Լիբանան: Միջկուսակցական ժողովը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն.

«Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները երկուշաբթի, 9 մարտ 2026-ի երեկոյեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին ժողով մը։
Նորագոյն իրադարձութիւնները քննարկելէ ետք, ժողովականները դատապարտեցին միջազգային հանրութեան կեցուածքը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ գործադրուող ահաւոր ոճիրներուն նկատմամբ։ Անոնք նաեւ քննադատեցին այդ հանրութեան՝ Լիբանանի պետութիւնը եւ ժողովուրդը առանձին ձգելը՝ պատերազմի իսրայէլեան ցեղապաշտական մեքենային դէմ, որ կը քանդէ քարը եւ կը սպաննէ մարդիկը։
Ժողովականները խորազգած ցաւակցութիւն յայտնեցին յարձակումներու զոհերու հարազատներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն։
ժողովականները ծանօթացան այն միջոցառումներուն, որոնք կ´որդեգրուին իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն կողմէ՝ տեղահանուածներուն կարիքները հոգալու համար։ Անոնք կոչ ուղղեցին հայկական բարեսիրական միութիւններուն ներկայ պայմաններուն մէջ իրենց ճիգերը միաւորելու եւ ծրագրելու շարք մը նախազգուշական միջոցառումներ՝ ճգնաժամի սրութիւնը մեղմացնելու միտումով։
Ժողովականները քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ հեղինակութիւններուն յորդորեցին ներկայ պայմաններուն մէջ հանդարտեցնելու եւ նուազեցնելու ներքին կեանքին մէջ բանավէճերու սրութիւնը՝ խուսափելու բազմաթիւ հետեւանքներէ, որոնք կը բարդացնեն աղէտը, որուն պատճառ դարձաւ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը։
Միջկուսակցական ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց այն ճիգերուն, զորս ի գործ կը դնէ պաշտօնական Լիբանանը քաղաքական եւ դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ՝ դադրեցնելու համար Լիբանանի հողին, ժողովուրդին եւ գերիշխանութեան դէմ հետզհետէ աւելի սաստկացող յարձակողապաշտութիւնը։
Աստուած պահէ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը»։