ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունիի աշխատանքային այցելութիւնը Մոսկուա

28 de abril de 2026

23-27 ապրիլ Ռուսիոյ հայերու միութեան հրաւէրով աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա կը գտնուէր Լիբանանի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:

Այցելութեան շրջագիծին մէջ Բագրատունի մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշաքարի պսակադրութեան արարողութեան, որմէ ետք իբրեւ յատուկ հիւր` բանախօսութեամբ եւ յատուկ ուղերձով հանդէս եկաւ Մոսկուայի «Փրեզիտենթ հոթել»-ին մէջ կազմակերպուած միջազգային համաժողովին, որուն կը մասնակցէին Ռուսիոյ Դաշնութեան պետական այրեր, գիտական, հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ:

Իր ելոյթին մէջ Բագրատունի նշեց.

«111 տարի ետք ալ պատմութիւնը կը կրկնուի Արցախի մէջ, Հայաստանի սահմաններուն եւ սփիւռքի մէջ, որովհետեւ ցեղասպան յանցագործը իր պատիժը չէ ստացած: Այսօր սփիւռքի եւ Հայաստանի պատմութեան վերջին հարիւրամեակին թերեւս ճակատագրական, անկիւնադարձային, ամէնէն վտանգաւոր փուլին դէմ յանդիման կանգնած է հայ ժողովուրդը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:

Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնները Արցախը ազրպէյճանական-թրքական դաշինքին յանձնեցին. անոնք միասնաբար կը շարունակեն համաթուրանական եւ նոր-օսմանական ծրագիրը Հայաստանի աշխարհատարածքին եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Այսօր նաեւ,  երբ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» ըսելէ ետք տեսանք, թէ ի՛նչ ճակատագիրի արժանացաւ Արցախը, երբ կը տեսնենք, որ ազրպէյճանական զօրքերը Մայր Հայաստանի տարածքը արդէն կը գրաւեն, եւ երբ կը տեսնենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնն ու անոր ներկայացուցիչները իրենց զիջողական քաղաքականութեամբ օրըստօրէ աւելի կը տանին Հայաստանը պարտութենէ պարտութիւն` ակամայ հարց կու տանք, թէ արդեօք ցեղասպան թուրքը չէ՞ սկսած իր ծրագիրը իրագործել եւ յաջողցնել»:

25 ապրիլին Յակոբ Բագրատունին հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Ռուսիոյ կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու, ուղեկից միութիւններու եւ Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներու հետ` փոխանցելով ՀՅԴ Բիւրոյի ուղերձը եւ ներկայացնելով այն առաջնահերթ ընելիքները, որոնց իրականացումը հայրենիքի եւ համայն հայութեան համար հրամայական է ներկայ օրհասական փուլին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համահայկական կազմակերպուած աշխատանքի խորացման, ազգային օրակարգի շուրջ համախմբման, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան կառոյցներու առաւել համակարգուած եւ նպատակային գործունէութեան հարցեր:

26 ապրիլին Հայ առաքելական եկեղեցական համալիրի «Տապան» թանգարանին մէջ ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ կայացաւ ընդլայնուած հանդիպում Յակոբ Բագրատունիի հետ, հանդիպումին մասնակցեցան համակիր շրջանակներու, Ռուսիոյ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ:

Հանդիպման ընթացքին Բագրատունի անդրադարձաւ հայկական սփիւռքի դերակատարութեան եւ մասնակցութեան ազգային շահերու պաշտպանութեան ուղղուած գործընթացներուն մէջ, ներկայացուց արտերկրի մէջ հայերու քաղաքական ներկայացուածութեան ներկայ ձեւաչափերը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքին մէջ սփիւռքի դերի ընդլայնման հեռանկարներուն մասին:

Առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող ճգնաժամերու ազդեցութիւնը շրջանի հայկական համայնքներուն վրայ: Քննարկուեցան այդ պայմաններուն մէջ հայկական կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս` ՀՅԴ կառոյցներու, Միջին Արեւելքի Հայ դատի մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու կողմէ իրականացուող աշխատանքներն ու անվտանգութեան ապահովման ուղղուած նախաձեռնութիւնները:

Հանդիպումը անցաւ հարցուպատասխանի ձեւաչափով, որուն ընթացքին մասնակիցները կարելիութիւն ունեցած բարձրացնելու սփիւռքի ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման, հայկական քաղաքական ներկայացուածութեան ընդլայնման, համահայկական օրակարգի շուրջ կազմակերպուած աշխատանքի խորացման, ինչպէս նաեւ ներկայիս շրջանային մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ համազգային դիմադրողականութեան ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր:

Յակոբ Բագրատունիի Մոսկուայի աշխատանքային այցելութիւնը վերածուեցաւ համահայկական օրակարգի առանցքային խնդիրներու շուրջ քաղաքական, կազմակերպչական եւ գաղափարական քննարկումներու կարեւոր հարթակի` վերահաստատելով ազգային համախմբման եւ սփիւռք-Հայաստան համակարգուած գործակցութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը:

26 ապրիլին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին Բագրատունի վերահաստատեց ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցի գործուն աջակցութիւնը Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, դատապարտելով Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն կողմէ եկեղեցւոյ եւ անոր առաջնորդներուն դէմ տարուող ապազգային, հակաքրիստոնէական պայքարը: Եզրաս սրբազանը ողջունեց Բագրատունիի ապրիլքսանչորսեան օրակարգով ամփոփուած այցելութիւնը Մոսկուա եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի հայութեան:

Compartir: