Փարիզի մէջ պիտի կայանայ Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով

07 de abril de 2026

Ապրիլ 11-12-ին, Փարիզի մէջ պիտի կայանայ Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով մը, որուն նպատակն է դիմագրաւել վերջին տարիներուն հայութիւնը ցնցած աննախընթաց տագնապներն ու մարտահրաւէրները։

2018-էն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ հայկական ազգային շահերէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի թղթածրարներէն հրաժարումը (որուն հետեւանքը եղաւ Արցախի բռնի հայաթափումը), ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներն ու ազգային հաստատութիւններու դէմ յարձակումները աննախընթաց օրհասական վիճակ մը ստեղծած են ամբողջ հայկական աշխարհի համար։

Կայանալիք խորհրդաժողովին նպատակն է հաւաքաբար քննարկել ստեղծուած իրավիճակը եւ զօրաշարժի ենթարկել Սփիւռքը՝ կազմաւորելով միասնական ու նպատակաուղղուած կեցուածք՝ ի պաշտպանութիւն եւ հզօրացում Հայաստանի պետութեան, հայկական Սփիւռքին եւ ընդհանրապէս հայկական ազգային շահերուն ու Հայ Դատին։

Խորհրդաժողովը պիտի համախմբէ աւելի քան 25 երկրէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ՝ ներառեալ համայնքային առաջնորդներ, կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, գործարարներ եւ երիտասարդներ։

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովի համադրող կազմը պատրաստած է օրակարգ մը, որուն առանցքային կէտերն են․-