցք» եզրոյթը: Իսկ ի՞նչ դեր պիտի ունենայ Հայաստանը այս գործընթացին մէջ: Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան կրնայ օգտուիլ այս միջանցքէն: Եթէ ան գործէ խելամտօրէն, անոր տնտեսութիւնը կրնայ վերակենդանանալ այս ճամբուն միջոցով, քանի որ հոսկէ անցնող իւրաքանչիւր բեռնատար փաստօրէն պիտի անցնի Հայաստանի սահմաններով: Պիտի բացուին եկամուտի նոր աղբիւրներ` գումակային (logistics) եկամուտներ, ծառայութիւններու ոլորտի շահոյթ եւ մաքսային վճարումներ, եւ նոյնիսկ կարելի է ներգրաւել նոր արտասահմանեան ներդրումներ»:

Այնուամենայնիւ, Ալկիւնը կը խոստովանի. «Անցեալի բեռը այնքա՛ն ծանր է, որ անոնք (հայերը) չեն կրնար յաղթահարել որոշ զգացումներ: Այսօր Հայաստանի քաղաքական հռետորաբանութիւնը տակաւին կը կեդրոնանայ Ցեղասպանութեան, Ղարաբաղի կորուստին եւ Թուրքիոյ` իբրեւ թշնամիի գաղափարին վրայ: Բնական է, որ այս հռետորաբանութեամբ մեծցած հասարակութեան համար միասնութեան ուղիին աջակցիլը դիւրին չթուի: Տեսնենք` ժամանակը ի՛նչ ցոյց պիտի տայ: Սպասենք եւ տեսնենք»:

Ալկիւնը եզրափակելով՝ կ՛ընդգծէ, որ «Թրամփի ուղի»-ն՝ «Օգտակար պիտի ըլլայ մեր երկրի (Թուրքիոյ) եւ Ատրպէյճանի համար: Իմ կարծիքովս, անիկա ոչ միայն երթեւեկային հաղորդակցութեան նշանակութիւն պիտի ունենայ, այլ նաեւ պիտի առաջնորդէ աշխարհաքաղաքական ընդլայնման: Ասիկա ձեռք կը բերէ ռազմավարական նշանակութիւն` թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ռազմական առումով: Եւ պէտք չէ մոռնալ, որ Ատրպէյճան այն վայրն է, ուր Թուրքիոյ զինուած ուժերը աշխուժ ներկայութիւն ունին: Եթէ այս միջանցքը բացուի, աւելի պիտի զօրանայ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն ազդեցութիւնը արեւելքի մէջ: Հետեւաբար, Թուրքիան այս բեմագրութեան մէջ առնացքային դեր կը խաղայ: Պէտք է պարզապէս գիտնալ՝ ինչպէ՛ս ճիշդ խաղալ մեր քարտերը»: