Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը Պոլսոյ մէջ մասնակցեցաւ Երիտասարդներու Միջազգային Ընկերվարականի Համագումարին

07 de abril de 2026

Մարտ 26–29-ինՙ Պոլսոյ  մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդներու Միջազգային  Ընկերվարականի (International Union of Socialist Youth) համագումարին։ Այս համագումարը կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ կը կայացնէ կարեւորագոյն որոշումներ, կը ճշդէ կազմակերպութեան քաղաքականութիւնը եւ կ’ընտրէ նոր ղեկավարութիւն։ Համագումարը հիւրընկալուած էր Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան կողմէ։

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը մասնակցեցաւ համագումարին հետեւեալ պատուիրակութեամբ՝ Սիւնէ Գէորգեան (Հայաստան), Տաթեւ Տէր-Մարտիրոսեան (Հայաստան) եւ Քրիստ Բրուտեան (Ֆրանսա)։ Համագումարի ընթացքին պատուիրակութիւնը բարձրաձայնեց շարք մը առանցքային հարցեր, որոնց մէջ՝ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու անՅապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջը եւ ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ հետապնդումները, ներառեալ Հ.Ե.Մ.-ի անդամներուն եւ անոր մայր կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչներուն դէմ։

Պատուիրակութիւնը նաեւ երկկողմ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպայի, Հարաւային Ամերիկայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։

Թուրքիոյ կառավարութեան ճնշումներուն հետեւանքով՝ մասնաւորաբար ընդդէմ Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ամենամեծ ընդդիմադիր ուժն է, անվտանգութեան միջոցառումներու պատրուակով ոստիկանութիւնը ներխուժեց համագումարի վայր եւ չթոյլատրեց քաղաքական քննարկում կամ բանավէճ։

Համագումարը ընդհատուեցաւ, եւ բոլոր բանաձեւերու ընդունումը յետաձգուեցաւ։ Կատարուեցան միայն ընտրութիւնները, որմէ ետք համագումարը փակուեցաւ՝ առանց որեւէ բանաձեւի ընդունման կամ բովանդակային քաղաքական քննարկումներու։

Այս միջազգային մեծ երիտասարդական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը միաւորէ աւելի քան 150 ընկերվարական, դեմոկրատական եւ աշխատաւորական երիտասարդական կազմակերպութիւններ՝ աւելի քան 110 երկիրներէ։